«Վրացական Ոսկեդար» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Վրացական Ոսկէդար''' (վրաց.՝საქართველოს ოქროს ხანა), Վրաստան (արեւմտահայերէն)|Վրա...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

12:57, 16 Օգոստոս 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Վրացական Ոսկէդար (վրաց.՝საქართველოს ოქროს ხანა), Վրաստանը զարգացած միջնադարը 11-13 դարերուն[1]: Այս ժամանակաշրջանին Վրաստանը հասաւ իր ռազմաքաղաքական հզօրութեան գագաթնակէտին: Այն անմիջանականորէն կապուած էր Վրաստանը Թամար թագուհիի կառավարման հետ: Այս ժամաակաշրջանին Վրաստան վերելք ապրեցաւ արուեստը, ինչպէս նաեւ աշխարհիկ եւ հոգեւոր գրականութիւն: Վրացական ճարտարապետութիւնը ապրեցաւ:

Վրացական ոսկէդարը տեւեց աւելի քան երկու դար: Ոսկէդարի անկումը կապուած էր Վրաստանի քոչւորական ցեղերու՝ մոնկոլներու եւ սելճուքներու արշաւանքներու, ինչպէս նաեւ Սեւ մահի տարածքման հետ: Վրաստան առաւել թուլացաւ Կոսդանդուպոլիսի, ինչպէս նաեւ Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեան անկումէն յետոյ: Անով Վրաց թագաւորութիւնը զրկուեցաւ իր գլխաւոր ռազմաքաղաքական դաշնակիցէն: Արդիունք՝ 15 դարուն Վրաստան մասնատուաւ եւ շրջափակուելով իսլամադավան թիւրք-իրանցիներունկողմէն՝ մեկուսացաւ Քրիստոնեայ Եւրոպայէն:

Ոսկէդարը եղած է Վրաստանի պատմութեան ամենահարուստ ժամանակաշրջանը[2]: Այս ժամանակահատուածը Վրաց թագաւորութիւնը եղած է տարածաշրջանի հզօրագոյն պետութիւնը, որ մրցունակ էր Յունաստանի եւ Հին Հռոմի հետ:

Պատմութիւն

Սելճուքեան սուլթանութիւնը 11-րդ տարի արդէն լիովին թուլացած էր: Անոր կը նպաստէին 1095 թուականին սկսած խաչակրաց արշաւանքները, որոնց արդիւնքը Միջերկրական ծովու արեւելեան ափին կ'առաջնային Եդեսիայի ու Թրիփոլիի կոմսութիւնները, Անտիոքի դկսութիւնը եւ Երուսաղէմի թագաւորութիւնը: Օգտուելով արեւելքը ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրադրութիւնէն՝ Վրաստանի թագաւոր Դաւիթ Աղմաշենեբելին վերջնական հարուած հասցրեց Սելճուքեան սուլթանութեանը եւ մուսուլմաններէն ազատագրեց Թբիլիսի Քրիստոնէական կառավարութեան վերականգնումը կը համարուի վրացական ոսկէդարի սկիզբը:

Վրացակ Պետութեան Հզօրացումը

 
Դաւիթ IV Շինարար

12-րդ դարը եւ 13 դարու սկիզբը աւատատիրական Վրաստանի քաղաքական հզօրութեան ու տնտեսիւթեան ծաղկման շրջանէ[3]: Վրաստանի թագաւոր Դաւիթ IV-ը, ըլլալով բաւականին երիտասարդ, կը կարողանայ ամրապնդել կենդրոնական կառավարութիւնը՝ ստեղծելով հզօր եւ կանոնաւոր բանակ: Այս մեծ ձեռքբերումը վրացական պետութեան համար, քանի որ կանոնաւոր բանակը կրնար հզօր ուժ հանդիսանալ սելճուքներու դէմ մղւող ազատագրական պայքարի ժամանակ[4]: Կարեւոր նվաճում էր այն, որ Դաւիթ թագաւորը, կամ ինչպէս ժողովուրդը կ'անուանէր Դաւիթ Շինարարը, կարողացաւ վերակազմաւորել Վրաց ողղափառ եկեղեցին:

