«Համբարձում Երամեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Երամեան Համբարձում''', վաստակաւոր ուսուցիչ եւ հեղինակ, ծնած է Վան 1857ին իսկ [[20 Դեկտեմբեր]...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

12:48, 7 Օգոստոս 2017-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Երամեան Համբարձում, վաստակաւոր ուսուցիչ եւ հեղինակ, ծնած է Վան 1857ին իսկ 20 Դեկտեմբեր 1929 ին եւ ազգային յուղարկաւորութեամբ թաղուեցաւ հոն: 1868ին ծաղիկ հիւանդութան բռնուելով կը կուրանայ. 1874էն սկսեալ Վանի երկու վարժարաններու մէջ կը դասախօսէ, իսկ 1882ին կը հիմնէ Երամեան գիշերօթիկ ցերեկեայ վարժարանը եւ կը շարունակէ զայն մինչեւ 1915, կարող ուսուցչական կազմով մը եւ աշակերտներու թոշակով միայն:

Նոյն վարժարանը 1908ին կը ճանչցուի իտատի. 1904ին կատարած է իր վարժարանի 25 ամեակը, այդ այդ արթիւ Երամեանի աշակերտք եւ կրթասէր ազգայիններ նոյն վաստակաւոր ուսուցիչն կը նուիրեն դպրոցական շէնք մը եւ բնակութեամբ տուն մը: Խրիմեան Հայրիկ (կթղ.) եւ Օրմանեան պտրք. Ուսուցչապետ տիտղոսը կ’ընծայեն Յոբելեարին:

Երամեան երկիցս ուղեւորած է Ս. Էջմիածին 1886ին, նաեւ Կովկաս, Պիզա, Վիէննա եւ 1913ին ալ իբր պատգամաւոր Վանի՝ գրոց գիւտի 1500 ամեակին եւ հայ տպագրութեան 400 ամեակին առթիւ, ուղեւորութիւնը շարունակելով կը հասնի Պոլիս, Զմիւռնիա իր վարժարանը Լիսէի աստիճանին բարձրացնելու մտահոգութեամբ. Համաշխարհային պատերազմը վրայ կը հասնի եւ ան կը ստիպուի մեկնիլ Եգիպտոս եւ կը վարէ Բոր-Սայիտի Սիսուան վարժարանի վերատեսչութիւնը եւ ապա Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան վարժարանի տեսչութիւնը, 1921ին Երուսաղէմայ Ս. Յակոբ վանքը կ’այցելէ եւ ներկայ կ’ըլլայ Եղիշէ Ս. պատրիարք Դուրեանի ընտրութեանց:

Համբարձում Երամեանի արժէքաւոր գործըն է Յուշարձան Վան Վասպուրականին տպ. Աղեքսանդրիոյ Արամ Ստեփանեանի տպարանին մէջ 1929 (2 հատոր): Երամեան վախճանած է Աղեքսանդրիոյ մէջ:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 67: