«Տենդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 16.
* Արեւահարութիւն եւ ջերմահարութիւն (heat stroke, thermal burn)
* Անյայտ պատճառներ
 
Տենդը ընդհանրապէս ժահրային եւ կամ ցպկային բորբոքումի մը ցուցանիշն է: Անոր զարգացման անմիջական պատճառն են ջերմածին (heat producing) նիւթերը, որոնք կու գան արտաքին եւ ներքին աղբիւրներէ: Արտաքին աղբիւրներն են՝ արտաքին շրջապատէն դէպի մեր մարմինը թափանցող ժահրերն ու ցպիկները. իսկ ներքին աղբիւրներն են՝ մարմնի որոշ հիւսկէններու բջիջները: Ջերմածին նիւթերը հասնելով ուղեղ՝ գործի կը մղեն անոր ջերմականոնաւորման (heat regulating) կեդրոնը, որ իր հրահանգներիվ կը կանոնաւորէ մարմնին ջերմաստիճանը երկու միջոցառումներով՝ ջերմառաջացումով (heat producing) եւ ջերմատուութեամբ (heat dissipation-loosing):
 
== Տեսակներ Եւ Հանգրուաններ ==
Տենդը կրնայ ըլլալ ժամանակաւոր եւ կամ մնայուն: Ժամանակաւոր տենդը կը պատահի օրուան որոշ մէկ ժամուն եւ որոշ տեւողութեամբ. մնայուն տենդը երկարատեւ է. ան կրնայ տեւել օրեր եւ կամ շաբաթներ:
Տենդը ջերմաստիճանի անբնական բարձրացումն է, որ կը յառաջանայ երեք ձեւով.
* Մարմնի ջերմառաջացումի մագլցում
* Մարմնի ջերմատուութեան դանդաղեցում
* Միատեղ մարմնի ջերմառաջացումի մագլցում եւ ջերմատուութեան դանդաղում
 
Տենդը կը զարգանայ երեք հանգրուաններով.
* Ջերմաստիճանի բարձրացման հանգրուան - Այս հանգրուանին տեղի կ'ունենայ ջերմառաջացում, որ հետեւանքն է մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակումի (metabolism) գործընթացին եւ ջերմատուութեան, որ իր կարգին հետեւանքն է մարմնի մակերեսի եւ ծայրամասերու զարկերու ընդլայնումին: Այս հանգրուանին ջերմառաջացումը կը գերակշռէ ջերմատուութիւնը:
* Բարձր ջերմաստիճանի պահպանման հանգրուան - Այս հանգրուանին կը սաստկանան ջերմառաջացումն ու ջերմատուութիւնըխ
* Ջերմաստիճանի նուազեցման հանգրուան - Այս հանգրուանին ջերմատուութիւնը կը գերազանցէ ջերմառաջացումը եւ տեղի կ'ունենայ առատ քրտինքի արտադրութիւն:
 
== Անդրադարձներ Մարմնին Վրայ ==
* Դրական անդրադարձ - Այս պարագային կ'աշխուժանայ մարմնի ընդհանուր նիւթափոխանակութիւնը, հակամարմիններու արտադրութիւնը, արեան շրջագայութիւնը եւ լեարդի աշխատանքը, ինչպէս նաեւ արեան ճերմակ գնդիկներու արտադրութիւնը:
* Բացասական անդրադարձ - Այս պարագային տեղի կ'ունենան կեդրոնական նեարդային (nervous system), սրտանօթային եւ ստամոքս-աղիքային համակարգերու գործունէութեան խանգարումներ, ինչպէս նաեւ սպիտակուցային (protein), ճարպային, ածխաջրատային (carbohydrate) նիւթափոխականութեան խանգարումներ: Մարմնի ջերմութեան մէկ աստիճան բարձրացումով, մարմինը կը կարօտի բնակարանէն 16 տոկոս աւելի թթուածինի: Այս յաւելեան թթուածինի պահանջը, յաւելեալ աշխատանքի կը մատնէ կեդրոնական նեարդային եւ սրտանօթային համակարգերու ու թոքերու գործունէութիւնը, որոնց ձախողութեան պարագային, ի յայտ կու գան մտահոգիչ եւ հիւանդագին երեւոյթներ:
 
== Ծանօթագրութիւն ==
[https://drive.google.com/file/d/1nqrGZs3KN378JcHWH1lDbaBQv3ACvYE6/view Բժիշկ Բ., էջ 171-174, Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Անթիլիաս, 2011]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Տենդ» էջէն