1103-1105 թուականներուն Դաւիթ թագաւորի ազատարար բանակի հետ գրաւեց Հերեթը, իսկ 1110-1118 թուականներու ընթացքին Ստորին Թարթլին ու պատմական Հայաստանի քանի մը գաւառներ: Արդիւնք՝ Թրիփսիլին[5] մնալով սելճուքներու ղեկաւարութեան տակ, շրջապատուեց բոլոր կողմերէն Վրաստանի թագաւորը նոր գրաուած տարածքները բնակցրեց ռուս եւ Եւրոպացի առեւտրականներով:

Վրացիներու հզօրացումը խոչընդոտ կը հանդիսանար սելճուքներու համար, եւ թրքական կառավարութիւնը եղաւ հակավրացական նոր ռազմագործողութեան վերսկսման: 1121 թուականի սելճուքները ներխուժեցին վրացական ազատագրուած հողեր, սակայն Դիդգորի ճակատամարտին լուրջ պարտութիւն կրեցին: Վրացական բանակը անցաւ յարձակման, եւ վերջապէս գրաւեցին Տփղիսը՝ այն դարձնելով իր ընդարձակ թագաւորութեան մայրաքաղաքը[6]: Շարունակելով իր յաղթանակ մարտերը՝ Դաւիթ 1124 թուականին իր պետութեանը միացրեց արեւմտեան Շիրուան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի հիւսիւսային հատուածը: Վրացի թագաւորը իր ընդարձակ պետութեան հետ կողք կողքի կը կռուէին նաեւ հայ զոնւորները: Երկիրը վերածուեցաւ հզօրագոյն տէրութեան: Դաւիթ Շինարարը մահացաւ 1125 թուականին[7]: Ան ստեղծեց պետութիւն մը, որ ադեցիկ դեր ունէր տարածաշրջանը եւ կը համարուի վրացի ժողովուրդի պատմութեան հզօրագոյն տէրութիւնը: Անոնք շարունակեցին հզօրացնել ու Ընդլայնել Վրաստանի տարածքները Հիւսիւսային Կովկասի լեռնային ժողովուրդներու զբաղեցրած տարածքներուն հաշուին:

Վրաստան իր Հզօրացութեան Գագաթնակէտին

 
Թամար թագուհի

Դաւիթ թագաւորի մահը սուգ եղաւ Վրացի ժողովուրդի վրայ: Անոր գործը շարունակեց իր աւագ որդին՝ Գեւորք: Ան որդեգրեց հօր վարած քաղաքականութիւնը, որ նպատակն էր սելճուքեան իշխանութիւններու թուլացումը եւ Վրաստանի դիրքերու ամրացումը: 1161 թուականին Գէւորքին վերջանականապէս կը գրաուի Անին, իսկ 1162 թուականին անձնատուր կ'ըլլայ Դուին քաղաքը, որ ավերլուած էր Վրաց-սելճուքեան ռազմական հակամարտութիւններու հետեւանքով[8]: 1167 թուականին Գէւորք III-ը յաղթած է Հիւսիւսային Կովկասի չեչենական եւ դաղստանեան ցեղերուն: Պայքարած է կեդրոնախոյս ուժերու դէմ, որոնք ապստամբած էին Իվանէ Օրբելիի ղեկաւարութեամբ եւ ամրացնել Լոռի քաղաք-ամրոցը: Անոնց յարած Սարգիս Զաքարեան եւ ուրիշներ ապաւինած էին Գէւորքին ողորմածութեանը: Ան ճնշած է ապստամբութիւնը, ոչնչացրած Օրբելիներու տոհմը, ասպարեցէն հեռացած է ապստամբութեան հետ առնչուած անձանձ եւ պաշտօններ տուած իրեն հաւատարիմ մարդկանց: Վախնալով թագաւորի ուժեղացումէն՝ վրաց հոգեւորականութիւնը պահանջած է վերականգնել եկեղեցիի արտօնութիւնները՝ այն ազատելով յարկերէն: Անախորժութիւններէն խուսափելու համար Գէւորքին զիջած է: Գեւորքին արու զաւակը չէ ունեցած եւ թագաւորութեան վերջին տարիներէն գահակից դարձրած է դստերը՝ Թամար:

