«Փիլիսոփայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Ավելացվել է 3100 բայտ ,  7 տարի առաջ
Առանց խմբագրման ամփոփման
Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 15.
Միւս կողմէն, փիլիսոփայութեան մէջ կայ կարեւոր համախմբող սկզբունք մը` ցանկացած փիլիսոփայական դատողութիւն, ինչքան ալ անսպասելի ըլլան անոր հետեւանքները, կը կառուցուի [[բանական եղանակ]]ով` [[Իմաստ (արեւմտահայերէն)|իմաստ]]աւորուած, որոշակի մտածողական սկզբունքներուն, օրինակ` [[տրամաբանութիւն|տրամաբանութեանը]], համապատասխան: Դատողութեան բանականութիւնը կը տարբերի փիլիսոփայական [[մտածողութիւն]]ը [[դիցաբանութիւն|դիցաբանական]] եւ [[կրօն]]ական մտածողութենէն, որոնք կ'ենթադրեն [[բնապաշտութիւն]]ն ու [[գերբնական]]ը, այսինքն` [[անբանական]]ը: Այնուհետեւ այս չի նշանակէր, որ փիլիսոփայութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ օրինակ կրօնի հետ զուգահեռ: Ընդհակառակը` տարածուած են այնպիսի իրադրութիւններ, որ երբ որեւէ կրօն ընդունուած է իբրէւ փիլիսոփայական համակարգի նախադրեալ, եւ փիլիսոփայական բանական գաղափարախօսութիւնը կիրառուած է գիտութեան այն ոլորտներուն զարգացման մէջ, որոնք չէին նախատեսուիր որեւէ կրօնական [[կանոնադրութիւն|կանոնադրութեամբ]]: Օրինակ` հին [[Հնդկաստան (արեւմտահայերէն)|հնդկական]] փիլիսոփայութիւնը մեկնաբանած է Վետաները, իսկ միջնադարեան [[Եւրոպա]]կան փիլիսոփաները մեկնաբանեցին [[Աստուածաշունչ]]ը: Տարածուած են նաեւ այն դէպքերը, երբ փիլիսոփայական մտածողութիւնը կիրառուած է որեւէ կրօնի արդարութիւնը, կամ աւելի ընդհանրացուած` ապացուցած Աստծոյ գոյութիւնը: Օրինակ` [[քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութեան]] ջատագովները կը փորձէին բանական կերպով հիմնաւորել այս կրօնը:
 
Տրամաբանութենէն զատ` փիլիսոփայական մտածողութեան եւս մէկ վարուելաձեւ կ'ապահովէ անոր ամբողջականութիւնը: Փիլիսոփայական ցանկացած նոր ուղղութիւն, ցանկացած նոր գաղափար կամ փիլիսոփայական դպրոց իրեն կը համեմատէ իրեն նախորդող փիլիսոփայական համակարգերուն, ներկայացնելով անոնց քննադատական վերլուծութիւն` իր նոր համակարգի սահմաններուն մէջ: Օրինակ` [[Իմանուէլ Քանթ]]ի յայտնի աշխատութիւնը` «[[Զուտ Բանականութեան Քննադատութիւն]]»-ը, կը պարունակէ բանապաշտութեան ու փորձարապաշտութեան քննադատական վերլուծութիւնը: Այս ձեւով` տրամաբանութիւնն ու քննադատական վերլուծութիւնը կը հանդիսանան փիլիսոփայական մտածողութեան հիմքն ու կ'ապահովեն անոր ամբողջականութիւնը:
Անոր հետ միասին փիլիսոփայութեան հասկացութեան աղօտութիւնը կը հանդիսանայ անոր բնորոշ գիծը եւ կ'առանձնացնէ այն գիտութիւններէն: Եթէ փիլիսոփաներուն կը յաջողի նոր արդիւնաւէտ իմացութեան մէթոտաբանութեան մշակման շնորհիւ առաջընթաց ապրիլ, ապա այդ ոլորտը կ'առանձնացուի փիլիսոփայութենէն եւ կը դառնայ ինքնուրոյն գիտական ճիւղ: Այդպէս, իմացութեան գիտական մէթոտաբանութեան յաջողակ կիրառումը տարբեր կարգերու բնական առարկաներուն փիլիսոփայութենէն վերջնականապէս առանձնացուց բնական փիլիսոփայութեան ճիւղը, որը յետագային բաժնուեցաւ շարք մը [[Բնագիտութիւն|բնական գիտութիւններ]]ու: Օրինակ [[Իսահակ Նիւթըն]]ը գրած է իր յայտնի հիմնային աշխատանքը` «[[Բնական Փիլիսոփայութեան Թուաբանական Սկզբունքները]]», ըլլալով [[փիլիսոփայ]]` իր սեփական պատկերացմամբ, իսկ ներկայ ժամանակին ան յայտնի է որպէս բնագէտ (physicist) ու մաթեմաթիքոս: Անգլալեզու ամբողջ գիտութիւնը առ այսօր կը պահպանէ փիլիսոփայութեան հետ իր ունեցած «բարեկամական» կապի հետքեր, օրինակ` անոր մէջ, որ անոր բոլոր ճիւղերուն մէջ բարձրագոյն գիտական աստիճանը կը կրէ «[[Փիլիսոփայութեան Տոքթոր]]» անուանումը: ([[անգլերէն]]՝ Ph.D.)
 
== Ծանօթագրութիւններ ==