«Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{խմբագրում եմ|[[Մասնակից:Betty Kilerjian|Betty Kilerjian]] ([[Մասնակցի քննարկում:Betty Kilerjian|քննարկում]])|2018-08-08 00:58:23}}
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Համազգային Մշակութային Միություն}}
Տող 70 ⟶ 69՝
* Այս հսկայական գործը գլուխ բերելու համար անհրաժեշտ էր երկու բան. նախ դպրոցական, գրական եւ գիտական աշխատաւորներու մեծ թիւ եւ ապա՝ նիւթական լայն միջոցներ: Նախքան արտասահմանի գրական-գիտական աշխատաւորները իր շուրջը համախմբելը, «Համազգային»-ը կը ջանար կազմակերպութեան իր ցանցերը ունենալ ամէն տեղ եւ նիւթապէս ապահովել իր գոյութիւնը:
* «Համազգային»-ի գաղափարները ժողովրդականացնելու համար [[Նիկոլ Աղբալեան (արեւմտահայերէն)|Նիկոլ Աղբալեանը]] 1928-ի ամրան մեկնեցաւ [[Սուրիա]] եւ [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]], ուր կատարեց «Համազգային»ի մասին հրապարակային բանախօսութիւններ եւ աւելի նեղ շրջանակի մէջ՝ մասնաւոր խորհրդակցութիւններ:
 
'''Ստեղծման նախապատմութիւն եւ գործունէութիւն'''
1920-ական թուականները կը զուգադիպին Հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթի քաղաքական ու մշակութային նշանակալից ժամանակներու հետ:
 
1915-1923-ականներուն [[Թրքական իշխանութիւն|Օսմանեան ու Թրքական իշխանութիւններու]] գործադրած [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|Հայոց Ցեղասպանութիւնը]], ինչպէս նաեւ 1920-ին [[Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւն|Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան]] անկումն ու անոր յաջորդող Խորհրդային իշխանութիւններու հալածանքները պատճառ դարձան հսկայական դիմադրութիւններու: Վերապրողները ցրուեցան աշխարհի չորս կողմերը: Հիմնական բնակավայրեր հանդիսացան Արեւելքի երկրները:
 
Նոր պայմանները պատճառ հանդիսացան յեղաշրջումներու, որ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ հայկական կենցաղի, բարոյականութեան եւ մտածողութեան վրայ: Հայը փոխած էր իր տեղը: Գիւղացին դարձած էր վաճառական, արհեստաւոր եւ արդիւնաբերող: Փոխուած էին նաեւ բարոյական ըմբռնումները. քաղաքին մէջ կրնայինք հանդիպիլ հազարաւոր թշնամիներու, որոնց դէմ պէտք էր պայքարել, պէտք էր յաղթել: Ստեղծուեցաւ բարոյական նոր ըմբռնում՝ յաջողութիւն ունենալ, տեղ գրաւել քաղքենիներու շարքին: Հայի հոգին քաղքենի դարձաւ. յաջողութիւն ունենալը կը հանդիսանար անոնց նպատակը, ինչ գնով ալ ըլլար: Բնական է, որ նման միջավայրի մէջ անաղարտ չէր կրնար մնալ գիւղացիի եւ պարզունակ հայու նկարագիրը:
 
Ահա այս տարագիր, ցիրուցան եղած հայութիւնն է, որ պէտք էր համախմբել եւ միասնականացնել: Բոլոր մասերուն անհրաժեշտ էր կապ ստեղծել: Պետք էր մշակել բոլոր այն միջոցները, որոնք կը նապաստէին հայութեան միացման ու հարատեւման: Կար նաեւ ուրիշ պահանջ՝ ստեղծել հայ մտաւորականութիւն: Մտաւորականութիւնն է հանրային գաղափարներ մշակողը, ազգութիւնը մէկ մտքի շուրջ հաւաքողը եւ հոգեւոր աշխարհի ղեկավարը: Թուրքը ծանր հարուած հասցուցած էր հայ մտաւորականութեան՝ գլխատելով այդ խաւը, որ կը մշակէր արժէքներ եւ կը հաւաքէր անոնց շուրջը:
 
Եւ դեռ, պէտք էր հանրային-մշակութային գործիչներ պատրաստել, տարագիր հայութեան ձեռքը գիրք տալ, գրի եւ դպրութեան միջոցով կենդանի պահել հայոց լեզուն դպրոցէն դուրս, ընտանիքներուն մէջ: Անհրաժեշտ էր հրատարակել մեր դասական գրականութիւնը, պէտք էր հայուն կապել իր անցեալին հետ, տէր դարձնել իր պատմութեան, դարաւոր ժառանգութեան եւ հարուստ մշակոյթին:
 
Դպրոց, լեզու, գիր, գաղափարական երիտասարդութիւն. ասոնք կը հանդիսանային այն գործօնները, որոնք անհրաժեշտ էին այդ պայքարի մէջ՝ հայը հայ պահելու համար:
 
Հայութեան եւ հայ մշակոյթի պահպանման եւ հաւերժացման այս հարցը կը դրուէին մասնաւորաբար արաբական երկիրներուն մէջ ապրող հայ ղեկավարութեան եւ մտաւորականութեան առջեւ: Հարցը այստեղ աւելի կենսական էր, որովհետեւ հայութեան մեծ զանգուածները կեդրոնացած էին եգիպտական, լիբանանեան եւ սուրիական քաղաքներուն մէջ, արդեօ՞ք անոնք կ՛ապրէին համախմբուած: Այս հայութիւնը կազմակերպուած էր իբրեւ եկեղեցական համայնք: Կային բազմաթիւ ազգային դպրոցներ, բայց չկար աւելի բարձր՝ միջնակարգ դպրոց, ուր ազգային դպրոց աւարտողները կրնային շարունակել իրենց կրթութիւնը: Անհրաժեշտ էր ճեմարան, որ ցանուցիր դառած հայութեան մէջ խաղար այն դերը, ինչ որ խաղցան Էջմիածնի Գեորգեան ճեմարանը եւ Պոլիսի Կեդրոնականը:
 
Մայիս 1928-էն մինչեւ 1929-ի վերջը «Համազգային»-ի համար եղած է նախապատրաստութեան, գաղափարներու արծարծման եւ ժողովրդականացման տարի: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ապահովեց նաեւ [[ՀՅԴ]]-ի աջակցութիւնը:
 
Համազգայինի հիմնադիրներու շարքին պատկանող՝ [[Գասպար Իփէկեան|Գասպար Իփէկեանի]] ներկայութիւնը անպայման ծնունդ պիտի տար թատերական շարժումի, այնպէս ինչպէս [[Լեւոն Շանթ|Լ. Շանթի]] եւ [[Նիկոլ Աղբալեան (արեւմտահայերէն)|Ն. Աղբալեանի]] ճիգերով կեանքի կոչուած էին Համազգայինի կրթական եւ հրատարակչական առաջին իրագործումները:
 
1931-ին Գ. Իփէկեանի մեծ յաջողութեան շնորհիւ առաջին անգամ բեմադրեց Լեւոն Շանթի «[[Օշին Պայլ]]»-ը, իսկ 1934-ին, նոյն յաջողութեամբ ներկայացուց իր հեղինակութեամբ «[[Արա եւ Շամիրամ]]»-ը:
 
1952-ին մահացաւ Գ. Իփէկեանը: Համազգայինի թատերասէրներու խումբը իր ղեկավարի յիշատակը յաւերժացնելու համար ՝ «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութիւնը» անուանեց «Համազգայինի Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ, որ մինչ այսօր կը շարունակուի կոչուիլ նոյն անունով:
 
Գ. Իփէկեանի արժանաւոր յաջորդը եղաւ [[Ժորժ Սարգսեան]]ը, ով շարունակեց գործել մեծ թափով, իբրեւ բեմադրիչ եւ դերասան-դերուսոյց:
 
Ամբողջ 30 տարի ԺորԺ Սարգիսեանը ամբողջական նուիրումով մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց ամէնուր: Իր օրօք եւ իր անձնական ճիգերով [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանանի]] հայ գաղութը օժտուեցաւ նաեւ սեփական թատերասրահով ՝ Յակոբ Տեր Մելքոնեան թատերասրահը՝ համանուն բարերարի նուիրատւութեամբ կառուցուած ու սարքաւորուած:
 
Ժորժ Սարգսեանի մահին ետք, աշխատանքը վստահուեցաւ [[Վարուժան Խտըշեան|Վարուժան Խտըշեանին]] եւ այնուհետեւ ուրիշներուն :
 
Յունուար 1962-ին [[ՀՅԴ Բիւրօ|ՀՅԴ Բիւրոյի]] նախաձեռնութեամբ, հրատարակուեցաւ [[Բագին (գրական հանդէս)|«Բագին» գրական-մշակութային հանդէսը]], որ 1990-ականներուն վերջերուն հանդիսացաւ Համազգայինի պաշտօնաթերթը:
 
2002-2003 թթ. կրթական տարեշրջանի աւարտին, Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկը շրջանաւարտներու թիւը բարձրացուց 146-ի:
 
1974-ին հիմնուած այս հիմնարկը, տարիներու ընթացքին մնայուն ճիգի մէջ եղաւ՝ ծառայելու իրեն ճշդուած առաքելութեան եւ պատրաստեց երիտասարդ մարդկանց, որ այսօր որպէս ուսուցիչ,խմբագիր կը գործեն, կը վարեն ազգային զանազան կառոյցներու թէ՛ տնօրէնի, թէ՛ գործավարի պաշտօններ Լիբանանի մէջ, թէ այլուր:
 
2005-ին, նիւթական դժուարութիւններու եւ թեկնածուներու սակաւութեան պատճառով Հիմնարկը դադարեց գործել:
 
Համազգայինի Մարսելի կրթական կեդրոնը կեանք առաւ 1980-ին դառնալով Կեդրոնական Վարչութիւն, իսկ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստն վարժարանը 1986-ին [[Սիտնի|Սիտնիի]] մէջ [[Աւստրալիա|Աւստրալիայի]] շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ:
 
Այլ աշխատանքներ, ընդգրկելով մշակոյթի այլազան մարզերը բաւականին մեծ զարգացում ապրեցան: Արդարեւ, 1960-ականներուն, սփիւռքահայ զանգուածներու տեղաշարժներու հետեւանքով, Համազգայինի մասնաճիւղեր սկսան առաջանալ Եւրոպայի, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու եւ Աւստրալիայի մէջ: Կրթական-մշակութային գործունէութիւնը վաղուց ծաւալուած էր նաեւ [[Պարսկաստան (արեւմտահայերէն)|Պարսկաստանի]] մէջ՝ Համազգայինի գործակից «Արարատ» եւ այլ կազմակերպութիւններու ջանքերով: Ժամանակի ընթացքին, նոյն երկրամասին մէջ գործող մասնաճիւղերը միասնաբար ստեղծեցին շրջանային կառոյցներ:
 
Օգոստոս 1990-ին՝ [[Աթէնք|Աթէնքի]] մէջ, գումարուեց Համազգայինի համասփիւռքեան Ա. Պատգամաւորական ժողովը, որտեղ որոշուեցաւ այդ միութեան ներկայիս անուանումը՝ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն, եւ առաջացաւ առաջին ընտրովի Կեդրոնական Վարչութիւնը:
 
[[Ծաղկաձոր (Արեւմտահայերէն)|Ծաղկաձորի]] մէջ, [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստան]], Սեպտեմբեր 1994-ին գումարուեցաւ Համազգայինի Բ. Պատգամաւորական ժողովը, իսկ Սեպտեմբեր 1998-ի, Մարտ 2002-ի եւ Ապրիլ 2006-ի տեղի ունեցան Գ., Դ. եւ Ե. Պատգամաւորական ժողովները, Լիբանանի Ատմա ու Այն Սաատէ շրջաններուն մէջ:
 
Համազգայինը կը գործէ երկու գրասենեակներով՝ [[Պէյրութ|Պէյրութի]] գրասենեակը (Կեդրոնական Վարչութեան նստավայր) եւ [[Երեւան|Երեւանի]] գրասենեակը:
 
== Կառուցուածք ==