«Արամ Տիգրան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 60.
Արամ Հայաստանի մէջ կը ծանօթանայ մեծատաղանդ երգիչներու՝ Կարապետ Խաչոյի, Սետա Շամտինի, Սուսկա Սամոյի եւ ուրիշներու ու կը գործակցի անոնց հետ Երեւանի ձայնասփիւռի քրտական բաժնին մէջ: Հոն կ’երգէ հայերէն կարօտի երգեր՝ դէպի Հայաստան, իսկ քրտերէն՝ «Եկայ-եկայ Երեւան, Հայաստանի կարօտով, ինչ շքեղ է, ինչ հրաշք է Հայաստանը»:
 
Արամ Տիգրան '''երկու տասնամեակ''' մը Հայաստան կը մնայ: Ի վերջոյ [[1990]]-ականներուն վերջնականապէս կը հաստատուի '''Եւրոպա''', ուր կը շարունակէ իր երթը մարդկային ու մշակութային բնագաւառներէն ներս:
 
Հայ ազգի զաւակներ՝ Շարլ Ազնաւուր եթէ ֆրանսացիներուն կուռքն է, Էնտի եւ Մայքըլ՝ Պարսիկ ժողովուրդին, եթէ հանգուցեալ երգչուհի Րուպա ալ-ժամալ (Հասմիկ) արաբներու եւ յատկապէս Սուրիոյ տաղանդաւոր արուեստագիտուհին է, եթէ երգչուհի Շեր Սարգիսեան (ԱՄՆ) աշխարհահռչակ կուռք է շատերուն համար, ապա Կարապետ Խաչոն եւ Արամ Տիգրանը քիւրտ ժողովուրդին կուռքն են: