«Վիքթոր Հիւկօ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 48.
[[1814]]-[[1818]] Հիւկօ կ'ուսանի Լիւտովիկոս Մեծ վարժարանին մէջ։ 14 տարեկանին ան կը սկսի իր գրական գործունէութիւնը։ Կը գրէ իր չտպագրուած ողբերգութիւնները՝ «Athelie ou les scandinaves» եւ մօրը նուիրուած «Yrtatine» ողբերգութիւնները եւ «Louis de Castro» թատերախաղը։ 15 տարեկանին Ակադեմիայի մրցոյթին կ'արժանանայ պատուաւոր մեկնաբանութեան «Les avantages des études» բանաստեղծութեան համար, իսկ [[1819]] -ին «Jeux Floraux» մրցոյթին «Vierges de Verdun» եւ «Rétablissement de la statue de Henri III» բանաստեղծութիւններուն համար կը ստանայ երկու մրցանակ։
[[1822]] Հոկտեմբերին Հիւկօ կ'ամուսնանայ [[Ատել Ֆուսէ]]ի հետ ([[1803]] - [[1868]])։ Անոնք կ'ունենան հինգ զաւակ՝
* Լէոպոլտ (1823-1823)
* Լեոպոլտինա (1824-1843)
Տող 58.
[[1823]] -ին կը տպագրուի «Իսլանտացի Հանը» (Han d’Islande) վէպը։ [[Շառլ Նոտյէ]]ի հիմնաւորուած քննադատութիւնները հիմք հանդիսացան Հիւկոյի եւ Նոտյէի հետագայ ընկերութեան համար, որ շարունակուեցաւ մինչեւ 1827-1830 ։ Այս ժամանակահատուածին մէջ Հիւկօ կը վերսկսի իր յարաբերութիւնները հօրը հետ եւ կը գրէ «Գովք Հօրս» (Odes à mon père, 1823), «Երկու Կղզի» (1825) եւ «Պայքարէն Ետք» (Après la bataille) բանաստեղծութիւնները։ Հիւկոյի հայրը կը մահանայ [[1828]]-ին։
Հիւկոյի «ՔրոմուելՔրոմուէլ» (Cromwell) կտորը, որ գրուած է [[Ֆրանսական Յեղափոխութիւն|ֆրանսական յեղափոխութեան]] հռչակաւոր դերասան Ֆրանսուա-ժոզէֆ Տալմայի համար, տպագրուած է 1827 -ին։ Սակայն ստեղծագործութիւնը մեծ վէճեր կը յառաջացնէ: Թատերախաղին նախերգանքին մէջ հեղինակը կը հերքէ դասականութեան պայմանականութիւնները՝ յատկապէս տեղի եւ ժամանակի միասնութիւնը՝ ներմուծելով վիպական թատերախաղի նշոյլներ։
[[1829]]-ին լոյս կը տեսնեն «Մահուան Դատապարտուածի Վերջին Օրը» (Dernier Jour d’un condamné), իսկ 1834-ին «ՔլոտԿէօՔլոտ Կէօ» (Claude Gueux) ստեղծագործութիւնները։ Այս երկու կարճ վէպերուն մէջ ՀյիւկօՀիւկօ կը ներկայացնէ իր բացասական վերաբերմունքը [[Մահապատիժ (արեւմտահայերէն)|մահապատիժ]]<nowiki/>ի նկատմամբ։
 
«Փարիզի Աստուածամօր Տաճարը» վէպը տպագրուած է [[1831]]-ին։
 
== Հիւկոյի՝ թատրոնի նուիրած տարիները ==