«Ռուբէն Տէր Մինասեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 41.
[[1905]]-ին աւելի փորձառու՝ Ռուբէն կը մեկնի [[Վան]], ուր Իշխանի հետ կը զբաղի Լեռնապարի շրջանի կազմակերպութեամբ։ Արամ կ՛անցնի Վան, իսկ Ռուբէն՝ Վարդան Շահպազի մօտ՝ լեռները, հոն սորվելու համար ֆետայական կեանքը։
 
Ռուբէնի յեղափոխական կեանքը կամաւոր նահատակութիւն էր, ան կը գործէ սուրբ գաղափարի համար, նախնտրեցնախընտրեց անցնիլ Սասուն ու Տարօն եւ իր մասնակցութիւնը բերել իր հարազատ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարին։ [[Տարօն]]ի մէջ ան նշանակուեցաւ յեղափոխական գործունէութեան ղեկավար։ [[Գէորգ Չաւուշ]]ի հետ անցնելով շրջանի մարտական ուժերու գլուխը՝ Ռուբէն վերակազմեց ֆետայական շարժումը, մասնակցեցաւ բազմաթիւ հերոսական կռիւներու, որոնց գլխաւորներէն էր Սուլուխի կռիւը, որու ընթացքին նահատակուեցաւ Սասնոյ արծիւ Գէորգ Չաւուշը։
 
[[1907]]-ի [[Մայիս 27]]-ին, Գէորգ Չաւուշ եւ Ռուբէն իրենց զինուորներով գաղտնի գործով հաւաքուած էին Սուլուխ։ Երկու ժամ անց գիւղը շրջապատուեցաւ թուրք զինուորներու կողմէ։ Սուլուխի կռիւը սկսաւ նոյն օրը եւ տեւեց մինչեւ [[Մայիս 28]]-ի առաւօտը։