«Կուսակցութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 12.
Իւրաքանջիւր կուսակցութիւն կ'ունենայ նաեւ իր [[կանոնագիր]]ը, որ կազմակերպական կանոններու ամբողջութիւնն է: Կանոնագիրն է որ կը ճշդէ կուսակցութեան անդամներու պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները, ընդհանուր կերպով՝ գործելու եւ վաուելու եղանակը, անհատ անդամներո եւ անոնցմէ ընտրուած մարմիններու փոխ-հարաբերութիւնները, ժողովական կադգ-կանոնը եւայլն:
 
Անհատին մասնկացութիւնը կուսակցութեան մը չի կրնար ըլլալ պարտադիր, այլ միայն ինքնական: Գիտակցօրէն եւ ազատ ընտրութեամբ կատարուած ինքնական այդ մասնակցութիւնը, սակայն, եթէ անկեղծ է, կ'ենթադրէ ամբողջական [[engagement]] մը՝ որոշ մարզերու մէջ զոհելու իր անհատական եսը, զայն միաձուլելու համար յստակ առաջադրանքներով գործող կազմակերպութեան մը հաւաքական եսին հետ: Կուսակցութեան մը անդամներուն անհատական վարմունքի եւ գործելակերպի ազատութեան ինքնապարտադիր այդ սահմանափակումը՝ այդ կուսակցութեան ոյժն իսկ է:
 
Արդ, ուրեմն, կոսակցութեան մը անդամակցելու համար հարկ է ամէն բանէ առաջ անկեղծօրէն հաւատացող ըլլալ անոր նպատակներուն եւ առաջադրանքներուն,- այսինքն՝ իւրացնել այդ կուսակցութեան գաղափարական աշխարհը բանաձեւող ու մտածելակերպը տարազող ծրագիրը: Ապա նաեւ նոյնքան անհրաժեշտ է ճանչնալ եւ ընդունիլ անոր կազմակերպական կառոյցը պայմանաւորող կանոնները, անհատ անդամաներու, մարմիններու եւ ժողովներու փոխադարձ պարտաւորութիւններն ու իրաւասութիւնները,- մէկ խօսքով առաջնորդուիլ այդ կուսակցութեան կանոնագրով: Ասով իսկ՝ անհատը ընդունուած կ'ըլլայ կազմակերպութեան հաւաքական տրամադրութիւննեէրը- ժողովներու եւ մարմիններու որոշոմներով արտահայտուող—գերադասել իր անհատական տրամադրութիւններէ՝ հաուանական որեւէ հակադրութեան պարագային: Ան կը դարնա կուսակցութեան մարդ՝ բառին գաղափարական ( ծրագիր, մտածելակերպ) եւ կազմակերպական ( կանոնագիր, որոշումներու ենթակայութիւն) կրկնակ բովանդակութեամբ: