«Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան (1959)''' աւաղանի անունով Ներսէս, որդի Միքայէլի եւ Լիտիայի,...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

08:19, 10 Օգոստոս 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան (1959) աւաղանի անունով Ներսէս, որդի Միքայէլի եւ Լիտիայի, ծնած է քիլիսցի ծնողքէ, Հալէպ, 1959-ին:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Զաւարեան վարժարանէն, ուրկէ շրջանաւարտ եղածէ 1973-ին: Նիւթական դժուարութիւններու պատճառով չէ կրցած ուսումը շարունակել եւ մտած է ազատ ասնարէզ ու հետեւած է ելեկդրագործութեան:

Հանապազօրեայ աշխատանքին զուգահեռ, հետաքրքրուած է մարմնակրթական ու գաղափարական կեանքով: 1978-ին կանչուած է զինուորական ծառայութեան, որ տեւած է մինչեւ 1982:

1983-ին, իր մէջ փափաք կ'արթննայ եկեղեցական ձեռնադրուելու: Կը դիմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրխանքի տեսչութեան, որ սերտելէ ետք իր պարագան, կ'ընդունի զինք իբրեւ քահանայից դասարանի աշակերտ:

Ան կ'ընտրէ իր կեանքի ընկեր՝ Յարութիւննեան Գեւորգ ու Ատէլի դուստրը՝ Սօսին, որուն հետ կը մսակուի 29 Յուլիս 1985-ին, Հալէպի Ս. Քարասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Տէր Սահակ Ա. քհյն. Արապաթլեանի ու Հալէպի քահանայից դասուն մասնակցութեամբ եւ կ'ունենայ երկու զաւակներ՝ Քրիստափոր եւ Արազ:

Իր քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը տեղի կ'ունենան ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տէր Սուրէն Արք. Գաթարոյեանի ու խարտաւիլակութեամբ Տ. Զարմայր Ա. քհյն. Հինտոյեանի, Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ մէջ, 22 Սեպտեմբեր 1985-ին, վերակոչուելով Տ. Տաթեւ:

Տէր Հօր տարիներու փորձառութիւնը իր մէջ կը ձեւակերպէ ու կը զօրացնէ նախ ինքնախստահութիւնը ու ապա՝ վարչական կարողութիւնը: Այս պատճառով ալ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իրեն կը վստահի վարչական նօր պաշտօն մը: Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօն հրչակման 1700 ամեակի Բերիոյ Թեմի կեդրոնական յանձնախումբի ատենապետ: Այս պաշտօնը կը վարէ աւելի քան 3 տարի 1997-1999 եւ 2001:

Առ ի գնահատանք իր տարիներու բարւոք ծառայութեան, ան ստացած է Լանջախաչ կրելու իրաւունք 1992-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսէն: 2003-ին, սեւ Ծաղկեայ փիլոն գործածելու իրաւունք Արամ Ա. Կաթողիկոսէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Իսկ 2007-ին, նոյն Վեհափառեէն ստացած է Աւագութեան տիտղոս եւ պատիւՅուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. հատոր, Հալէպ, էջ 344-347։:

Ծանօթագրութիւններ