«Եղիա Տնտեսեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Եղիա Տնտեսեան''' ծնած է 1834 Մարտ 29ին Պոլիսի Օրիթագիուղ թաղին մէջ և զաւակն է...»:
 
No edit summary
Տող 9.
Ազգային Սահմանադրութիւնը բովանդակ ազգին մէջ երկու հակահոսանքներ յառաջ բերած էր, խաւարեալներ ու լուսաւորեալներ:
 
Երիտասարդ ուժեր բնական բերունով պատկանելով այս վերջին հոսանքին կազմած էին անձնուեր ընկերութիւնը նպատակ ընտրելով իրենց ուսում ու կրթութիւն տարածել, ուսուցիչներ ղրկել գաւառները, լուսաւորել գաւառի մութ անկիւնները և այդ միջոցաւ տանիլ յաղթանակը ընդդէմ կաւարեալ հոսանքին: Սոյն ընկերութիւնը բացի վերոգրեալ յայտնի նպատակէն ունէր նաև գաղտնի հեռաւոր մպատակներ, այնպէս որ իրաւամբ այսօր կարելի ենք համարել զայն իբր Հայոց առաջին դաւադաւադրական ու յեղափոխական ընկերութիւնը: Այս ընկերութեան գործունեայ անդամներն էին Ալիքսան Խօրասանճեան(Ատենապետ) Գէորգ Զարդարեան, Եղիա Տնտեսեան, Յ.Գօլանճեան եւլն.:
 
Եղիա Տնտեսեան ընկերութեան ազնիւ նպատակներովը խանդավառուած յանձնառու կ'ըլլայ իբր ուսուցիչ մեկնելու ընկերութեան կողմէ դէպի Հաճըն 1862 Յուլիսին:
 
Իր նամակներէն մէկ քանիները որոնք իր զաւակւ Պրն.Լեւոն Տնտեսեան՝ ազնուութիւնը ունեցաւ մեր տրամադրութեան տակ դնելու, նոյնութեամբ կը հրատարակենք հոս: Այդ գրութիւնները կը նկարագրեն այդ կողմերու վիճակը նոյն թուականներուն: