«Եղիա Տնտեսեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 9.
Ազգային Սահմանադրութիւնը բովանդակ ազգին մէջ երկու հակահոսանքներ յառաջ բերած էր, խաւարեալներ ու լուսաւորեալներ:
 
Երիտասարդ ուժեր բնական բերունով պատկանելով այս վերջին հոսանքին կազմած էին անձնուեր ընկերութիւնը նպատակ ընտրելով իրենց ուսում ու կրթութիւն տարածել, ուսուցիչներ ղրկել գաւառները, լուսաւորել գաւառի մութ անկիւնները և այդ միջոցաւ տանիլ յաղթանակը ընդդէմ կաւարեալ հոսանքին: Սոյն ընկերութիւնը բացի վերոգրեալ յայտնի նպատակէն ունէր նաև գաղտնի հեռաւոր մպատակներ, այնպէս որ իրաւամբ այսօր կարելի ենք համարել զայն իբր Հայոց առաջին դաւադրական ու յեղափոխական ընկերութիւնը: Այս ընկերութեան գործունեայ անդամներն էին Ալիքսան Խօրասանճեան(Ատենապետ) [[Գէորգ Զարդարեան]], [[Եղիա Տնտեսեան]], [[Յ.Գօլանճեան]] եւլն.:
 
[[Եղիա Տնտեսեան]] ընկերութեան ազնիւ նպատակներովը խանդավառուած յանձնառու կ'ըլլայ իբր ուսուցիչ մեկնելու ընկերութեան կողմէ դէպի Հաճըն [[1862]] Յուլիսին:
 
Իր նամակներէն մէկ քանիները որոնք իր զաւակւ Պրն.Լեւոն Տնտեսեան՝ ազնուութիւնը ունեցաւ մեր տրամադրութեան տակ դնելու, նոյնութեամբ կը հրատարակենք հոս: Այդ գրութիւնները կը նկարագրեն այդ կողմերու վիճակը նոյն թուականներուն:
 
1862 Յուլիս 9.Իզմիր
 
Առ Արգոյ Յովհաննէս աղա Գօլանճեան,
Իմ սիրելի ընտանիք, և ազնիւ եղբարք ու բարեկամք:
Այս առագին անգանմ է որ նամակով պիտի տեսնըվինք մեր բացակայութեան առթիւ, գիտէնք, թէ որչափ ծանր է ասի իմ սրտիս. վասնզի բացակայութեան ատեն ինչպէս որ աւելի քաղցր է ինձ ձեր ազնիւ յիշատակը, հաւաստի եմ որ ձեզի ալ այնպէն է. ուստի այն նամակաւս պատիւ ունիմ ծանուցանելու ձեզ թէ կիրակի առաւօտ, Կէլի-Պօլու, Չանագգալէ և երեկոյին Միտիլլի կղզին հանդիպելով, երկուշաբթի առաւօտ ժամը ինն ու կէսին Զմիւռնիա հասանք, ամենայն ապահովութեամբ և հանգստութեամբ: Սիրելի եղբայր թէև մեղի համար ձեր աշխատութիւնը չափազանց եղած է, այլ վստահ ըլլալով ձեր աշխատությունը չափազանց եղած է, այլ վստահ ըլլալով ձեր ազնիւ սրտին, կը համարձակիմ կրկին ձանձրութիւն տալ ձեզ.վասնզի Սեր օրագրին բաժանորդագին 50 ղրուշ հատուցած ըլլալովս, մնացած 70 ղրուշն ալ յարմար առթիւ մը հատուցանել բարեհաճիք ու մնացած թիւերն ալ դուք ընդունիք,