«Մկրտիչ Տարագճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 47.
Իսկ անոր յղացքները (որոնք երեսունէ աւելի են) գրաւականն են անոր հզօր երեւակայութեան եւ տաղանդին:
 
Անոր գլխաւոր կերպարը Մարդն է` Գլխագիր մարդը, տարօրինակ, երբեմն նոյնիսկ` արտակեդրոն միջավայրի մէջ, ուր տեղի կ՛ունենայ գոյատեւման պայքարն ու մարդու մարդկայնացման տագնապահար գործընթացը: Ան կ՛աշխատի մարդու մարմնի մասերու հանման սկզբունքով, որուն նախակարապետներէն են [[Օկիւստ ՌոտէննՌոտէն |Օկիւստ Ռոտէն]]ն ու [[Արշիլ Կորքի|Արշիլ Կորքի]]ն:<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/311713 Մկրտիչ Տարագճեանի Իւրայատուկ Ցուցահանդէսը]</ref>
 
Մեր օրերուն բազմաթիւ են այն կերպարուեստագէտները, որոնք ազատօրէն կը վարուին մարդու մարմինի հետ, սակայն քիչ են յաջողածները: Այդ քիչերէն կարելի է համարել Տարագճեանը եւս, որուն «Քրոսինկ տը ուոլ» ստեղծագործութիւնը այս առումով լաւագոյն օրինակը կրնայ հանդիսանալ: