«Կուսակցութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ փոխարինվեց: չէն → չեն
Տող 2.
== Բացատրութիւն ==
'''Կուսակցութիւն''' մը կազմակերպուած ամբողջութիւնն է քաղաքական կամ ընկերային միեւնոյն ուղութիւնը եւ միեւնոյն առաջդրանքները ունեցող մարդոց։
Ազգային, քաղաքական թէ ընկերային-տնտեսական մեծ ծրագիրներ կարելի չէ իրականացնել իրարմէ անջատ եւ իրարմէ անկախ աշխատող անհատներու ցրուած ճիգերով։ Ահա թէ ինչո'ւ հիմնական միեւնոյն նպատակներն ու գործելակերպը բաժնող անհատները քով քովի կու գան, կը կազմակերուինկազմակերպուին, կը համադրեն իրենց ճիգերը, հնարաւորութիւններն ու միջոցները՝ միասնաբար հասնելու համար իրենց հաւաքական առաջադրանքներուն։ այս ձեւով է որ կը կազմուին կուսակցութիւնները։
 
Պարզ է, անշուշտ, մեկնակէտը կ'ըլլայ միշտ՝ որոշ իտէալ մը ունեցող գաղափարապաշտ ուժեղ անհատ մը կամ ընկերային-քաղաքական յստակ տեսլականի մը իրականացման ձգտող նուիրեալներու կորիզ մը, որոնք իրենց շունչով եւ հաւատքով կը վարակեն բազմութիւնները, անհատներու ամբողջիւթեան մը կուտան կազմակերպական կառոյց, իրագործելի հստակ առաջադրանքներ եւ, իրենց իսկ նուիրումով, օրինակ կը ծարայեն բոլորին։ Եթէ առաջադրանքը ժամանակաւոր է կամ հետապնդուած նպատակը ոչ հիմնական, կազմակերպութիւնը ժամանակի ընթացքին ինքնաբերաբար կը քայքայուի, մանաւանդ հիմնադիր կամ առաջնորդող անհատներու մահէն ետք։ Իսկ երբ նպատակները հիմնական են, ունին գաղափարական ուժեղ խարիսխ եւ համավարակ բնոյթ, կուսակցութիւնը կը գոյատեւէ եւ կը բարգաւաճի՝ նաեւ հիմնադիրներու մահէն շատ ետք։