«Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 5.
|անուանում= Համազգայինի Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւն
|բնօրինակ անուանում=
|պատկեր= Hamazkayin Logo.jpg
|քարտէզ=
|համառօտագրութիւն=
Տող 71.
 
'''Ստեղծման նախապատմութիւն եւ գործունէութիւն'''
 
1920-ական թուականները կը զուգադիպին Հայ ժողովուրդի պատմութեան հոլովոյթի քաղաքական ու մշակութային նշանակալից ժամանակներու հետ:
 
Տող 120 ⟶ 121՝
Համազգային Մշակութային Միութեան գերագոյն մարմինն է Կեդրոնական վարչութիւնը՝ կազմուած 11 անդամէ. կ՛ընտրուի պատգամաւորական ժողովով՝ 4 տարի ժամկէտով։ Կեդրոնական վարչութեան կից ստեղծուած են կրթական, տնտեսական, հրատարակչական, դասագիրքերու, շինարարական, ռատիօժամի յանձնախումբեր։ Կը գործեն շրջանային վարչութիւնները, որոնք կը կազմուին աշխարհագրական սկզբունքով. [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանանի]], [[Սուրիա|Սուրիոյ]], [[Յունաստան|Յունաստանի]], [[Կիպրոս (արեւմտահայերէն)|Կիպրոսի]], [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ|Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու]] (Արեւելեան եւ Արեւմտեան), [[Քանատա|Քանատայի]], [[Աւստրալիա|Աւստրալիոյ]], [[Ֆրանսա|Ֆրանսայի]], [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանի]], շուրջ 50 մասնաճիւղ։ Համազգային Մշակութային Միութեան միջոցները կը գոյանան նուիրատուութիւններէ եւ հանգանակութիւններէ, ունեցած կալուածքներու ու հաստատութիւններու հասոյթներէ։
 
=== Մասնաճիւղեր ===
== Ներդրում ==
 
==== Եգիպտոս ====
Այս գործի իրականացման գլուխ կանգնած էին Եգիպտոսի մէջ ապրող խումբ մը մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ, ինչպէս [[Լեւոն Շանթ|Լեւոն Շանթը]], [[Նիկոլ Աղբալեան (արեւմտահայերէն)|Նիկոլ Աղբալեանը]], [[Վահան Նաւասարդեան|Վահան Նաւասարդեանը]], Բժիշկ [[Համօ Օհանջանեան|Համօ Օհանջանեանը]], [[Գասպար Իփէկեան|Գասպար Իփէկեանը]], Ստեփան Եսայեանը, Մինաս Խաչատրեանը եւ ուրիշներ: Լեւոն Շանթը եւ Նիկոլ Աղբալեանը կը վարէին [[Ալեքսանտրիա|Ալեքսանտրիայի]] Պողոսեան վարժարանը: ԱԱնոնք ջերմ կողմնակից էին բարձր վարժարանի հիմնադրութեան եւ իրենց խնամքին յանձնած դպրոցը կը տանէին այդ ուղղութեամբ:
 
Լեւոն Շանթը կ՛առաջարկէր կազմել «Լոյս» անունով կրթական-մշակութային ընկերութիւն, որ պիտի պահէր միայն մէկ վարժարան կամ Լիբանանի, կամ Եգիպտոսի մէջ:
 
Լեւոն Շանթը Վահան Նաւասարդեանի հետ քննարկեց այս հարցը Նիկոլ Աղբալեանի հետ:
 
{{քաղվածք|Լաւ միտք է,ըսաւ ան, սակայն փողը. դրամը գաղափար չունի, իսկ գաղափարը՝ դրամ չունի. մեր մէջ ան, ով գաղափար ունի՝ դրամ չունի, իսկ ով գաղափար չունի՝ ան դրամ ունի: Այդ հազար ոսկին դուք ուրկէ՞ պիտի առնէք,ո՞վ ձեզ հազար ոսկի կու տայ:|}}
 
Վահան Նաւասարեանը Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի հետ հիմնական հարցի մասին համաձայնելով՝ Գահիրէի մէջ աշխատած են այդ ծրագիրը հասցնել Ստեփան Եսայեանին եւ Բժիշկ Համօ Օհանջանեանին. Երկուքն ալ փայլուն դէմքեր էին հասարակական կեանքին մէջ եւ մեծ հեղինակութեան տէր:
 
Լեւոն Շանթի առաջարկին առանց վարանելու հարած են թէ՛ Ստեփան Եսայեանը, թէ՛ Բժիշկ Համոյ Օհանջանեանը: Անոնց միացան նաեւ Գասպար Իփէկեանը: Անոնց համաձայնութիւնը վերցնելու համար Գահիրէ գացին Լեւոն Շանթը եւ Նիկոլ Աղբալեանը: Կատարեցին շարք մը խորհրդակցութիւններ: Ապա մասնակցեցան հիմնադիր ժողովին, բացի վերոյիշեալներէն նաեւ [[Յակոբ Պալգճեան|Յակոբ Պալգճեանը]], [[Սեդրակ Պալգճեան|Սեդրակ Պալգճեանը]], [[Գուրգէն Մխիթարեան|Գուրգէն Մխիթարեանը]] եւ [[Կարապետ Մալխասեան|Կարապետ Մալխասեանը]]:
 
Այս ժողովին երկու տարբեր տեսակէտներ հակադրուեցան իրար: Լեւոն Շանթը, որու միացած էր նաեւ Նիկոլ Աղբալեանը, կողմնակից էին սահմանափակ ծրագրով գործունէութեան: Անոնք կը բաւարարուէին մէկ միջնակարգ դպրոց պահելով, որովհետեւ յոյս չունէին աւելի ընդարձակ գործունէութիւն ծաւալելու մասին՝ նիւթական տագնապի պատճառով: Ընդհակառակը՝ Վահան Նաւասարդեանը, Բժիշկ Համօ Օհանջանեանը, Ստեփան Մալխասեանը կը պաշտպանէին աւելի ընդարձակ ծրագիր: Ընկերութիւնը իր գործունեութեան դաշտը պիտի դարձնէր ամբողջ սփիւռքը: Թող նախնական գործը ըլլար համեստ, միայն մէկ դպրոց, բայց պիտի ծաւալուէր եւ դառնար համազգային ընկերութիւն:Ժողովը ի վերջոյ ընդունեց երկրորդ տեսակէտը եւ նոր ընկերութեան անունն ալ կնքեց «Հայ Կրթական եւ Հրատարակչական Համազգային Ընկերութիւն»:
 
==== Պէյրութ ====
 
3 Մարտ 1930-ին իրականացաւ Համազգայինի երկրորդական վարժարանը բացելու ծրագիրը. [[Պէյրութ|Պէյրութի]] մէջ հիմնուեցաւ Հայ Ճեմարանը: Յետագային հաստատութիւնը ստացաւ Համազգայինի [[Նշան Փալանճեան Ճեմարան]] անունը, իր բարերարի յիշատակին, իսկ աւելի ուշ, Անթիլիասի իր համալիրը կոչուեցաւ նոր բարերարներու անունով՝ [[Համազգայինի Մելանքթօն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան]]:
 
«Համազգային» ընկերութեան գործունէութիւնը այնուհետեւ շարունակեց գլխաւորաբար կեդրոնացած Ճեմարանին մէջ եւ Պէյրութի մէջ այն պատճառով որ Լ. Շանթ, Ն. Աղբալեան, Գ. Իփէկեան հաստատուած էին Պէյրութի մէջ, ուր գաղութը իր հոծ հայութեամբ մշակութային գործունէութեան ընդարձակ հնարաւորութիւններ կը ներկայացնէր: Հետեւաբար, 1947-ին Համազգայինի կեդրոնը փոխադրուեցաւ Պէյրութ, եւ ընկերութիւնը լիբանանեան կառավարութեան կողմէ ճանչցուեցաւ իբր Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւն:
 
1941-ին, իբրեւ Համազգայինի Պէյրութի Վարչութեան նախագահ, նախաձեռնեց «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութիւն»-ը , որու նպատակն էր թատերական արուեստի վերահաստատումը եւ տարածումը հայ գաղութներուն մէջ: Միութիւնը նաեւ պիտի սերմանէր հաւատք՝ հայ թատրոնի դաստիարակիչ դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ ազգապահպանման գործին անոր բերած նպաստի հանդէպ: «Համազգայինի Թատերասէրներու Միութեան» անդրանիկ ներկայացումը՝ «Ընկած Բերդի Իշխանուհին» էր (1942), ապա՝ [[Բաբգէն Փափազեան|Բաբգէն Փափազեանի]] օժանդակութեամբ՝ «Պեպեքս»ը (1943), իսկ 1944-ին՝ Լ. Շանթի «Հին Աստուածները», 1945ին Լ. Շանթի «Կայսր»-ը…:
 
1931-ին, դարձեալ Պէյրութի մէջ, հաստատուեցաւ Համազգայինի տպարանը, որ յետագային կոչուեցաւ իր բարերարի ու գլխաւոր կազմակերպիչի անունով՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան: Տպարանի շնորհիւ զարկ տրուեցաւ հրատարակչական ու գրատարածման աշխատանքներուն: Համազգայինը Լիբանանի մէջ օժտուեցաւ նաեւ սեփական գրախանութով:
 
==== Լիբանան ====
 
Լիբանանի մէջ կայ 6 մասնաճիւղ: Կը գործէ [[ՀՅԴ]]-ի հովանաւորութեամբ: Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ 1985-էն Պուրճ Համուտի Նոր Ատանայ թաղամասին մէջ կը գործէ «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը, որ կ՛ընդգրկէ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադէմիան: 1941-էն կը գործէ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը: Ունի «Քնար» (1956-էն) եւ փոքրիկներու «Գայիանէ» պարախումբերը, «Գուսան», «Կարկաչ» երգչախումբերը, «Արեգ» մանկապատանեկան թատերախումբը: Կը ծաւալէ լայն հրատարակչական գործունէութիւն, կը տպագրէ հայերէն դպրոցական դասագիրքեր: Կը կազմակերպէ դասախօսութիւններ եւ այլ միջոցառումներ: Միաժամանակ Համազգայինի կեդրոնական վարչութիւնը Լիբանանի մէջ կը հովանաւորէ «Մելանքթօն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանը: «Համազգայինի» գրախանութը կը գտնու Պուրճ Համուտի Շաղզոյեան մշակութային կեդրոնին մէջ, որտեղ տեղակայուած են նաեւ «[[Ազդակ (օրաթերթ, արեւմտահայերէն)|Ազդակ]]», «[[Բագին (գրական հանդէս)|Բագին]]» պարբերականներու խմբագրութիւնները, ՀՅԴ Հայ դատի գրասենեակը, ՀՄԸՄ որոշ վարչական գրասենեակներ, «Վանայ ձայն» ռատիօկայանը եւ այլն: Լիբանանի մշակութային կեանքին մէջ իրենց յատուկ տեղը ունին Համազգային, Թեքէեան մշակութային միութիւնները, Լիբանանահայ գրական շրջանակը եւ այլ խմբակներ:
 
1970-ականներուն, Լիբանանի հայկական զանազան կեդրոններու մէջ զգացուեցաւ հայոց լեզուի, գրականութեան եւ [[Հայոց Պատմութիւն|հայոց պատմութեան]] մասնագէտ ուսուցիչներու պահանջը: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը ձեռնարկեց համալսարանական մակարդակով հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկի ստեղծման նախապատրաստական աշխատանքներ: Կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ , բաղկացած՝ [[Գարեգին եպս. Սարգիսեան|Գարեգին եպս. Սարգիսեանէն]] (յետագային Մեծի Տան Կիլիկիոյ, ապա՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս), [[Վահէ Սէթեան|Վահէ Սէթեանէն]], [[Հրաչ Տասնապետեան|Հրաչ Տասնապետեանէն]], [[Շաւարշ Թորիկեան|Շաւարշ Թորիկեանէն]], [[Վահէ Օշական|Վահէ Օշականէն]] եւ [[Երուանդ Փամպուքեան|Երուանդ Փամպուքեանէն]]:
 
Վերոյիշեալ յանձնախումբի պատրաստած կրթական ծրագիրը ծառայեց Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի դասաւանդութիւններուն, որոնք սկսան 1974ին, 15 ուսանող-ուսանողուհիներով:
 
Մեծ յոյսերով սկսած գործը ընդհատուեցաւ [[Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմ|Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի]] անապահովութեան պատճառով:
 
1979-ին վերակազմուեցաւ հիմնարկի առաջին դասարանը նոր ուսանողներով: 1983-ին հիմնարկը տուաւ 21 շրջանաւարտներ, որոնք ամբողջացուցին հիմնարկի քառամեայ ընթացքն ու ծրագիրը:
 
Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, 1995-ին Լիբանանի մէջ սկսաւ ամառնային Ուսանողական մշակութային հաւաքը, որ 2002-ին շարունակուեցաւ տեղի ունենալ [[Հայաստան (արեւմտահայերէն)|Հայաստանի]] մէջ:
 
==== Ֆրանսա ====
Նոյն նպատակով Լեւոն Շանթը մեկնեցաւ [[Ֆրանսա]]: Յանձնարարուած էր տեսակցիլ [[Փարիզ (արեւմտահայերէն)|Փարիզի]] մտաւորականութեան եւ մտածել Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, մասնաւորապէս Ֆրանսայի մէջ, «Համազգային»-ի մասնաճիւղեր ստեղծելու մասին:
 
=== Կրթութիւն եւ տպագրութիւն ===
 
Նպատակները իրագործելու համար Համազգային Մշակութային Միութիւնը առաջին հերթին՝ 1930-ին Պէյրութի մէջ բացածլ է Հայ ճեմարանը (1948-էն՝ [[Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան]]), 1931-ին՝ [[«Յոյս» տպարան|«Յոյս» տպարանը]] (1967-էն՝ [[Համազգայինի Վահէ Սեթեան տպարան]])։ 1980-ին հիմնադրուած է Մարսելի կրթական կեդրոնը (մանկապարտէզով, նախակրթարանով, միջնակարգով եւ երկրորդականով), 1986-ին [[Սիտնի|Սիտնիի]] մէջ ([[Աւստրալիա]])՝ [[Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլըստըն (Գալստեան) երկրորդական վարժարան|Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլըստըն (Գալստեան) երկրորդական վարժարանը]]։ Այս ամէնօրեայ վարժարաններէն բացի Համազգային Մշակութային Միութեան մասնաճիւղերը կը պահեն նաեւ մէկօրեայ դպրոցներ։
Նպատակները իրագործելու համար Համազգային Մշակութային Միութիւնը առաջին հերթին՝ 1930-ին Պէյրութի մէջ բացած է Հայ ճեմարանը (1948-էն՝ Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան), 1931-ին՝ «Յոյս» տպարանը (1967-էն՝ Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան)։ 1980-ին հիմնադրուած է Մարսելի կրթական կեդրոնը (մանկապարտէզով, նախակրթարանով, միջնակարգով եւ երկրորդականով), 1986-ին [[Սիտնի|Սիտնիի]] մէջ ([[Աւստրալիա]])՝ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլըստըն (Գալստեան) երկրորդական վարժարանը։ Այս ամէնօրեայ վարժարաններէն բացի Համազգային Մշակութային Միութեան մասնաճիւղերը կը պահեն նաեւ մէկօրեայ դպրոցներ։
 