Թամարի գահակալութեան տարիներուն Վրաստան կը հասնի իր կզօրութեան գագաթնակէտին: 1194-1204 թուականներուն Թամարի բանակը կարողացաւ դիմադրել հարաւէն ներխուժած թուրքերու յարձակումներէն՝ ներխուժելով Հարաւային Հայաստան: Վերջերնիս մեծ մասը չէր մտած Վրաց թագաւորութեան մէջ (Կարին, Երզնկա, Վան) եւ կը գտնուէր տեղի հայ իշխաններու ղեկաւարութեան տակ՝ տոհմական կալուածքներու կարգավիճակով:

Հայ-վրացական միացեալ բանակը կը կարողանայ ազատագրել Հայաստանը օտար տիրապետութիւնէն: Արքունի ընտանիքի հետ սերտ հարաբերութիւններ ունեցող հայ ազնուականներէն աչքի ընկնող սպարապէտ Սարգիս Զաքարեանի որդիները՝ Շաքարէն եւ Իվանէն, վրացական զորքերու գլուխ անցած, կը մտնեն Հայաստան: Զաքարեանները ուղղափառ հայեր էին, ովքեր յայտնի էին նաեւ «Մխարգձելի» (Երկայնաբազուկ) անուամբ: Նախկին Բագրատունիներուն թագաւորութեան գրեթէ բոլոր հիւսիւսային տիրույթները՝ Արարատ, Սիւնիք եւ Արցախ, քանի մը տարի ազատագրեցին սելճուքեան զորքերէն: Այնտեղ վերականգնեցին տեղացի իշխաններու իրաւունքները:

Դաւիթ թագաւորի ասպարեզ իջան նոր իշխանական տներ (Օրբելեաններ, Պռոշյաններ, Դոփեաններ, Հասան-Ծալալեաններ, Վաչուտեաններ եւ այլք): Ազատագրուած հայկական հողերը միաւորուեցին վարչական մէկ կառոյցի՝ Շաքարեան իշխանապետութեան կազմին: Հայաստանի հարաւը՝ Տուրուբերանը եւ Վասպուրականը հաստատուած ՇսհԱրմեններու ամիրայութիւնը ընդունեց Բագրատիոնիներու գերագահութիւնը2 սակայն անոնց տեղութեան մէջ չմտաւ:

 
Վրաստանն իր հզորութեան գագաթնակետին՝ Թամար թագուհի օրոք

1204 թուականին Վրաստանը ճանապարհ հարթեց դէպի Սեւ Ծովի հարաարելեւեան ափերը: Այս տարածաշրջանի բնակիչները հիմնականը Պոնտոսի յոյներն էին, ինչպէս նաեւ հայերով եւ լազերով: վրացական զորքը գրաւեց ծովափնայ քաղաքները՝ Տրապիզոն, Լիմնիան, Սամսունը, Սինոպը, Հիրասունտը, Կոտիորուն ու Հերակլեան: Ձեւաւորեց Տրապիզոնի կայսրութիւնը՝ Վրաստան դաստիարակուած Կոմնենոսներու տան ներկայացուցիչ Ալեքսեյի գլխաւորւթեամբ: Տրապիզոնի երկիրը կը գտնուէր Վրաստանի ազդեցութեան տակ:

1210 թուականին Զաքարէ Մխարգրձելին առաջարկեցին արշաւել դէպի Իրան[9]: Արշաւը յաջողութեան հասաւ. վրացիները գրաւեցին շարք մը քաղաքներ՝ Մարանդը, Թավրիզը, Միանեն, Զենջանն ու Ղազվինը: Վրացական զորքը հասաւ մինչեւ Ռոմ-Հուրա, որ կը գտնուէր Իրանի կեդրոնը, եւ հարուստ աւարով վերադարձաւ հայրենիք:

