«Կոստանդնուպոլսոյ Գրաւում (1204)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 24.
[[9 մայիս]]-ին նոր կայսր հռչակուեցաւ [[Բալդուին Ֆլարանդիացի]]ն, որմէ ետք [[Լատինական կայսրութիւն]]ը հիմնուեցաւ, որ իր ստորակայ ւպետութիւնները ունէր: Անոնք իտալական, ֆրանսական ու գերմանական ազնուականներու կողմէ կը ղեկավարուէին: Յունական ազնուականութիւնը չյանձնուեցաւ եւ կայսրութեան ծայրամասերուն մէջ պայքարը շարունակեց։
 
== Պատճառներ ==
{{Գլխաւոր Յօդուած|Չորրոդ Խաչակրաց Արշաւանք}}
Կոստանդնուպոլսոյ կործանման հիմնական պատճառը [[Բիւզանդական Կայսրութիւն|կայսրութեան]] սոցիալ-տնտեսական վիճակի հետ մնալն էր զարգացող արեւմտաեւրոպական պետութիւններու համեմատ։ Այն պարագային, երբ եւրոպական երկիրներու աշխոյժ կենցաղ կը բերէին գիտական նոր ձեռքբերումներ, բիւզանդական ազնուականութիւնը կը շարունակէր իր սեփական միջոցները ներդնել փոքր եկամտաբերութիւն ունեցող բարրձրարժէք անշարժ գոյքի մէջ, որուն պաշտպանութիւնը թրքական ցեղերու պարբերաբար ասպատակութիւններու պայմաններուն մէջ աւելի ու աւելի կը բարդանար։ 12-րդ դարուն յունական առեւտրական նոր դաս յայտնուեաւ, որ աւելի հիմնուած էր իտալական առեւտրական աւանդոյթներու վրայ, այդ դասը սերտօրէն իտալական տալասակրատիայի հետ կը գործակցէր, յոյս ունենալով, որ վերջիններուս օգնութեամբ կ՛րնայ իրավիճակը բարելաւուիլ։
 
Քաղաքի կործանման յաջորդ հիմնական պատճառը [[1187]]-ին կնքուած վենետիկա-բիւզանդական պայմանագիրն էր ըստ, որուն բիւզանդացիները ռազմական նաւատորմը կրճատեցին, յուսերնին իտալական «դաշնակիցներու» վրայ դնելով։ Քանի որ հենց վենետիկեան նաւերը [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Կոստանդնուպոլիս]] հասցուցին աւելի քան 30 հազարանոց խաչակրաց բանակը։ Քաղաքի գրաւումէն առաջ, քաղաքը 250-500 հազար բնակիչ ունէր եւ ժամանակի աշխարհի ամենամեծ քաղաքներէն մէկն էր։ Այնուամենայնիւ քաղաքի մեծ բնակչութիւնը խաչակիրներուն չխանգարեց, քանի որ երկրին մէջ արդէն երկար ժամանակ անմիաբանութիւն կը տիրէր պարբերաբար տեղի ունեցող գահակալական կռիւներու պատճառով։
 
== Իրադարձութիւններու ընթացքը ==