=== Թատրոն ===
 
Հայ թատերական արուեստը վերակենդանացնելու, տարածելու եւ անոր դերը հայ գաղութներուն մէջ բարձրացնելու նպատակով 1941-ին [[Գասպար Իփէկեան|Գասպար Իփէկեանի]] ջանքերով կազմուած է Համազգայինի թատերասէրներու միութիւնը։ Մինչեւ 1951-ը թատերախումբը գործած է [[Պէյրութ|Պէյրութի]] մէջ, այնուհետեւ հիւրախաղերու մեկնած [[Եւրոպա]], Հիւսիսային եւ [[Հարաւային Ամերիկա]]։ [[Գասպար Իփէկեան|Գասպար Իփէկեանի]] մահէն ետք, ի պատիւ անոր, 1952-ին խումբը կոչուած է «[[Գասպար Իփէկեան թատերախումբ]]», ղեկավարութիւնը ստանձնած է [[Ճորճ Սարգիսեան|Ճորճ Սարգիսեանը]]։
Հայ թատերական արուեստը վերակենդանացնելու, տարածելու եւ անոր դերը հայ գաղութներուն մէջ բարձրացնելու նպատակով 1941-ին Գասպար Իփէկեանի ջանքերով կազմուած է Համազգայինի թատերասէրներու միութիւնը։ Մինչեւ 1951-ը թատերախումբը գործած է Պէյրութի մէջ, այնուհետեւ հիւրախաղերու մեկնած է [[Եւրոպա]], Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա։ Գասպար Իփէկեանի մահէն ետք, ի պատիւ անոր, 1952-ին խումբը կոչուած է «Գասպար Իփէկեան թատերախումբ», ղեկավարութիւնը ստանձնած է [[Ժորժ Սարգիսեան|Ժորժ Սարգիսեանը]]։
 
=== Երգարուեստ ===
 
Մեծ է երգահան [[Բարսեղ Կանաչեան|Բարսեղ Կանաչեանի]] ղեկավարութեամբ 1956-ին ստեղծուած «Գուսան» երգչախումբի ներդրումը սփիւռքահայի երաժշտական ճաշակը ձեւաւորելու գործին մէջ։ 1960-ին կազմուած է «Քնար» ազգագրական երգի-պարի խումբը (ղեկավար [[Վարդգէս Աբրահամեան]]), 1978-ին՝ թուականին՝ «Ծնծղայ» (ղեկավար՝ղեկավար [[Վաչէ Պարսամեան]]) եւ 1980-ին՝ «Նանոր» (խմբավար՝ [[Ալեքս Մնակեան]]) մանկական երգչախումբերը, որոնք մրցանակներ շահած ենլեն միջազգային մրցոյթներուն։
 
=== Հայագիտութիւն ===
 
Հայագիտութիւնը զարգացնելու, [[հայոց լեզու ու գրականութիւն|հայոց լեզուի ու գրականութեան]], [[Հայոց Պատմութիւն|հայոց պատմութեան]] ուսուցիչներ, նաեւ խմբագիրներ եւ հանրային այլ գործիչներ պատրաստելու համար 1974-ին հիմնած է Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը։
Հայագիտութիւնը զարգացնելու, հայոց լեզուի ու գրականութեան, հայոց պատմութեան ուսուցիչներ, նաեւ խմբագիրներ եւ հանրային այլ գործիչներ պատրաստելու համար 1974-ին հիմնած է Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկը։
 
=== Մշակոյթ ===
 
Համազգային Մշակութային Միութեան մեծ իրագործումներէն է «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը Պէյրութի մէջ, որ իր հարկին տակ կը պարփակէ [[Թորոս Ռոսլին (արեւմտահայերէն)|Թորոս Ռոսլին]] կերպարուեստի ակադեմիան, [[Բարսեղ Կանաչեան]] երաժշտանոցը, ինչպէս նաեւ երգի եւ պալետի դպրոցներ։
Համազգային Մշակութային Միութեան մեծ իրագործումներէն է «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնը Պէյրութի մէջ, որ իր հարկի տակ կը պարփակէ [[Թորոս Ռոսլին (արեւմտահայերէն)|Թորոս Ռոսլին]] կերպարուեստի ակադէմիան, Բարսեղ Կանաչեան երաժշտանոցը, ինչպէս նաեւ երգի եւ պալետի դպրոցներ։
 
=== Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէժ ===
 
Հիմնուած է 1983-ին: «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլէժին մէջ կայ շուրջ 200 աշակերտ. առաջին տնօրէնը եղած է Վաչէ Պարսումեանը, ապա յաջորդաբար տնօրէնի պաշտօնը վարած են տիկին Սոնա Քիւփէլեանը, Սեդրակ Սեդրակեանը, Երուանդ Երկանեանը, իսկ այժմ՝ Արմէն Քեչեկը: Կը դասաւանդեն դաշնամուրի, ջութակի, կիթառի եւ զանազան լարային եւ այլ նուագարաններու գործնական եւ տեսական դասընթացներ: Երաժշտական քոլէժին մէջ կայ նաեւ երաժշտական գրադարան: Աւարտածները՝ յատուկ համաձայնագիրի տուեալներով կրնան կատարելագործել իրենց երաժշտական ուսումը Հայաստանի «Կոմիտաս»-ի անուան երաժշտական ուսումնարանէն ներս:
 
 
=== «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոց ===
 
Հիմնուած է 1988-ին եւ ունի շուրջ 60 աշակերտ: Մասնակից աշակերտները կանոնաւոր կերպով կը հետեւին գեղարուեստական դասընթացներուն: Կ՛ունենան աշակերտական եւ աւարտական ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ միջդպրոցական ցուցահանդէս-մրցումներ: Դպրոցը ունի մշակուած ծրագիր ու մասնագէտ ուսուցիչներ: Դպրոցը ունի վարիչ - պատասխանատուներ, եւ ուսուցչական կազմը բաղկացած է հայրենի եւ լիբանանահայ արուեստագէտներէ: «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատուն է Ժանէթ Եափուճեանը:
 
 
=== «Գայիանէ» պարի դպրոց ===
 
Հիմնուած է 1989-ին, ունի շուրջ 270 աշակերտ: Պարի դպրոցը տարբեր դասարաններու աշակերտներուն կը սորվեցնէ պարի տարբեր ճիւղերը եւ կ՛ունենայ իր տարեկան ելոյթները, ինչպէս նաեւ շրջագայութիւնները: Երկար տարիներ պարի դպրոցի պարուսոյցը եղած է արուեստագէտ Ֆելիքս Յարութիւնեանը: Այժմ դպրոցի պարուսոյցն է արուեստագէտ Անդրանիկ Գրիգորեանը:
 
 
=== «Կարկաչ» մանկական, պատանեկան եւ երիտասարդական երգչախմբեր ===
 
Հիմնուած է 1997-ին: Տարիքային տարբեր բաժանումներով անդամները երգչախումբի մաս կը կազմեն, կ՛ունենան տարեկան համերգներ ինչպէս նաեւ շրջագայութիւններ: Երգչախումբը յաճախ կ՛ունենար հայրենի հեղինակներու կողմէ յատուկ «Կարկաչ»-ի համար գրուած նոր երգերու կատարումներ: Երգչախումբերը կը գործէր Զաքար Քէշիշեանի խմբավարութեամբ: Աշակերտներու ընդհանուր թիւը կը կազմէր շուրջ 150 հոգի:
 
 
=== «Արեգ» մանկապատանեկան թատերական դպրոց ===
 
Հիմնուած է 1999-ին: Թատերախումբի առաջին բեմադրիչը եղած է արուեստագէտ [[Վիգէն Ստեփանեան|Վիգէն Ստեփանեանը]], աւելի ուշ՝ հայրենի արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեանը: Այժմ դպրոցի ղեկավարն է արուեստագէտ Յասմիկ Պերթիզլեանը:
 
=== «Քնար» պարախումբ ===
 
Հիմնուած է 1956-ին՝ բժիշկներ Վարդգէս եւ տիկին Էկլանթին Աբրահամեաններու ջանքերով, ունի շուրջ 40 անդամ: Որոշակի ժամանակ պարուսոյց աշխատած է Գարինա Ալեքսանտրեանը: Այժմ պարուսոյցն է Ֆելիքս Յարութիւնեանը:
 
=== «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբ ===
 
Համազգային մշակութային միութեան թատերախումբ: Կազմակերպուած է 1941-ին, դերասան, դրամատուրկ եւ ռեժիսոր Գասպար Իփէկեանի նախաձեռնութեամբ. առաջին ներկայացումը Շանթի «Ընկած բերդի իշխանուհին», տեղի ունեցաւ 1942-ին: 1952-էն կոչուած է հիմնադրի՝ Գ. Իփէկեանի անունով: 1960-ականներէն թատերախումբը ներկայացումներ կու տայ Պուրճ Համուտի հայաշատ թաղամասի կեդրոնը կառուցուած «Յակոբ Տեր-Մելքոնեան» թատերասրահէն ներս (500 տեղ): Բեմադրուած են ազգային եւ թարգմանական պիէսներ՝ Շանթի «Հին աստուածներ», «Կայսր», «Քաղաքավարութեան վնասները» (ըստ Հ. Պարոնեանի), Սունդուկեանի «Պէպօ», Շիրուանզատէի «Քաոս», Գոգոլի «Քննիչը», Իպսէնի «Ժողովուրդի թշնամին», Պանէօլի «Փառքի վաշխառուները» եւ այլն: Թատերախումբը ելոյթներ ունեցած է բազմաթիւ երկիրներու մէջ: Թատերախումբին մէջ գործած են Ժորժ Մարգիսեանը (պարգեւատրուած է Լիբանանի պետական, Համազգայինի, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շքանշաններուվ), դերասան-դերասանուհիներ Զ. Շանթը, Ն. Մինասեանը, Գ. Տեր-Կարապետեանը, Մ. Սարգիսեանը, Պ. Գարագաշեանը, Ժ. Շահապեանը, Հ. Պալեանը, Հ. Թորիկեանը, Դ. Պոյաճեանը, Ա. Խաչատուրեանը, Վ. Վարդապետեանը, Խ. Արարատեանը եւ այլք: 1982-85-ին թատերախումբը ղեկավարած է Բաբգէն Փափազեանը, բեմադրած է Շանթի «Օշին Պայլ» եւ Մուշեղ Իշխանի «Պարոյր Հայկազն եւ Մովսէս Խորենացի» պիէսները: 1987-2002-ին Վ. Խտշեանի բեմադրութեամբ թատերախումբը ներկայացուցած է Շանթի «Հին աստուածներ», «Եսի մարդը», «Կայսր», Հ. Օշականի «Երկնքի ճամփով», Ա. Միլլերի «Բոլոր զաւակներս», «Գինը», Կ. Մանյէի «Օսկարը», Ն. Սայմոնի «Երկրորդ պողոտայի բանտարկեալը», Ժ. Շեհատէի «Պրիզպանի գաղթականը» եւ այլ պիէսներ: 2003-ին Զ. Եագուպեանի բեմադրութեամբ թատերախումբը ներկայացուցած է Մուշեղ Իշխանի «Կիլիկիոյ արքան» պիէսը։
 
=== «Վահրամ Փափազեան թատերախումբ» ===
 
ՀԲԸՄ Հայ երիտասարդաց ընկերակցութեան թատերախումբ: Կազմակերպուած է 1959-ին, Վ. Փափազեանի անունով կոչուած է 1960-ին: Թատերախումբի գործունէութեան առաջին փուլը կապուած է դերասան եւ ռեժիսոր Պերճ Ֆազլեանի անուան հետ, որ 1959-էն բեմադրած է Շանթի «Հին աստուածներ», Մ. Քոչարեանի «Մուսա լեռան քառասուն օրը», «Մոլիէրի Ժորժ Տանդէն», «Տարտիւֆ», Շեքսպիրի «Ամառային գիշերուայ երազ» եւ այլ պիէսներ: Այնուհետեւ թատրոնը ղեկավարած է դերասան եւ ռեժիսոր Գրիգոր Սաթամեանը: Անոր բեմադրութիւններէն են Ժ. Ֆէյտոյի «Կասկածը կնոջ մտքին մէջ», Պարոնեանի «Մեծապատիւ մուրացկաններ», Կամսարականի «Վարժապետին աղջիկը», Շեքսպիրի «Բազում աղմուկ վասն ոչնչի են»: 1972-ին թատերախումբը ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի մէջ: Մինչեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը (1975) թատերախումբը իր ներկայացումները տուած է Հովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» 650-տեղանոց սրահէն ներս: 1975-ին Սաթամեանի ԱՄՆ գաղթելէն ետք, թատրոնի բեմադրիչներ եղած են Վաչէ Ատրունին (բեմադրած է Դ. Պսաֆասի «Ստախօս կուզուի», 1978), Թորոս Սարգիսեանն ու Զաւէն Գալուստեանը (բեմադրել են Կ. Գոլդոնիի «Ստախօսը», 1986), Վաչէ Տոներեանը (1988-90-ին, բեմադրել է Պ. Շենոնի «Ժառանգորդը» եւ Ժ. Ֆէյտոյի «Հաւատարմութիւն» պիէսները), Յարութիւն Գնդունին (1991-1992-ին բեմադրած է Պրիստլիի «Ակամայ խոստովանութիւն», Մոլիէրի «Երեւակայական հիւանդը» եւ Ն. Սայմոնի «Տարօրինակ ժամադրութիւններ» պիէսները)։ Վիգէն Ստեփանեանը (1994-95-ին բեմադրած է Լա Մուրէի «Ախ կլիներ, կլիներ» եւ իր հեղինակած «Պարոն լրտեսին վերջին գործը» պիէսները), Պ. Ֆազլեանը (բեմադրած է Մոլիէրի «Ագահը», 1996), Արտաշէս Հովհաննիսեանը (բեմադրած է Յակոբ Աթալեանի «Աղուէսն ու Աղասին», 1998) եւ Գրիգոր Տեկիրմէնճեանը (բեմադրած Մ. Յեննըքէնի «Կիները բնաւ սուտ չեն խօսիր», 1999): Ե. Ղազանչեանը 2001-03-ին բեմադրած է Թ. Ուիլեամսի «Մենակութեան վերջին կանգառը», Է. տէ Ֆիլիպոյի «Երեխաները կը մնան երեխաներ» եւ Յ. Պարոնեանի «Պաղտասար աղբար» պիէսները: Թատերախումբի գործունէութիւնը իրենց երկարամեայ ու բեղմնաւոր աշխատանքով նպաստած են Լ. Գույումճեանը, Զ. Ներսէսեանը, Զ. Գալուստեանը, Թ. Սարգիսեանը, Գ. Սողոմոնեանը, Հ. Տատուրեանը, Հ. Թումեանը, Վ. Եուրնէշլեանը, Հ. Վարդիվառեանը, Լ. Մելքոնեանը, Պ. Տեր-Սահակեանը:
 
 
=== «Գուսան» երկսեռ երգչախումբ ===
 
Կազմած է Բարսեղ Կանաչեանը: Գործած է 1933-61-ին: Անդրանիկ համերգը տեղի ունեցած է Պէյրութի «Մեմօրիալ հոլ» թատրոնէն ներս (կազմը՝ 70 մարդ): Սկզբնական շրջանին ճանչցուած էր հիմնադիրի անունով ՝ «Բարսեղ Կանաչեան», ապա խմբավարի պաշտօնը ստանձնած են Յարութիւն Թոփիկեանը, Երուանդ Երկանեանը, իսկ այժմ՝ Պարգեւ Թասլաքեանը: Յայտագիրը ընդգրկած է Կոմիտասի, հայ ժողովրդական եւ հոգեւոր, արաբական եւ քրտական ժողովրդական երգեր, ինչպէս՝ Բ. Կանաչեանի խմբերգերը, «Աբեղայ» օիպերայէն (ըստ Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» տրամայի) հատուածներ: 1936-ին կազմուած է նաեւ «Գուսան» երաժշտասիրաց միութիւնը: Հայ եւ արաբ ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերու համար երգչախումբի ղեկավար՝ Բ. Կանաչեանը պարգեւատրուած է Լիբանանի «Մայրիներ Ա կարգի» պատուոյ նշանով: Ներկայիս Համազգային մշակութային միութեան նոյնանուն երգչախումբը կը փորձէ շարունակել Բ. Կանաչեանի ղեկավարած խումբի աւանդոյթները:
 
 
=== Համազգայինի Մելանքթօն Հայկ Արսլանեան ճեմարան ===
 
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը ստեղծուած է 28 Մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ: Գլխաւոր հիմնադիրներն էին Համօ Օհանջանեանը, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Գասպար Իփէկեանը եւ ուրիշներ: Ընկերութեան նպատակն էր գալիք սերունդի կրթութիւնը մեծահասակներու ինքնազարգացումը եւ հայագիտութեան մշակումը: Իր նպատակներու իրագործման համար Համազգային ընկերութիւնը 3 Մարտ 1930-ին Պէյրութի մէջ կը հիմնադրէ հայ ճեմարան: Նորաբաց ճեմարանի տնօրինութիւնը կը ստանձնեն Լեւոն Շանթը եւ Նիկոլ Աղբալեանը: Լեւոն Շանթի մահէն ետք (1951) ճեմարանի տնօրէնի պաշտօնը կը ստանձնէ Սիմոն Վրացեանը եւ անոր կ՛օգնեն որպէս փոխտնօրէն՝ Մուշեղ իշխանը եւ Գառնիկ Բանեանը: Սիմոն Վրացեանի հիւանդութեան պատճառով, 1968-ի աշնանը տնօրէն կը նշանակուի Հրաչ Տասնապետեանը: Հրաչ Տասնապետեանի մահէն ետք (Ապրիլ 2001), ճեմարանի տնօրինութիւնը որոշ ժամանակ կը վստահուի եռանդամ տնօրէններու խորհուրդին: Այժմ ճեմարանի տնօրէնն է Տիգրան Ճինպաշեանը: Տնօրէնին կ՛օժանդակեն երկու փոխտնօրէնները՝ ուսումնական-կրթական տեսուչ՝ Եուրի Եափուճեանը եւ վարչական պատասխանատու՝ Նորայր Նաճարեանը: Այդ ճեմարանի նպատակն էր նոր սերունդին կրթելու միջոցով պատրաստել վաղուայ մտաւորական սերունդին, որ իր վրայ պիտի վերցնէր սփիւռքի մէջ հայապահպանման, հայ լեզուի, գրականութեան եւ մշակոյթի զարգացման պատասխանատուութիւնը: Ճեմարանը 1950-էն կ՛անուանուի Նշան Փալանճեան, իսկ 1986-էն արդէն՝ Մելանքթօն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:
 
