«Նազարէթ Տաղաւարեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ արևելահայերեն կատեգորիա → արեւմտահայերէն կատեգորիա oգտվելով ԱՎԲ
Չ փոխարինվեց: ` → ՝ (4) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 42.
Ծնած է 1862 թուականի Դեկտեմբեր 25-ին, Սեբաստիա քաղաքին մէջ, արհեստաւորի ընտանիքէ ներս։ 1869-1878 թուականներուն ուսանած է [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Կոստանդնուպոլսոյ]] Սկիւտար թաղամասի Ամենափրկչեան եւ Կալաթա թաղամասի ազգային վարժարաններուն մէջ։ 1878-1879 թուականներուն ուսանած է [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզ]]ի գործնական երկրագործութեան վարժարանին մէջ։ 1879-1881 թուականներու ուսանած է [[Ֆրանսա]]յի երկրագործական բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ եւ երկրագործութեան գիւղատնտես-ինժեների կոչում ստացած է։ 1881-1883 թուականներուն, յաճախած է նաեւ Ծառաբուծական եւ Այգեբանական վարժարաններ։ 1883 թուականին վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս եւ աշխատանքի անցած երկրագործութեան նախարարութեան մէջ եւ նպատակ ունեցած՝ եւրոպական նորագոյն մեթոտները ներդնել [[Օսմանեան կայսրութիւն|Օսմանեան կայսրութեան]] երկրագործութեան մէջ։ Կարճ ժամանակ անց թողած է պաշտոնը եւ Սեբաստիա վերադարձած։ Այստեղ եղած է Ազգային վարժարաններու տնօրէն, բարեկարգած ու բարեփոխումներ կատարած է ուսումնական ծրագիրերուն մէջ։ Ժողովուրդին՝ եւրոպական քաղաքակրթութեան, հաղորդակից դարձնելու նպատակով, չափահասներու լսարան ու կիրակնօրեայ կրթարան հիմնադրած է։ Հիմնած է իգական սեռի դաստիարակութեան հարցերով զբաղուող «Հայուհիներու ընկերութիւն» եւ այլն։
 
Սակայն Սեբաստիոյ մէջ ցուցաբերածան անոր աշխուժութիւնն ու բնական գիտութիւններ տարածելու ձգտումը յարուցած է տեղի պահպանողական իշխանութիւններու եւ հայ հոգեւորականներու անբարեհաճութիւնն ու թշնամանքը, որուն հետեւանքով կրկին վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս։ 1885-86 թուականներուն, եղած է Կոստանդնուպոլսոյ Արամեան վարժարանի տնօրէն եւ այն՝ կարճ ժամանակուան ընթացքին, օրինակելի կրթօճախ դարձրած է։ 1885-1887 թուականներուն, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ մասնակցած է հայերէն բնագիտական առաջին հանդէսին`հանդէսին՝ «Գիտական շարժումի» հիմնադրմանը եւ հրատարակմանը։ Եռանդուն կերպով աշխատակցած է Կոստանդնուպոլսոյ եւ Փարիզի հայկական ու ֆրանսական պարբերականներուն։ 1885 թուականին, բնագիտական յառաջադիմական հայացքներու համար Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքարանի Ազգային խառը ժողովի Կրօնական ժողովը զինք բանադրած է։ 1887 թուականին, խուսափելով հալածանքներէ, հրաժարած է մանկավարժական գործունէութենէն եւ մեկնած՝ [[Գահիրէ]], ապա`ապա՝ Ֆրանսա։ 1887-1893 թուականներուն ուսանած է Փարիզի համալսարանի բժշկական բաժնէն եւ, միաժամանակ, [[Սորպոնի համալսարան]]ի բնագիտական բաժնէն ներս։ Սակայն հիւանդութեան պատճառով ուսումն ընդհատած է եւ Սեբաստիա վերադարձած։ 1890 թուականին կրկին մեկնած է Փարիզ եւ ուսումը շարունակած։ 1891 թուականին աւարտած է Փարիզի համալսարանի բնագիտական բաժինը։ 1892 թուականին մասնագիտացած է Փարիզի Պաստիորի մանրէաբանութեան ուսումնարանին մէջ։ 1893 թուականին աւարտած է Փարիզի համալսարանի բժշկական բաժինը եւ բժշկագիտութեան դոկտորի կոչում ստացած է։ 1893 թուականին վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս եւ Բերա թաղամասին մէջ բացած է սեփական բուժարան։
 
[[1896]] թուականին Տաղաւարեան Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հայրենասիրական գործունէութեան համար ձերբակալուած ու բանտարկուած է։ Չորս ամիս ետք, ընդհանուր համաներման շնորհիւ ազատ արձակուած է։ 1897 թուականին Կոստանդնուպոլսի Բերա թաղամասի Ֆրանսական՝ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի օժանդակ բժիշկ նշանակուած է, միաժամանակ եղած է Բերայի ազգային վարժարաններու հոգաբարձու։ Դարձեալ բանտարկուած է [[1900]] թուականին եւ արձակուած՝ Ֆրանսայի դեսպանութեան միջնորդութեամբ։ Խուսափելով յետագայ հալածանքներէն՝ [[1905]] թուականին մեկնած է [[Եւրոպա]], անցած [[Եգիպտոս (արեւմտահայերէն)|Եգիպտոս]] եւ հաստատուած՝ [[Գահիրէ]], ուր սկսած է աշխատիլ որպէս բժիշկ, [[Մանկավարժութիւն|մանկավարժ]], մասնակցած [[Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն|Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան]] հիմնադրման։ [[1908]] թուականի [[Երիտթուրքական յեղափոխութիւն|երիտթուրքական յեղաշրջում]]էն ետք վերադարձած է Կոստանդնուպոլիս, ընտրուած՝ խորհրդարանի երեսփոխան (Սեբաստիայէն), զբաղած՝ [[հող]]ային հարցի նախագիծի մշակմամբ։ Տաղաաւարեան հասարակական եռանդուն գործունէութիւն ծաւալած է յատկապէս ազգային կեդրոնական վարչուեան մէջ (որուն քաղաքական ժողովի անդամ էր 1910-1912 թուականներուն) եւ Կոստանդնուպոլսոյ քաղաքապետարանին մէջ (1912-1913 թթ.)։ 1913 թուականին Կոստանդնուպոլսոյ քաղաքապետարանի ընդհանուր քննիչ նշանակուած է։ [[1914]] թուականին ՀԲԸՄ մասնաճիւղեր բանալու նպատակով այցելած է [[Կովկաս]]<ref>{{Գիրք։Մինասյան}}</ref>։
Տող 49.
1915 թուականի [[Ապրիլ 24]]-ին, ի թիւս Կոստանդնուպոլսոյ 600 ակնառու հայ մտաւորականներու, ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Կոստանդնուպոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ։
 
1915 թուականի [[Ապրիլ 25]]-ին, ի թիւս բազմաթիւ հայ մտաւորականներու, շոգեկառքով տեղափոխուած է Այաշի բանտ եւ մի քանի ամիս այնտեղ մնացած է։ Նազարէթ Տաղաւարեանն իր մասնագիտական տաղանդը գործադրած է նաեւ բանտէն ներս`ներս՝ բուժելով ու խնամելով հիւանդ ու վիրաւոր բանտարկեալները։ Կարճ ժամանակ բանտէն ներս մնալէ ետք, 13 այլ մտաւորականներու հետ, Այաշէն ուղարկուած է Տիգրանակերտ`Տիգրանակերտ՝ իբր Պատերազմական ատեանին ներկայանալու համար։ 1915 թուականի [[Յուլիս 21]] կամ 23-ին (կամ Սեպտեմբեր 15-ին), Տիգրանակերտ տեղափոխուելու ճամբուն վրայ աննկարագրելի չարչարանքներու ենթարկուելով, ի թիւս 13 հայ մտաւորականներու, գազանաբար սպանուած է Տիգրանակերտի ոճրագործ նահանգապետ՝ Ռեշիտի, ուղարկած չեթեներու հրոսակախումբին ձեռքով, գերմանացի զինուորականներուն աչքին առաջեւ։
 
== Գիտական գործունէութիւն ==