«Եղիա Տէմիրճիպաշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
նոր թարգմանություն oգտվելով ԱՎԲ
Չ մանր-մունր, փոխարինվեց: → (83)
Տող 7.
== Կենսագրութիւն ==
 
Ծնած է [[Պոլիս]]։ Նախնական կարթութիւնը կը ստանայ տեղւոյն դպրոցին մէջ, աշակերտելով ծանօթ գրագէտներու։ Մենակեաց պատանին՝ կը ջանայ իր հետաքրքրութիւնները գոհացնել անյագ ու անկանոն ընթերցումներով։ Առաջին ելոյթներէն իսկ կը նկատուի՝ մելամաղձոտ, յոռետես անհատականութիւնը։ Ուսնամ փափաքը եւ անկայուն նկարագիրը զինք կը մղեն լքելու պաշտօնեայի ասպարէզը, զոր մտած էր կարիքէ մղուած։ Մայրն ու ազգականները [[1974]]–ին, անձնասպանութեան մէկ փորձէն մտահոգ, զինք կը ղրկեն [[Ֆրանսիա|Ֆրանսա]]՝ Առեւտրական բարձրագոյն վարժարանին մէջ ուսանելու, բայց անոր փոխարէն կը հրատարակէ «Le Littaeraire et Financier de Marseille» շաբաթաթերթին մի քանի թիւերուն մէջ՝ [[Արևմուտք|Արեւմուտք]]ին հայութիւնը ներկայացնելու ձգտումով։ [[1976]]ին կը դառնայ Պոլիս։ Ուշադրութիւն կը գրաւէ մամուլի մէջ մտածողական-քրոնիկային յօդուածներով։ Կը գրէ ճոխ, բայց անկանոն աշխարհաբարով, գրաբարի տարրերով եւ նորարարական ձգտումներով նոյնքան հարուստ, յաճախ արուեստականութեան կնիքով։ Լոյս կ՛ընծայէ խորհրդածու գրութիւններու փոքր հատոր մը՝ «Փիլիսոփայական Բառարան» խորագրով։ Տարի մը ետք, [[1880]]–ին, կը սկսի կանոնաւորապէս աշխատակցիլ Կ․ Իւթիւճեանի «Մասիս»ին։ Նոյն ատեն՝ կրթական մշակ եղած է (ուսուցիչ, կարճ ատեն դպրոցի տնօրէն) եւ հանրային գործիչ՝ հակառակ հոգեմտաւոր անկայուն առողջութեան եւ թոքախտի նշաններուն։ 1880-[[1890]] տասնամեակը, փաստօրէն, Եղիայի գրական-հրապարակագրական արտադրութեան ամենաբեղուն շրջանն է։ Կը հրատարակէ «Երկրագունդ» եւ «Գրական Եւ Իմաստասիրական Շարժում» թերթերը։ Առաջինին կ՛աշխատակցին [[Գրիգոր Զօհրապ|Գ․ Զօհրապ]]ի պէս ծանօթ անուններ, մինչ երկրորդը ինք գրեթէ առաձին կը լեցնէ՝ զանազան ծածկանուններով։ Հոս լոյս կը տեսնէ մէկ
կարեւոր մասը իր քրոնիկային-գրական էջերուն, նաեւ քերթուածներուն, որոնց մէջ տասնեակ մը՝ զինք արժանի կը դարձնեն դասուելու Պէշիկթաշլեանի եւ [[Դուրյան Օհան|Դուրեանի]] քով։ Նոյն եւ հետեւող տարիներուն, կը հեղինակէ ֆրանսերէնէ հայերէն խնամեալ բառարան մը։ [[1890]]էն ետք, ընտանեկան կորուստները լրիւ կը խախտեն Եղիայի միտքը։ Անձնասպանութեան նոր փորձէ մը հազիւ կը փրկեն զինք։ [[1895]]Էն ետք, ալ անտուն ու մինակ, բախաը կ՛ունենայ ընդունուելու օտար կնոջմէ մը։ Եղիա ա՛լ կը կապուի անձնուէր այս կնոջ, գգալի բարելաւման պահերով, որոնց շնորհիւ նոյնիսկ կը ճամբորդէ [[Եվրոպա|Եւրոպա]]։ Բայց, Պոլսոյ կարօտով՝ արագ կը վերադաոնայ։ Վատթարացման շրջանի մը, կը մնայ հիւանդանոց։ Տիկնոջ քով դարձած՝ ի վերջոյ անձնասպան կ՛ըլլայ։ Թաղուած է [[Պոլիս]]։
 
=== Գործերէն՝ ===