'''Փիլիսոփայութիւն''', իմացութեան եւ կեցութեան ընդհանուր սկզբունքներու եւ օրինաչափութիւններու մասին գիտութիւնն է: Այն կը ձգտի պարզաբանել ամբողջ կեցութեան ընդհանուր կապը եւ միաւորել մարդկային գիտելիքի բոլոր ոլորտները: Փիլիսոփայութիւնը կարելի է համարել որոշակի աշխարհայեացք եւ աշխարհըմբռնում, որ ունի նաեւ մեթոտաբանական գործառնութիւններ:
«Փիլիսոփայութիւն» ([[յունարէն]].՝ φιλοσοφία) բառը ունի Յունական ծագում: Այն առաջացած է յունարէն «սիրել» եւ «իմաստութիւն» բառերէն: Այսինքն`Այսինքն՝ փիլիսոփայութիւն թարգմանաբար կը նշանակէ «իմաստութեան հանդէպ սէր»: Հայ մատենագրութեան մէջ «փիլիսոփայութիւն» եզրոյթին զուգահեռ գործածուած է նաեւ «իմաստասիրութիւն» բառը:
Փիլիսոփայութիւնը սկիզբ առած է Ք․Ա․ 7-րդ դարուն: Այդ կարելի էր համարել աշխարհը բանական կերպով իմաստաւորելու փորձ, որ կու գայ փոխարինելու աշխարհի մասին նախկին դիցաբանական պատկերացումները: Փիլիսոփայութիւն բառը առաջին անգամ գործածած է [[Փայթակորըս]]ը, ով կը գտնէր, որ իմաստութիւնը միայն աստուածներուն բնորոշ է, իսկ մարդը կրնայ միայն ձգտիլ իմաստութեան եւ սիրել այն:
== Փիլիսոփայութեան էութիւնը ==
Փիլիսոփայութեան բուն սահմանումը արդէն կը հանդիսանայ փիլիսոփայական բաց հարցումը: Այդ կապուած է այն կետին հետ, որ կ’ըսէ, թէ փիլիսոփայութեան ուսումնասիրման առարկան չէ`չէ՝ փիլիսոփայութիւնը կ’ուսումնասիրէ ամէն ինչ: Փիլիսոփայական տարբեր դպրոցներ, որոնք կազմաւորուած են փիլիսոփայութեան գոյութեան ընթացքին, յաճախ տարբերուսծ են իրարմէ իմացութեան մեթոտաբանութիւն, եւ այդ կերպով, այդ դպրոցներէն իւրաքանչիւրին մէջ կարելի է տալ փիլիսոփայութեան ինքնութեան իւրովի սահմանումը: Այդ պատճառով փիլիսոփայութեան սահմանումը որոշակի իմաստով փոխուած է ժամանակի ընթացքին:
Միւս կողմէն, փիլիսոփայութեան մէջ կայ կարեւոր համախմբող սկզբունք մը`մը՝ ցանկացած փիլիսոփայական դատողութիւն, ինչքան ալ անսպասելի ըլլան անոր հետեւանքները, կը կառուցուի [[բանական եղանակ]]ով` [[Իմաստ (արեւմտահայերէն)|իմաստ]]աւորուած, որոշակի մտածողական սկզբունքներուն, օրինակ` [[տրամաբանութիւն|տրամաբանութեանը]], համապատասխան: Դատողութեան բանականութիւնը կը տարբերի փիլիսոփայական [[մտածողութիւն]]ը [[դիցաբանութիւն|դիցաբանական]] եւ [[կրօն]]ական մտածողութենէն, որոնք կ’ենթադրեն [[բնապաշտութիւն]]ն ու [[գերբնական]]ը, այսինքն`այսինքն՝ [[անբանական]]ը: Այնուհետեւ այս չի նշանակէր, որ փիլիսոփայութիւնը չի կրնար գոյութիւն ունենալ օրինակ կրօնի հետ զուգահեռ: Ընդհակառակը`Ընդհակառակը՝ տարածուած են այնպիսի իրադրութիւններ, որ երբ որեւէ կրօն ընդունուած է իբրէւ փիլիսոփայական համակարգի նախադրեալ, եւ փիլիսոփայական բանական գաղափարախօսութիւնը կիրառուած է գիտութեան այն ոլորտներուն զարգացման մէջ, որոնք չէին նախատեսուիր որեւէ կրօնական [[կանոնադրութիւն|կանոնադրութեամբ]]: Օրինակ`Օրինակ՝ հին [[Հնդկաստան (արեւմտահայերէն)|հնդկական]] փիլիսոփայութիւնը մեկնաբանած է Վետաները, իսկ միջնադարեան [[Եւրոպա]]կան փիլիսոփաները մեկնաբանեցին [[Աստուածաշունչ]]ը: Տարածուած են նաեւ այն դէպքերը, երբ փիլիսոփայական մտածողութիւնը կիրառուած է որեւէ կրօնի արդարութիւնը, կամ աւելի ընդհանրացուած`ընդհանրացուած՝ ապացուցած Աստծոյ գոյութիւնը: Օրինակ`Օրինակ՝ [[քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութեան]] ջատագովները կը փորձէին բանական կերպով հիմնաւորել այս կրօնը:
Տրամաբանութենէն զատ`զատ՝ փիլիսոփայական մտածողութեան եւս մէկ վարուելաձեւ կ’ապահովէ անոր ամբողջականութիւնը: Փիլիսոփայական ցանկացած նոր ուղղութիւն, ցանկացած նոր գաղափար կամ փիլիսոփայական դպրոց իրեն կը համեմատէ իրեն նախորդող փիլիսոփայական համակարգերուն, ներկայացնելով անոնց քննադատական վերլուծութիւն`վերլուծութիւն՝ իր նոր համակարգի սահմաններուն մէջ: Օրինակ`Օրինակ՝ [[Իմանուէլ Քանթ]]ի յայտնի աշխատութիւնը`աշխատութիւնը՝ «[[Զուտ Բանականութեան Քննադատութիւն]]»-ը, կը պարունակէ բանապաշտութեան ու փորձարապաշտութեան քննադատական վերլուծութիւնը: Այս ձեւով`ձեւով՝ տրամաբանութիւնն ու քննադատական վերլուծութիւնը կը հանդիսանան փիլիսոփայական մտածողութեան հիմքն ու կ’ապահովեն անոր ամբողջականութիւնը:
Անոր հետ միասին փիլիսոփայութեան հասկացութեան աղօտութիւնը կը հանդիսանայ անոր բնորոշ գիծը եւ կ’առանձնացնէ այն գիտութիւններէն: Եթէ փիլիսոփաներուն կը յաջողի նոր արդիւնաւէտ իմացութեան մէթոտաբանութեան մշակման շնորհիւ առաջընթաց ապրիլ, ապա այդ ոլորտը կ’առանձնացուի փիլիսոփայութենէն եւ կը դառնայ ինքնուրոյն գիտական ճիւղ: Այդպէս, իմացութեան գիտական մէթոտաբանութեան յաջողակ կիրառումը տարբեր կարգերու բնական առարկաներուն փիլիսոփայութենէն վերջնականապէս առանձնացուց բնական փիլիսոփայութեան ճիւղը, որը յետագային բաժնուեցաւ շարք մը [[Բնագիտութիւն|բնական գիտութիւններ]]ու: Օրինակ [[Իսահակ Նիւթըն]]ը գրած է իր յայտնի հիմնային աշխատանքը`աշխատանքը՝ «[[Բնական Փիլիսոփայութեան Թուաբանական Սկզբունքները]]», ըլլալով [[փիլիսոփայ]]` իր սեփական պատկերացմամբ, իսկ ներկայ ժամանակին ան յայտնի է որպէս բնագէտ (physicist) ու մաթեմաթիքոս: Անգլալեզու ամբողջ գիտութիւնը առ այսօր կը պահպանէ փիլիսոփայութեան հետ իր ունեցած «բարեկամական» կապի հետքեր, օրինակ`օրինակ՝ անոր մէջ, որ անոր բոլոր ճիւղերուն մէջ բարձրագոյն գիտական աստիճանը կը կրէ «[[Փիլիսոփայութեան Տոքթոր]]» անուանումը: ([[անգլերէն]]՝ Ph.D.)
=== Փիլիսոփայութեան բաժիններ ===
Փիլիսոփայութեան հասկացութեան յետագայ հաստատումը կ’անցնի անոր տարբեր բաժիններու նկարագրման: Փիլիսոփայութիւնը կը ստորաբաժանուի երկու եղականով`եղականով՝ ըստ ուսումնասիրման առարկայի եւ ըստ «տեսակներու», այսինքն բազմաթիւ դպրոցներու ու գաղափարախօսութեան:
Առաջին եղանակը կ’ընդգծէ փիլիսոփայութեան կիրառման ոլորտները: Բնական է, որ այդպիսի բաժանումը կարելի է կատարել տարբեր ձեւերով: Այդպիսի բաժանումներէն ամենախոշորն է փիլիսոփայութեան բաժանումը ըստ [[Բնազանցութիւն|բնազանցութեան]] (գոյութեան հարցերը), [[Հմտաբանութիւն|հմտաբանութեան]]յի (իմացութեան հարցերը) եւ [[Արժէքներու Ուսումնասիրում|արժէքներու ուսումնասիրման]]յի (բարոյականութեան ու արժէքներու հարցերը): Այլ, աւելի դասական ձեւով, բացի վերը նշուած 3 ոլորտներէն`ոլորտներէն՝ որպէս առանձին առարկաներ կ’ընդունուին նաեւ [[տրամաբանութիւն]]ը (փիլիսոփայական կանգուն գաղափարախօսութեան կատարելագործումը) ու [[փիլիսոփայութեան պատմութիւն]]ը (անցեալի փիլիսոփայական դրոյթներու քննադատական վերլուծութիւնը): [[Արիստոտել (արեւմտահայերէն)|Արիստոտելի]] ժամանակ ի յայտ կու գայ փիլիսոփայութեան բաժանումը տեսական եւ բանաստեղծական (ստեղծագործական):
Երկրորդ եղանակը կ’ընդգծէ փիլիսոփայական բազմաթիւ դպրոցներն ու մեթոտաբանութիւնները: Այդպիսի ամենախոշոր բաժանումը կը հանդիսանայ, բաժամունքի մը մէջ օրինակ ամբողջ արեւմտեան փիլիսոփայութեան, այսինքն հին փիլիսոփայութեան ու Արեւմտեան [[Եւրոպա]]յի ու [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|ԱՄՆ]]ի մէջ յետագային ձեւաւորուած բոլոր փիլիսոփայական դպրոցներու ու ուղղութիւններու, ինչպիսիներն են [[Գերմանիա (արեւմտահայերէն)|գերմանական]] կամ [[ֆրանսա]]կան փիլիսոփայութիւնը, ներառումը: Պատմականօրէն`Պատմականօրէն՝ լեզուական ու տարածական արգելքներու հետեւանքով բազմաթիւ փիլիսոփայական դպրոցներ կը յայտնուէին հաստատ երկիրներու ու ժողովուրդներու սահմաններուն մէջ, ինչպիսիներն են օրինակ հին յունական, չինական կամ գերմանական փիլիսոփայութիւնը: ХVII դարէն սկսած աշխարհանայցման աստիճանական զարգացման հետ զուգընթաց`զուգընթաց՝ ազգային ու աշխարհագրական տարբերութիւնները կորսնցուցին իրենց կարեւորութիւնը, եւ փիլիսոփայական տարբեր ուղղութիւնները, դառնալով միջազգային, կը ստանային աշխարհագրութեանը եւ մշակոյթին չամրագրուած անուանումներ, ինչպիսիներն են օրինակ [[Մարքսիստականութիւն]]ը, [[գոյապաշտութիւն]]ը եւ ուրիշներ: Անոր հետ միասին այսօր դեռ կը պահպանուին որոշակի մշակութային-լեզուական տարբերութիւններ, որոնք կը ձեւաւորեն տարբեր փիլիսոփայական ուղղութիւններ: Այդպիսի տարբերութիւններէն կարեւորագոյնն է ժամանակակից փիլիսոփայութեան բաժանումը մայրցամաքային փիլիսոփայութեան, որ կը ներառէ հիմնականութեամբ ֆրանսացի ու գերմանացի փիլիսոփաներու աշխատանքները, եւ [[Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն|վերլուծական փիլիսոփայութեան]], որ կը զարգանայ հիմնականօրէն անգլիալեզու երկրներուն մէջ:
== Փիլիսոփայութեան Բաժանումը Ըստ Ուսումնասիրուող Առարկայի ==
=== Տրամաբանութիւն ===
Քանի որ փիլիսոփայութիւնը կազմուած է բանական դատողութիւններէ, տրամաբանութիւնը կը հանդիսանայ անոր առաջնային ստորոգելիքը: Փիլիսոփայական բազմաթիւ համակարգերու վերլուծութեան, անոր`անոր՝ իրար հետ համեմատման համար անհրաժեշտ է կատարել փիլիսոփայական բազում պնդումներու ու տեսութիւններու քննադատական վերլուծութիւն: Այն պատճառով, որ մարդկային մտածելակերպը կը ձեւաւորէ բառացիօրէն, տրամաբանութիւնը սերտ կապուած է հատուածներու ու լեզուներու վերլուծութեան հետ: Այն կը պաշտօնականացնէ բառային դատողութիւնները եւ կը որոշէ ձեւերը, որոնք ընդունելի են վերլուծութեան համար: Դատողութեան տրամաբանական պաշտօնականացման առաջին քայլը դարձաւ հաւաքաբանութեան, կամ տեսակի դատողութիւններու ի յայտ գալը:
:: ''(1) Բոլոր կենդանիները մահկանացու են. (2) փիղը կենդանի է. հետեւաբար` (3) փիղը մահկանացու է:''
[[Հաւաքաբանութիւն|Հաւաքաբաններու]] ճիշտ կիրառումը կը բանայ ապացուցական դատողութիւններու ճանապարհը փիլիսոփայութեան, թուաբանութեան, բնական գիտութիւններու կամ մտածելակերպի ձեւաւորման մէջ:
Իր թուացեալ դիւրութեան հետ մէկտեղ, հաւաքաբանութեան տարանջատումը մարդկային սովորական խօսքէն տեղի ունեցած է ոչ մէկ անգամէն եւ ոչ ամէնուր: Անոնց տարանջատումը, որպէս ապացոյցի տեսակի, խթանուած է փիլիսոփայութեան եւ թուաբանութեան կապակցումէն, որ տարածուած էր Հին [[Յունաստան]]ի մէջ: Հաւաքաբանութեան եւ տրամաբանական պարզագոյն համակարգի հասկացողութեան առաջին պաշտօնական շարադրանքը կը պատկանի [[Արիստոտել (արեւմտահայերէն)|Արիստոտել]]ին: Անոր տրամաբանութիւնը կը մնար անփոփոխ շուրջ 2 հազար տարի, մինչեւ XX դարու սկիզբը, երբ թուաբանութեան եւ [[Վերլուծական Փիլիսոփայութիւն|վերլուծական փիլիսոփայութեան]] հետազօտութիւնները ճանապարհ հարթեցին տրամաբանութեան զարգացման համար: Ձեւաւորուեցաւ «Առաջին Կարգի Տրամաբանութիւն» կամ «Բրետիքատներու Տրամաբանութիւն», որ ներկայիս լաւ ուսումնասիրուած է: Սակայն, կը պարզուի, որ փիլիսոփայութեան պնդումներու, առաւել եւս մարդկային բնական ամբողջական խօսքի վերլուծութեան համար անհրաժեշտ է աւելի բարձր դասերու տրամաբանութիւններու ու մարդկանց տրամաբանութեան, մասնաւորապէս`մասնաւորապէս՝ երկրորդ կարգի տրամաբանութեան կիրառումը: Բացի այդ, պաշտօնական նշանային լեզուի ու մարդկային բնական լեզուի փոխկապակցուածութիւնը կը հետազօտէ տրամաբանական [[իմաստաբանութիւն|իմաստաբանութիւնը]]ը: Այս գաղափարները`գաղափարները՝ աւելի բարձր դասերու բարոյական տրամաբանութեան հետ միասին կը շարունակեն մնալ աշխոյժ միջգաղափարային հետազօտութիւններու ոլորտ: Ժամանակակից տրամաբանութիւնը կազմուած է արդիական, խոր թուաբանական համակարգերէ, որոնք կ'ուսումնասիրուին [[փիլիսոփայ]]ներու, [[թուաբան]]ներու, [[լեզուաբան]]ներու, վերջերս նաեւ`նաեւ՝ [[ծրագրաւորող]]ներու եւ լուծման տեսութեան եւ արհեստական բանականութեան ոլորտի մասնագէտներու կողմէ: Այդպէս`Այդպէս՝ տրամաբանութիւնը կը հանդիսանայ ինչպէս ամենահին, այդպէս ալ ամենաժամանակակից գաղափարը:
== Յաւելեալ ==
== Կամքը Փիլիսոփայութեան Տեսանկիւնէն ==
Կամքը կը քննարկուի`քննարկուի՝ շաղկապուելով [[Նպատակայնութիւն|նպատակայնութեան]], [[Ազատութիւն|ազատութեան]] եւ անհրաժեշտութեան հիմնահարցերուն: Գաղափարականութիւնը կը դիտարկէ կամքը`կամքը՝ իբրեւ արտաքին ազդեցութիւններէն ու հանգամանքներէն անկախ եւ առարկայական անհրաժեշտութեան հետ չկապակցուած [[յատկանիշ]], որ կ'արտայայտէ մարդու գործողութիւններով ու արարքներով`արարքներով՝ որպէս ազատութեան դրսեւորում: Ըստ [[նիւթապաշտութիւն|նիւթապաշտութեան]], կամային գործունէութեան սկզբնաղբիւրը միշտ ալ կը մնայ առարկայական աշխարհը, մարդու առարկայանական գործունէութիւնը, որ ուղղուած է աշխարհի վերափոխմանը եւ հիմնուած է բնութեան առարկայական օրէնքներու վրայ: Նիւթի ներքին պայմաններու (պահանջմունքներ,[[հետաքրքրութիւն]]ներ,[[ցանկութիւն]]ներ, գիտելիքներ եւ այլն) անդրադարձած առարկայական աշխարհը անոր համար հնարաւորութիւն կը ստեղծէ տարբեր նպատակներ գոյացնելու, որոշումներ կայացնելու, վարուելու այս կամ այն կերպով: Նիւթապաշտութիւնը դրոյթներով ազատ է ոչ թէ կամքը, որ կ'ընտրէ`ընտրէ՝ առաջնորդուելով միայն նիւթական ցանկութիւններով, այլ այն կամքը, որ կ'ընտրէ`ընտրէ՝ համապատասխանելով առարկայական անհրաժեշտութեան:
