«Եղիա Տէմիրճիպաշեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 12.
 
[[1876 (արեւմտահայերէն)|1876]]-ին կը դառնայ Պոլիս։ Ուշադրութիւն կը գրաւէ մամուլի մէջ մտածողական-քրոնիկային յօդուածներով։ Կը գրէ ճոխ, բայց անկանոն աշխարհաբարով, գրաբարի տարրերով եւ նորարարական ձգտումներով նոյնքան հարուստ, յաճախ արուեստականութեան կնիքով։ Լոյս կ՛ընծայէ խորհրդածու գրութիւններու փոքր հատոր մը՝ «Փիլիսոփայական Բառարան» խորագրով։ Տարի մը ետք, [[1880]]–ին, կը սկսի կանոնաւորապէս աշխատակցիլ [[Կարապետ Իւթիւճեան]]ի «Մասիս»ին։ Նոյն ատեն՝ կրթական մշակ եղած է (ուսուցիչ, կարճ ատեն դպրոցի տնօրէն) եւ հանրային գործիչ՝ հակառակ հոգեմտաւոր անկայուն առողջութեան եւ թոքախտի նշաններուն։
 
[[1876 (արեւմտահայերէն)|1876]]ին կը դառնայ Պոլիս. ուշադրութիւն կը գրաւէ մամուլի մէջ մտածողական-քրոնիկային յօդուածներով: Կը գրէ ճոխ բայց անկանոն աշխարհաբարով, գրաբարի տարրերով և նորարարական ձգտումներով նոյնքան հարուստ, յաճախ արուեստականութեան կնիքով: Լոյս կ'ընծայէ խորհրդածութիններու փոքր հատոր մը՝ «Փիլիսոփայական Բառարան» խորագրով...
 
[[1880 (արեւմտահայերէն)|1880]]-[[1890 (արեւմտահայերէն)|1890]] տասնամեակը, փաստօրէն, Եղիայի գրական-հրապարակագրական արտադրութեան ամենաբեղուն շրջանն է։ Կը հրատարակէ «Երկրագունդ» եւ «Գրական Եւ Իմաստասիրական Շարժում» թերթերը։ Առաջինին կ՛աշխատակցին [[Գրիգոր Զօհրապ|Գ․ Զօհրապ]]ի պէս ծանօթ անուններ, մինչ երկրորդը ինք գրեթէ առաձին կը լեցնէ՝ զանազան ծածկանուններով։ Հոս լոյս կը տեսնէ մէկ կարեւոր մասը իր [[քրոնիկ]]ային-գրական էջերուն, նաեւ քերթուածներուն, որոնց մէջ տասնեակ մը՝ զինք արժանի կը դարձնեն դասուելու Պէշիկթաշլեանի եւ [[Դուրեան Օհան|Դուրեանի]] քով։ Նոյն եւ հետեւող տարիներուն, կը հեղինակէ ֆրանսերէնէ հայերէն խնամեալ բառարան մը։