«Փիլիսոփայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Արևելահայերեն|Փիլիսոփայություն}} thumb|200px|[[Օկըստ Ռոտընի «Մտածողը (արեւմ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

22:07, 17 Մարտ 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ


Օկըստ Ռոտընի «Մտածողը» (ֆր.՝ Le Penseur) քանդակը, որ հաճախ կը համարուի փիլիսոփայութեան խորհրդանիշը[1]

Փիլիսոփայութիւն, իմացութեան եւ կեցութեան ընդհանուր սկզբունքներու եւ օրինաչափութիւններու մասին գիտութիւնն է: Այն կը ձգտի պարզաբանել ամբողջ կեցութեան ընդհանուր կապը եւ միաւորել մարդկային գիտելիքի բոլոր ոլորտները: Փիլիսոփայութիւնը կարելի է համարել որոշակի աշխարհայեացք եւ աշխարհըմբռնում, որ ունի նաեւ մեթոտաբանական գործառնութիւններ:

«Փիլիսոփայութիւն» (Յնր.՝ φιλοσοφία) բառը ունի Յունական ծագում: Այն առաջացած է Յունարէն «սիրել» եւ «իմաստութիւն» բառերէն: Այսինքն` փիլիսոփայութիւն թարգմանաբար կը նշանակէ «իմաստութեան հանդէպ սէր»: Հայ մատենագրութեան մէջ «փիլիսոփայութիւն» եզրոյթին զուգահեռ գործածուած է նաեւ «իմաստասիրութիւն» բառը:

Փիլիսոփայութիւնը սկիզբ առած մ.թ.ա. 7-րդ դարուն: Այդ կարելի էր համարել աշխարհը բանական կերպով իմաստաւորելու փորձ, որ կու գայ փոխարինելու աշխարհի մասին նախկին դիցաբանական պատկերացումները: Փիլիսոփայութիւն բառը առաջին անգամ գործածած է Փայթակորըսը, ով կը գտնէր, որ իմաստութիւնը միայն աստուածներուն բնորոշ է, իսկ մարդը կրնայ միայն ձգտիլ իմաստութեան եւ սիրել այն:

Սկզբնական շրջանին փիլիսոփայութեան ոլորտը կ'ընդգրկէր ուսմունքներ տիեզերքի առաջացման եւ կառուցուածքի մասին /Տիեզերածնութիւն, Տիեզերաբանութիւն/, աստուածներու մասին /Դիցածննդաբանութիւն/: Այնուհետեւ փիլիսոփայութիւնը սկսաւ ներառել ուսմունքներ կեցութեան հիմնական հասկացողութիւններու մասին /գոյաբանութիւն/, ճանաչողութեան ակունքներու եւ սահմաններու մասին /իմացաբանութիւն/, մտածողութեան ձեւերու եւ մեթոտներու մասին /տրամաբանութիւն/, մարդկային հոգու մասին /հոգեբանութիւն/, բարոյականութեան էութեան /Բարոյագիտութիւն/ եւ գեղեցկութեան մասին /Գեղագիտութիւն/: Վերոյիշեալ ուղղութիւնները յետագային վերածուեցան առանձին գիտութիւններու:

  1. D. Bob Gowin, Marino C. Alvarez The Art of Educating with V Diagrams. — Cambridge University Press, 2005, էջ 52: ISBN 052184343X