Կային [[փիլիսոփայ]]ներ ([[Սփինոզա]]), որոնք ընդհանրապէս կը ժխտէին կամքի ազատութիւնը`ազատութիւնը՝ բացարձականացնելով անհրաժեշտութիւնը եւ մերժելով [[պատահականութիւն]]ը: Իսկ որոշ փիլիսոփաներ կը դիտարկէին կամքը`կամքը՝ որպէս կոյր, ոչ բանական եւ չգիտակցուող ուժ, որ առկայ է ոչ միայն շնչաւոր արարածներու, այլեւ ողջ բնութեան մէջ եւ ամբողջ գոյի [[Բնազանցութիւն|բնազանցական]] (metaphysical) հիմնաւորումն ու սկիզբն է: Կամքի այսպիսի բնութագիրը ընդհանրութիւններ ունի [[Քանթ]]ի «իրը` ինքն իր մէջէ հասկացութեան հետ»:
[[կեցութիւն|Կեցութեան]] բնազանցական սկիզբը կամքին վերագրելը [[Կամովականութիւն|կամովականութեան]] (voluntaryism) հիմնական դրոյթներէն է: Կամովականութեան հիմնադիրը Օուգստոս Երանելին էր, ով կամքը վեր կը դասէր [[իմացութիւն|իմացութենէն]]: Կամովականութիւնը յետագային զարգացուցին [[Տունս Սքոփ]]ը եւ [[Ուիլհելմ Օքքամ]]ը: Այնուհետեւ անոնց յետնորդները դարձան Շոփենհաուըրը եւ Ուունտդը:
Հայ փիլիսոփայական մտքի սահմաններուն մէջ նոյնպէս չեն անտեսուիր կամքի, մասնաւորապէս կամքի ազատութեան հիմնահարցը: Տարբեր ժամանակներու հայ առաջադիմական մտածողները ճակատագրի անվերապահութիւնը ընդգծող կամ մերժող հայեացքներով այս կամ այն կերպ միշտ ալ անդրադարձած են մարդու կամքի ազատութեան հարցին: Այդ մտածողներու շրջանակներուն մէջ կարելի է ընդգծել հետեւեալ անունները`անունները՝ [[Մեսրոպ Մաշտոց (արեւմտահայերէն)|Մեսրոպ Մաշտոց]], [[Կորիւն]], [[Եզնիկ Կողբացի (արեւմտահայերէն)|Եզնիկ Կողբացի]], [[Եղիշէ]], [[Փաւստոս Բիւզանդ]], [[Ղազար Փարպեցի (արեւմտահայերէն)|Ղազար Փարպեցի]], [[Մովսէս Խորենացի]], [[Դաւիթ Անյաղթ]], [[Գրիգոր Նարեկացի (արեւմտահայերէն)|Գրիգոր Նարեկացի]], [[Յովհաննէս Երզնկացի]], [[Ֆրիկ (արեւմտահայերէն)|Ֆրիկ]], [[Նահապետ Քուչակ (արեւմտահայերէն)|Նահապետ Քուչակ]], [[Մխիթար Գոշ (արեւմտահայերէն)|Մխիթար Գոշ]], [[Վարդան Այգեկցի (արեւմտահայերէն)|Վարդան Այգեկցի]], [[Յովհաննէս Սարկաւագ]], [[Վահրամ Րապունի]], [[Ներսես Դ Կլայեցի (արեւմտահայերէն)|Ներսէս Շնորհալի]], [[Գրիգոր Տաթեւացի]], [[Մխիթար Հերացի (արեւմտահայերէն)|Մխիթար Հերացի]], [[Ստեփանոս Լեհացի (արեւմտահայերէն)|Ստեփանոս Լեհացի]], [[Շահամիր Շահամիրեան]], [[Խաչատուր Աբովեան]], [[Միքայէլ Նալբանդեան]], [[Եղիա Տէմիրճիպաշեան|Ե. Տէմիրճիպաշեան]], [[Րաֆֆի (արեւմտահայերէն)|Րաֆֆի]], [[Սուրէն Սպանդարեան|Ս. Սպանդարեան]], [[Ստեփան Շահումեան|Ս. Շահումեան]], [[Սարգիս Կասեան|Ս. Կասեան]], [[Ալեքսանդր Մեասնիկեան|Ա. Մեասնիկեան]] եւ այլն:
== Ծանօթագրութիւններ ==
|