«Հայ իրականութիւնը 1900-1920-ական տարիներուն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «1900 թուականէն մինչեւ 1915 ու 1920 թուականը, հայ ժողովուրդի գոյութեան պայմանները կ՛ունենան պատմ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

07:00, 22 Օգոստոս 2014-ի տարբերակ

1900 թուականէն մինչեւ 1915 ու 1920 թուականը, հայ ժողովուրդի գոյութեան պայմանները կ՛ունենան պատմական վերիվայրումներ:

Նախ՝ կը շարունակուին հալածանքները եւ ինքնապաշտպանական պայքարը: Արեւմտահայութեան վրայ, մինչեւ 1908 թուականը, համիտեան վարչակարգը ծանր կը ճնշէ՝ աւելի քան երբեք: Գրական գործեր կը ստեղծուին առաւելաբար արտասահման գտնուող տարագիր գրագէտներու կողմէ, որոնք կ՛արտայայտեն նոր ձգտոմներ, կը ծնին նոր գարակնութիւն:

Արեւելահայութեան մօտ, ճնշումն ու պայքարը կ՛առնեն այլ ձեւեր- երբեմն՝ նոյնպէս տագնապալի: Բայց ցարական վարչակարգի լարած բոլոր թակարդներէն՝ հայութիւնը դուրս կու գայ յաղթական: Իբր հետեւանք՝ ազգային գիտակցութիւնը ու ուժը կը ծաւալին:

Այս տարիներու մշակութային կեանքը, հայութեան զոյգ թեւերուն մօտ, կը ներկայանայ ընդհանրապէս զուգահեռ ընթացքով: Միշտ կապուած հայ իրականութեա, անիկա ընդհանրապէս կը ձգտի անդին անցնիլ «մեր կեանքը» արտայայտելու, անոր՝ անմիջականօրէն ծառայելու պարզ առաջդրանքէն: Կը փորձէ զարգացնել մշակոյթի նոր ըմբռնելում. ստեղծոլ գրական ու գեղարուեստական նոր արտայայտամիջոցներ...:

Դարու երկրորդ տասմնամեակը կը նշուի ճակատագրական դէպքերով: Թուրքիոյ մէջ, իրարու կը հետեւին Օսմանեան Սահմանադրութիւնը, իր բերած կարճատեւ ազատութեան շրջանով, ապա յուսախաբութիւնը եւ ի վերջոյ համաշխարհային պատերազմի ճգնաժամը, տեղահանութիւնն ու հայութեան մռծ մասի ոչոնչացումը՝ ցեղասպանական «լուծումով»:

Արեւելահայութիւնը, նոր սեղմումներէ եւ ոստիկանական հալածանքներէ ետք, կ՛ենթարկուի սիրաշահումի քաղաքականութեան մը, կը տեսնէ արեւմտեան Հայաստանի մեծ մասի գրաւումը, ապա լքումն ու նահանջը, մինչեւ վերջին ժամու յաղթանակը Սարտարապատի մէջ . յետոյ՝ ազգային անկախութիւնը- յոյսերու աղբիւր, բայց նոյնպէս՝ կարճատեւ...

Երկրորդ այս տասնամեակի մշակութային կեանքի նախ շատ խոստմնալի է: Պոլիսէն մինչեւ վերածնող Արեւմտահայաստանի գաւառական կեդրոնները, Թիֆլիսէն ու Պաքուէն մինչեւ կովկասեան Հայաստանի գաւառները, մշակոյթ ու գեղրաուեստներ նոր թափ կը ստանան: Մամուլ եւ կրթական հաստատութիւններ կը հիմնուին, կ՛ընդլայնին: Գրարական նոր գործեր կը ծնին, թատրոնը թափ կ՛առնէ:

Բայց քանի մը տարի անց՝ պատերազմը պիտի լասեցնէ այդ կենսունակութիւնը: Անիկա շուտով, ու հայութեան որկու մայր հատուածներուն համար՝ յաջորդաբար, առաջին գիծի վրայ պիտի բերէ վերապրումի խնդիրներ. պիտի դառնայ իսկական գոյամարտ... Կատեգորիա:Վիքիպեդիա:Արևմտահայերեն հոդվածներ