12-րդ դարուն հաստատուեցին տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններ ուղղափառ Կիեւեան Ռուսիոյ հետ. Կիեւ-Պեչորեան մայրավանքի գլխաւոր եկեղեցիի խքանկարի նախշազարդմանը կը մասնակցէին վրացի գեղանկարիչներ, ռուսերու ու վրացիներու նախարարական տներու միջեւ սկսան ամուսնական կապեր ստեղծուիլ: Եթէ մինչ այդ Բագրատունիները կապուած էր ալանաց ու աբխազաց արքայատոհմի, ինչպէս նաեւ Մամիկոնեաններու, Արծունիներու, Բագրատունիներու ու Զաքարեաններու, ապա վրաց ազնուականութիւնը բարեկամական կապեր հաստատեց ռուսական ուղղափառ ընտանիքի հետ: 1185 թուականին՝ գահակալութեան երկրորդ տարուան, վրաց թագոպհին ամուսնացաւ Վլատիմիր-Սուզդայի ինխան Անտրէյ Բոգոլյուբսկու որդու՝ Յուրիի հետ:

Երկրի քաղաքական հզօրութիւնը կը հիմնուէր զարգացած գիւղատնտեսութեան, առեւտուրի ու արհեստներու վրայ: Բարձր մակարդակի հասած էր մշակոյթը՝ փիլիսոփայութիւնը, պատմագրութիւնը, գրականութիւնը, արուեստը:

Մշակոյթ

Ոսկէդարի գրականութիւն և կերպարուեստ

 
Շոթա Ռուսթավելին կը ներկայացն է «Ընձենավորը» բանաստեղծութիւնը Թամար թագուհիի. հեղ.՝ Միքայէլ Զիչի, 1880 թ.

Ոսկէդարի շրջաննի գրականութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունեցած է վրացական գրականութեան հետագայ զարգացման գործին: Ոսկէդարի կը շրջի ստեղծագործել Շոթա Ռուսթավելին, որ եղած է վրացական քնարերգութեան հայրը: 12-րդ դարու Շոթա Ռուսավելին գրած է «Ընձենավորը» (վրաց. ვეფხისტყაოსანი) բանաստեղծութիւնը, որ վրաց ժողովրդի գրական ժառանգութեան մարգարիտը[10]: «Ընձենաւորը» Ռուսթավելին նուիրած է Թամար թագոպհիին ու անոր ամուսնինին՝ ալանաց արքայորդի Դաւիթ Սոսլանին: Թէեւ նկարագրւող դէպլերն ու իրադարձութիւնները տեղի տուած են Հնդաստան, Պարսկաստան նաեւ մօտ երկիրներուն, այնուամենայնիվ, հեղինակը ճշմարտացիորէն կ'արտացոլէ 12-րդ դարու Վրաստանի հասարական-քաղաքական իրադարձութիւնը: «Ընձենաւորը» աչքի կ'ընկնի բանաստեղծական խօսքի գունեղ պատկերներով ու համեմատութիւններով, բանահիւսական պատկերներով տարբերով, ասոյթներով, ռըթմով որոնք բանաստեղծութիւնը կը դարձուի աւելի գրաւիչ ու դիւրին ընթերցւող:

12-13-րդ դարուն ստեղծուած է «Ամիրան-Դարեջանիանի. դիւցազնավէպն ու Էթերիանի չափածո դիւցազնավէպը: Աշխարհիկ գրականութիւնը նշանաւորուած է Չախրախուձէի «Թամարիանի» եւ Շավթելու «Աթդիժուլմեսիանի» ներբողական երկերով: 11-րդ դարէն մեզի հասած է «Վախթանք Գորգասարի վարքը», Քարլիս Ցխովրեբա պատմագրական աշխատութիւնը: Իրավագիտութեան մէջ ուրույն տեղ գրաւած է Դաւիթ Շինարարի օրենագիրքը:

Ճարտարապետութեանը զուգընթաց կը զարգանար նաեւ կերպարուեստը: Գծանկարով ու ինքնատիպութեամբ աչքի կ'ընկուէին նկարիչնդէ Տեւթորէն (11-12-րդ դարեր) եւ Միքայէլ Մաղլակելին:

Ճարտարապետութիւն

 
Որմնանկար Աթենի Սիոն տաճարը

Ոսկէդարի ժամանակաշրջանին վրացական ճարտարապետութիւնը վերերլք կ'ապրէր: Կը ծաղկէին ճարտարապետութեան տարբեր ճիւղեր, Վրաց թագաւորւթեան տարբեր հատուածներ կը կառուցուէրին ճարտարապետական հոյակերտ տաճարներ եւ գլուխգործոցներ: Վրացական ճարտարապետուլեան գլուխգործոցներէն է Բագրատի տաճարը, որ կը գտնուի Քութայիտ քաղաքի տարածքին: Ներկայիս այն գրանցուած է Եունեսքօ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան օբյենկտրի ցանկը:

12-րդ դարու վրացական ճարտարապետութեան հոյակերտ շինութիւն է Գելաթի Սուրբ Աստուածածնի վանքը, որ հիմնդրուածէ 1106 թուականին՝ Դաւիթ Դ Շինարար թագաւորի կողմէն: Հետագային այս տաճառը դարձած է վրաց թագաւորի դամբարանատեղը: Համալիրը կը զարդաուի մանրանկարներով ու որմնանկրաներով եւ ապա կը դառնայ ուսումնական ու հոգեւոր խոշոր կեդրոն՝ ունի սեփական մատենադարանը: Այստեղ կը բացուի Գելաթի ակադեմիան՝ վրացական առաջին բարձրագոյն ուսումնական հարստութիւններէպ մէկը, որտէղ կ'ուսանէին փիլիսոփայութիւն, աստղագիտութիւն, գրականութիւն եւ ժամանակի այլ գիտութիւններ ու արուեստներ:

Ճարտարապետական ու քանդակագործական նոր լուծումներով կը հարստանայ Դաւիթ Գարեջայի վանքային համալիրը, որ հիմնադրուած է դեռ 6-7-րդ դարերուն, նոր շունչ կ'ըստանան Ջվարի վանքը, Աթենի Սիոնը եւ այլ կառոյցներ: 1122 թուականի Թբիլիսիի ազատագրումը նոր էջ կը բանայ վրաց թագաւորութեան համար: Դառնալով ամբողջ Կովկասի մայրաքաղաքը՝ Քրիսոտնէական Թփիլսիի կը զարդարուի նորանոր եկեղեցիներով, կ'ամրացուի քաղաքի միջնաբերդը՝ Նարիղալան: Թփիլսին խոշոր եկեղացական կեդրոն էր: Վրացական ամրոցներէն նշանւոր են Ածղուիրը, Բիրթվիսի, Գրեմի, Կեսելոյի բերդերը, ինչպէս նաեւ՝ Թմկաբերդը՝ Ջավախքը:

Տե՛ս նաեւ

Ծանօթագրութիւններ

  1. «საქართველოს ისტორია ბავშვებისათვის - თამარ მეფის ოქროს ხანა»։ children.dsl.ge։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  2. «საქართველოს ოქროს ხანა - ინგლისურად - ბიბლუსი»։ biblusi։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  3. «დავით IV აღმაშენებელი»։ www.buki.ge։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  4. «ოქროს ხანის ქართული კულტურა»։ Cultural Studies։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  5. «დავით IV აღმაშენებელი (1073-1125)»։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  6. «მეფე საქართველოსი - დავით IV აღმაშენებელი»։ kvirispalitra։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  7. «წმინდა მეფე დავით აღმაშენებელი (1089-1125)»։ georoyal.ge։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  8. «წმინდა მეფე თამარი (1184-1213)»։ georoyal.ge։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  9. «† orthodoxy.ge † წმინდანთა ცხოვრება - წმიდა კეთილმსახური მეფე თამარი (+1213)»։ www.orthodoxy.ge։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 
  10. «"ვეფხისტყაოსანი" გურულად»։ kvirispalitra։ արտագրուած է՝ 2017-02-07 

Կաղապար:Արտաքին հղումներ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։   

Կաղապար:Պորտալ Կաղապար:Օրվա հոդված նախագծի մասնակից Կատեգորիա:Վրաստանի պատմություն Կատեգորիա:Վրացական մշակույթ Կատեգորիա:Վրաց թագավորություն Կատեգորիա:Միջնադարյան Վրաստան