«Փիլիսոփայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ|Q5891}}
{{Արևելահայերեն|Փիլիսոփայություն}}
 
Տող 5.
'''Փիլիսոփայութիւն''', իմացութեան եւ կեցութեան ընդհանուր սկզբունքներու եւ օրինաչափութիւններու մասին գիտութիւնն է: Այն կը ձգտի պարզաբանել ամբողջ կեցութեան ընդհանուր կապը եւ միաւորել մարդկային գիտելիքի բոլոր ոլորտները: Փիլիսոփայութիւնը կարելի է համարել որոշակի աշխարհայեացք եւ աշխարհըմբռնում, որ ունի նաեւ մեթոտաբանական գործառնութիւններ:
 
«Փիլիսոփայութիւն» ([[Յունարէն|Յնրյունարէն]].՝ φιλοσοφία) բառը ունի Յունական ծագում: Այն առաջացած է Յունարէնյունարէն «սիրել» եւ «իմաստութիւն» բառերէն: Այսինքն` փիլիսոփայութիւն թարգմանաբար կը նշանակէ «իմաստութեան հանդէպ սէր»: Հայ մատենագրութեան մէջ «փիլիսոփայութիւն» եզրոյթին զուգահեռ գործածուած է նաեւ «իմաստասիրութիւն» բառը:
Փիլիսոփայութիւնը սկիզբ առած մ.թ.ա.Ք․Ա․ 7-րդ դարուն: Այդ կարելի էր համարել աշխարհը բանական կերպով իմաստաւորելու փորձ, որ կու գայ փոխարինելու աշխարհի մասին նախկին դիցաբանական պատկերացումները: Փիլիսոփայութիւն բառը առաջին անգամ գործածած է [[Փայթակորըս]]ը, ով կը գտնէր, որ իմաստութիւնը միայն աստուածներուն բնորոշ է, իսկ մարդը կրնայ միայն ձգտիլ իմաստութեան եւ սիրել այն:
Սկզբնական շրջանին փիլիսոփայութեան ոլորտը կ'ընդգրկէր ուսմունքներ [[Տիեզերք (արեւմտահայերէն)|տիեզերքի]] առաջացման եւ կառուցուածքի մասին /[[Տիեզերածնութիւն]], [[Տիեզերաբանութիւն]]/, աստուածներու մասին /[[Դիցածննդաբանութիւն]]/: Այնուհետեւ փիլիսոփայութիւնը սկսաւ ներառել ուսմունքներ կեցութեան հիմնական հասկացողութիւններու մասին /[[գոյաբանութիւն]]/, ճանաչողութեան ակունքներու եւ սահմաններու մասին /[[իմացաբանութիւն]]/, մտածողութեան ձեւերու եւ մեթոտներու մասին /[[տրամաբանութիւն]]/, մարդկային հոգու մասին /[[հոգեբանութիւն]]/, բարոյականութեան էութեան /[[Բարոյագիտութիւն]]/ եւ [[Գեղեցկութիւն|գեղեցկութեան]] մասին /[[Գեղագիտութիւն]]/: Վերոյիշեալ ուղղութիւնները յետագային վերածուեցան առանձին գիտութիւններու:
Տող 15.
Միւս կողմէն, փիլիսոփայութեան մէջ կայ կարեւոր համախմբող սկզբունք մը` ցանկացած փիլիսոփայական դատողութիւն, ինչքան ալ անսպասելի ըլլան անոր հետեւանքները, կը կառուցուի [[բանական եղանակ]]ով` [[Իմաստ (արեւմտահայերէն)|իմաստ]]աւորուած, որոշակի մտածողական սկզբունքներուն, օրինակ` [[տրամաբանութիւն|տրամաբանութեանը]], համապատասխան: Դատողութեան բանականութիւնը կը տարբերի փիլիսոփայական [[մտածողութիւն]]ը [[դիցաբանութիւն|դիցաբանական]] եւ [[կրօն]]ական մտածողութենէն, որոնք կ'ենթադրեն [[բնապաշտութիւն]]ն ու [[գերբնական]]ը, այսինքն` [[անբանական]]ը: Այնուհետեւ այս չի նշանակէր, որ փիլիսոփայութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ օրինակ կրօնի հետ զուգահեռ: Ընդհակառակը` տարածուած են այնպիսի իրադրութիւններ, որ երբ որեւէ կրօն ընդունուած է իբրէւ փիլիսոփայական համակարգի նախադրեալ, եւ փիլիսոփայական բանական գաղափարախօսութիւնը կիրառուած է գիտութեան այն ոլորտներուն զարգացման մէջ, որոնք չէին նախատեսուիր որեւէ կրօնական [[կանոնադրութիւն|կանոնադրութեամբ]]: Օրինակ` հին [[Հնդկաստան (արեւմտահայերէն)|հնդկական]] փիլիսոփայութիւնը մեկնաբանած է Վետաները, իսկ միջնադարեան [[Եւրոպա]]կան փիլիսոփաները մեկնաբանեցին [[Աստուածաշունչ]]ը: Տարածուած են նաեւ այն դէպքերը, երբ փիլիսոփայական մտածողութիւնը կիրառուած է որեւէ կրօնի արդարութիւնը, կամ աւելի ընդհանրացուած` ապացուցած Աստծոյ գոյութիւնը: Օրինակ` [[քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութեան]] ջատագովները կը փորձէին բանական կերպով հիմնաւորել այս կրօնը:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
{{ծանցանկ}}
 
[[Կատեգորիա:Փիլիսոփայութիւն]]