«Մկրտիչ Տարագճեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 81.
== «Ընթերցողը» կերպարին մեծադիր արձանը ==
 
«Ռեճինալտ Տաուսըն գրադարան»-ի «Reginald J. P. Dawson Library» հիմնադրութեան 50-ամեակին առիթով, օժտուած քանդակագործ բժիշկ Մ. Տարագճեան [[Մոնրէալ]] քաղաքին կը նուիրէ պրոնզաձոյլ մեծ չափի հոյակապ գործ մը` «Ընթերցողը»: Ողջունելի յաւելում մը` քաղաքի հանրային արուեստի հաւաքածոյին, որ կը զարդարէ գրադարանի գլխաւոր մուտքը «Կրահամ պուլվար»-ի եւ «Քինտըրսլէ Աւենիւ»-ի անկիւնը:<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/351226 Մոնրէալաբնակ Արուեստագէտ Մկրտիչ Տարագճեանը Կը Հարստացնէ «Մոն Ռուայալ»-ի Հանրային Արուեստի Հաւաքածոն Իր «Ընթերցողը» Քանդակով]</ref>
 
Այս յատկանշական յուշարձանին բացումը տեղի ունեցաւ մայիս 26-ին, խուռներամ արուեստասէրներու ներկայութեան, որոնց շարքին` հեղինակաւոր դէմքերու, ինչպէս` ուժանիւթի նախարար Փիեռ Արքան, Քանատայի մէջ Հայաստանի լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Արմէն Եկանեան, քանատահայ թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան, քաղաքապետ` Ֆիլիփ Ռոյ, քաղաքապետութեան անդամ Յարութ Շիթիլեան եւ այլն: Սոյն ցուցասրահը անցեալ տարի ամրան ցուցադրած էր դոկտ. Տարագճեանի աւելի փոքր չափի գործերէն, որոնք դրուած էին իբրեւ մէկ մասը խիստ ժողովրդական եւ ժամանակից ցուցահանդէսի մը: Անոնցմէ մէկը` «Ի՞նչ նորութիւն» խորագրեալ քանդակը նախատիպը հանդիսացաւ այս կոթողին` «Ընթերցող»-ին, որ ունի 1,7 մեթր բարձրութիւն:<ref>[https://www.aztagdaily.com/archives/351226 Մոնրէալաբնակ Արուեստագէտ Մկրտիչ Տարագճեանը Կը Հարստացնէ «Մոն Ռուայալ»-ի Հանրային Արուեստի Հաւաքածոն Իր «Ընթերցողը» Քանդակով]</ref>