«Փիլիսոփայութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 7.
«Փիլիսոփայութիւն» ([[Յունարէն|յունարէն]].՝ φιλοσοφία) բառը ունի Յունական ծագում: Այն առաջացած է յունարէն «սիրել» եւ «իմաստութիւն» բառերէն: Այսինքն` փիլիսոփայութիւն թարգմանաբար կը նշանակէ «իմաստութեան հանդէպ սէր»: Հայ մատենագրութեան մէջ «փիլիսոփայութիւն» եզրոյթին զուգահեռ գործածուած է նաեւ «իմաստասիրութիւն» բառը:
Փիլիսոփայութիւնը սկիզբ առած է Ք․Ա․ 7-րդ դարուն: Այդ կարելի էր համարել աշխարհը բանական կերպով իմաստաւորելու փորձ, որ կու գայ փոխարինելու աշխարհի մասին նախկին դիցաբանական պատկերացումները: Փիլիսոփայութիւն բառը առաջին անգամ գործածած է [[Փայթակորըս]]ը, ով կը գտնէր, որ իմաստութիւնը միայն աստուածներուն բնորոշ է, իսկ մարդը կրնայ միայն ձգտիլ իմաստութեան եւ սիրել այն:
Սկզբնական շրջանին փիլիսոփայութեան ոլորտը կ'ընդգրկէրկ’ընդգրկէր ուսմունքներ [[Տիեզերք (արեւմտահայերէն)|տիեզերքի]] առաջացման եւ կառուցուածքի մասին /[[Տիեզերածնութիւն]], [[Տիեզերաբանութիւն]]/, աստուածներու մասին /[[Դիցածննդաբանութիւն]]/: Այնուհետեւ փիլիսոփայութիւնը սկսաւ ներառել ուսմունքներ կեցութեան հիմնական հասկացողութիւններու մասին /[[գոյաբանութիւն]]/, ճանաչողութեան ակունքներու եւ սահմաններու մասին /[[իմացաբանութիւն]]/, մտածողութեան ձեւերու եւ մեթոտներու մասին /[[տրամաբանութիւն]]/, մարդկային հոգու մասին /[[հոգեբանութիւն]]/, բարոյականութեան էութեան /[[Բարոյագիտութիւն]]/ եւ [[Գեղեցկութիւն|գեղեցկութեան]] մասին /[[Գեղագիտութիւն]]/: Վերոյիշեալ ուղղութիւնները յետագային վերածուեցան առանձին գիտութիւններու:
 
== Փիլիսոփայութեան էութիւնը ==
Փիլիսոփայութեան բուն սահմանումը արդէն կը հանդիսանայ փիլիսոփայական բաց հարցումը: Այդ կապուած է այն կետին հետ, որ կ'ըսէկ’ըսէ, թէ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրման առարկան չէ` փիլիսոփայութիւնը կ'ուսումնասիրէկ’ուսումնասիրէ ամէն ինչ: Փիլիսոփայական տարբեր դպրոցներ, որոնք կազմաւորուած են փիլիսոփայութեան գոյութեան ընթացքին, յաճախ տարբերուսծ են իրարմէ իմացութեան մեթոտաբանութիւն, եւ այդ կերպով, այդ դպրոցներէն իւրաքանչիւրին մէջ կարելի է տալ փիլիսոփայութեան ինքնութեան իւրովի սահմանումը: Այդ պատճառով փիլիսոփայութեան սահմանումը որոշակի իմաստով փոխուած է ժամանակի ընթացքին:
Միւս կողմէն, փիլիսոփայութեան մէջ կայ կարեւոր համախմբող սկզբունք մը` ցանկացած փիլիսոփայական դատողութիւն, ինչքան ալ անսպասելի ըլլան անոր հետեւանքները, կը կառուցուի [[բանական եղանակ]]ով` [[Իմաստ (արեւմտահայերէն)|իմաստ]]աւորուած, որոշակի մտածողական սկզբունքներուն, օրինակ` [[տրամաբանութիւն|տրամաբանութեանը]], համապատասխան: Դատողութեան բանականութիւնը կը տարբերի փիլիսոփայական [[մտածողութիւն]]ը [[դիցաբանութիւն|դիցաբանական]] եւ [[կրօն]]ական մտածողութենէն, որոնք կ'ենթադրենկ’ենթադրեն [[բնապաշտութիւն]]ն ու [[գերբնական]]ը, այսինքն` [[անբանական]]ը: Այնուհետեւ այս չի նշանակէր, որ փիլիսոփայութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ օրինակ կրօնի հետ զուգահեռ: Ընդհակառակը` տարածուած են այնպիսի իրադրութիւններ, որ երբ որեւէ կրօն ընդունուած է իբրէւ փիլիսոփայական համակարգի նախադրեալ, եւ փիլիսոփայական բանական գաղափարախօսութիւնը կիրառուած է գիտութեան այն ոլորտներուն զարգացման մէջ, որոնք չէին նախատեսուիր որեւէ կրօնական [[կանոնադրութիւն|կանոնադրութեամբ]]: Օրինակ` հին [[Հնդկաստան (արեւմտահայերէն)|հնդկական]] փիլիսոփայութիւնը մեկնաբանած է Վետաները, իսկ միջնադարեան [[Եւրոպա]]կան փիլիսոփաները մեկնաբանեցին [[Աստուածաշունչ]]ը: Տարածուած են նաեւ այն դէպքերը, երբ փիլիսոփայական մտածողութիւնը կիրառուած է որեւէ կրօնի արդարութիւնը, կամ աւելի ընդհանրացուած` ապացուցած Աստծոյ գոյութիւնը: Օրինակ` [[քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութեան]] ջատագովները կը փորձէին բանական կերպով հիմնաւորել այս կրօնը:
 
Տրամաբանութենէն զատ` փիլիսոփայական մտածողութեան եւս մէկ վարուելաձեւ կ'ապահովէկ’ապահովէ անոր ամբողջականութիւնը: Փիլիսոփայական ցանկացած նոր ուղղութիւն, ցանկացած նոր գաղափար կամ փիլիսոփայական դպրոց իրեն կը համեմատէ իրեն նախորդող փիլիսոփայական համակարգերուն, ներկայացնելով անոնց քննադատական վերլուծութիւն` իր նոր համակարգի սահմաններուն մէջ: Օրինակ` [[Իմանուէլ Քանթ]]ի յայտնի աշխատութիւնը` «[[Զուտ Բանականութեան Քննադատութիւն]]»-ը, կը պարունակէ բանապաշտութեան ու փորձարապաշտութեան քննադատական վերլուծութիւնը: Այս ձեւով` տրամաբանութիւնն ու քննադատական վերլուծութիւնը կը հանդիսանան փիլիսոփայական մտածողութեան հիմքն ու կ'ապահովենկ’ապահովեն անոր ամբողջականութիւնը:
Անոր հետ միասին փիլիսոփայութեան հասկացութեան աղօտութիւնը կը հանդիսանայ անոր բնորոշ գիծը եւ կ'առանձնացնէկ’առանձնացնէ այն գիտութիւններէն: Եթէ փիլիսոփաներուն կը յաջողի նոր արդիւնաւէտ իմացութեան մէթոտաբանութեան մշակման շնորհիւ առաջընթաց ապրիլ, ապա այդ ոլորտը կ'առանձնացուիկ’առանձնացուի փիլիսոփայութենէն եւ կը դառնայ ինքնուրոյն գիտական ճիւղ: Այդպէս, իմացութեան գիտական մէթոտաբանութեան յաջողակ կիրառումը տարբեր կարգերու բնական առարկաներուն փիլիսոփայութենէն վերջնականապէս առանձնացուց բնական փիլիսոփայութեան ճիւղը, որը յետագային բաժնուեցաւ շարք մը [[Բնագիտութիւն|բնական գիտութիւններ]]ու: Օրինակ [[Իսահակ Նիւթըն]]ը գրած է իր յայտնի հիմնային աշխատանքը` «[[Բնական Փիլիսոփայութեան Թուաբանական Սկզբունքները]]», ըլլալով [[փիլիսոփայ]]` իր սեփական պատկերացմամբ, իսկ ներկայ ժամանակին ան յայտնի է որպէս բնագէտ (physicist) ու մաթեմաթիքոս: Անգլալեզու ամբողջ գիտութիւնը առ այսօր կը պահպանէ փիլիսոփայութեան հետ իր ունեցած «բարեկամական» կապի հետքեր, օրինակ` անոր մէջ, որ անոր բոլոր ճիւղերուն մէջ բարձրագոյն գիտական աստիճանը կը կրէ «[[Փիլիսոփայութեան Տոքթոր]]» անուանումը: ([[անգլերէն]]՝ Ph.D.)
 
=== Փիլիսոփայութեան բաժիններ ===
Փիլիսոփայութեան հասկացութեան յետագայ հաստատումը կ'անցնիկ’անցնի անոր տարբեր բաժիններու նկարագրման: Փիլիսոփայութիւնը կը ստորաբաժանուի երկու եղականով` ըստ ուսումնասիրման առարկայի եւ ըստ «տեսակներու», այսինքն բազմաթիւ դպրոցներու ու գաղափարախօսութեան:
Առաջին եղանակը կ'ընդգծէկ’ընդգծէ փիլիսոփայութեան կիրառման ոլորտները: Բնական է, որ այդպիսի բաժանումը կարելի է կատարել տարբեր ձեւերով: Այդպիսի բաժանումներէն ամենախոշորն է փիլիսոփայութեան բաժանումը ըստ [[Բնազանցութիւն|բնազանցութեան]] (գոյութեան հարցերը), [[Հմտաբանութիւն|հմտաբանութեան]]յի (իմացութեան հարցերը) եւ [[Արժէքներու Ուսումնասիրում|արժէքներու ուսումնասիրման]]յի (բարոյականութեան ու արժէքներու հարցերը): Այլ, աւելի դասական ձեւով, բացի վերը նշուած 3 ոլորտներէն` որպէս առանձին առարկաներ կ'ընդունուինկ’ընդունուին նաեւ [[տրամաբանութիւն]]ը (փիլիսոփայական կանգուն գաղափարախօսութեան կատարելագործումը) ու [[փիլիսոփայութեան պատմութիւն]]ը (անցեալի փիլիսոփայական դրոյթներու քննադատական վերլուծութիւնը): [[Արիստոտել (արեւմտահայերէն)|Արիստոտելի]] ժամանակ ի յայտ կու գայ փիլիսոփայութեան բաժանումը տեսական եւ բանաստեղծական (ստեղծագործական):
Երկրորդ եղանակը կ'ընդգծէկ’ընդգծէ փիլիսոփայական բազմաթիւ դպրոցներն ու մեթոտաբանութիւնները: Այդպիսի ամենախոշոր բաժանումը կը հանդիսանայ, բաժամունքի մը մէջ օրինակ ամբողջ արեւմտեան փիլիսոփայութեան, այսինքն հին փիլիսոփայութեան ու Արեւմտեան [[Եւրոպա]]յի ու [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]ի մէջ յետագային ձեւաւորուած բոլոր փիլիսոփայական դպրոցներու ու ուղղութիւններու, ինչպիսիներն են [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|գերմանական]] կամ [[ֆրանսա]]կան փիլիսոփայութիւնը, ներառումը: Պատմականօրէն` լեզուական ու տարածական արգելքներու հետեւանքով բազմաթիւ փիլիսոփայական դպրոցներ կը յայտնուէին հաստատ երկիրներու ու ժողովուրդներու սահմաններուն մէջ, ինչպիսիներն են օրինակ հին յունական, չինական կամ գերմանական փիլիսոփայութիւնը: ХVII դարէն սկսած աշխարհանայցման աստիճանական զարգացման հետ զուգընթաց` ազգային ու աշխարհագրական տարբերութիւնները կորսնցուցին իրենց կարեւորութիւնը, եւ փիլիսոփայական տարբեր ուղղութիւնները, դառնալով միջազգային, կը ստանային աշխարհագրութեանը եւ մշակոյթին չամրագրուած անուանումներ, ինչպիսիներն են օրինակ [[Մարքսիստականութիւն|Մարքսիստականութիւնը]], [[Գոյապաշտութիւն|գոյապաշտութիւնը]] եւ ուրիշներ: Անոր հետ միասին այսօր դեռ կը պահպանուին որոշակի մշակութային-լեզուական տարբերութիւններ, որոնք կը ձեւաւորեն տարբեր փիլիսոփայական ուղղութիւններ: Այդպիսի տարբերութիւններէն կարեւորագոյնն է ժամանակակից փիլիսոփայութեան բաժանումը մայրցամաքային փիլիսոփայութեան, որ կը ներառէ հիմնականութեամբ ֆրանսացի ու գերմանացի փիլիսոփաներու աշխատանքները, եւ [[Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն|վերլուծական փիլիսոփայութեան]], որ կը զարգանայ հիմնականօրէն անգլիալեզու երկրներուն մէջ:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==