 
=== Արսլանեան ճեմարան ===
 
Կը գտնուի Անթիլիասի մերձակայ բլուրներու կողքին եւ անորտարածքն է 26000 քառ.կմ: Ճեմարանը օժտուած է ուսումնական բազմաթիւ յարմարութիւններով՝ գրադարաններ, էլեկտրոնային գրադարան, գիտաշխատանոցներ, համակարգչային դասասրահ, փոքր թատերասրահ, երաժշտական սրահ, մարզասրահներ, քննութիւններու եւ հաւաքոյթներու սրահներ, խաղասրահներ եւ այլն: Աշակերտներու եւ ուսուցիչների տրամադրութեան տակ կան դաշնամուրներ, երաժշտական գործիքներ, համակարգիչներ, լուսարձակներ, քարտէզներ եւ այլ իրեր: Ճեմարանի ուսումնական հայեցակարգը ներշնչուած է ֆրանսիացիներէն: Ճեմարանի ուսումնական հայեցակարգը կը կարեւորէ հայեցի դաստիարակութիւնը՝ շեշտը դնելով հայոց լեզուի, հայոց պատմութեան եւ հայ մշակոյթի աւանդման առաջնահերթութեան վրայ: Ճեմարանէն ներս կը դասաւանդեն՝ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսէրէն եւ անգլերէն, ինչպէս նաեւ բնագիտութիւն, քիմիա, կենսաբանութիւն, երկրաբանութիւն, թուաբանութիւն, գեղագիտական դաստիարակութիւն, ֆիզիկական եւ մարզական դաստիարակութիւն եւ այլն: Մանկավարժական յատուկ մօտեցումը, ճեմարանի յատուկ եզակի մթնոլորտը կ՛ապահեն աշակերտներու մտաւոր եւ հոգեկան ներդաշնակ զարգացումը: Արսլանեան ճեմարանը ուսումնական համապարփակ հաստատութիւն է եւ օժտուած է նախահամալսարանական ուսման բոլոր բաժիններով՝ մանկամսուր (1-3 տարեկան երեխաներու համար), մանկապարտէզ (3-5 տարեկաններու համար), տարրական բաժին (6-8 տարեկաններու համար), նախակրթական (9-11 տարեկաններու համար), միջնակարգ (12-15 տարեկաններու համար), երկրորդական (16-18 տարեկան աշակերտներու համար): Աշակերտներու արտադասարանային գործունէութեան կազմակերպումը, աշակերտներու ելումուտը, զբօսանքներու եւ ազատ պահերու հսկողութիւնը կ՛իրականացնէ ընդհանուր հսկիչը, որ ունի 2 օգնական: Ճեմարանը կը կառավարէ տնօրէնը, որու կ՛օժանդակեն 2 փոխտնօրէնները: Տնօրինութեանը կից կը գործէ նաեւ ծնողական խորհուրդը եւ ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը: Այսօր ճեմարանի աշակերտներու թիւը կը հասնի 700-ի: Ճեմարանի «Հրաչ Դարբինեան» գրադարանը ունի աւելի քան 35 հզ. հատոր գիրք եւ հարուստ արխիւային հաւաքածու: Տնօրէններ՝ Լեւոն Շանթ (1930-51), Սիմոն Վրացեան (1952-1969), Հրաչ Տասնապետեան (1969-1999), Տիգրան Ճինպաշեան (գործադիր տնօրէն 2001-էն):
 
=== Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկ ===
 
Հայագիտական մասնագիտական ուսումնական հաստատութիւն,որ հիմնուած է 1974-ին (1975-79-ին չի գործեր): Նպատակն է պատրաստել մասնագէտներ հայկական մամուլի, դպրոցներու, հրատարակչութիւններու, ազգային եւ կուսակցական հաստատութիւններու մէջ աշխատելու համար: Առաջին տարին ունեցած է 15 ուսանող: Առաջին շրջանաւարտները տուած է 1983-ին: Մինչեւ այժմ տուած է աւելի քան 140 շրջանաւարտ: 1991-էն ուսման տեւողութիւնը երեք տարի է: Ունի հայոց լեզուի եւ գրականութեան, ինչպէս եւ հայոց պատմութեան առանձին բաժանմունքներ: 1991-ին [[Երեւանի Պետական Համալսարան (արեւմտահայերէն)|Երեւանի պետական համալսարանի]] հետ կնքած պայմանագիրի հիման վրայ այստեղ կը դասաւանդեն Հայաստանէն գործուղուած մասնագէտներ: Հայագիտականի շրջանաւարտները իրաւունք ստացած են իրենց ուսումնառութիւնը շարունակել ԵՊՀ-ի մէջ: Ուսանողներ կ՛ընդունին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն եւ այլ վայրերէ: Ունի գիշերօթիկ բաժին եւ ազատ ունկնդրի կարգավիճակ: Տնօրէնն է Երուանդ Փամպուքեանը (1979-էն):
 
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}
 
 
== Աղբիւրներ ==
== Գրականութիւն ==
* Հայկական համառոտ հանրագիտարան։
# Ս. Հ. Վարժապետյան, « Հայերը Լիբանանի մեջ» Պէյրութ, 1951:
# Արաքս Փաշայեան «Լիբանանի վերջին պատերազմը եւ լիբանանահայութեան արդի հիմնախնդիրները» Երեւան,2006
# Արաքս Փաշայեան, «Լիբանանահայության մի քանի հիմնախնդիրների շուրջ», Երեւան,2006
# «Ազդակ» օրաթերթ