«Փինք Ֆլոիտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{Տեղեկաքարտ Երաժիշտ (արեւմտահայերէն) |գոյն= Purple |անուանում= Փինք Ֆլոիտ |պատկեր= Pink_Floyd_68.jpg |պատկերի...»:
 
Չ clean up, փոխարինվեց: ։Կ → ։ Կ, → (6), ,ս → , ս oգտվելով ԱՎԲ
Տող 27.
}}
 
'''Փինք Ֆլոիտ''' (անգլ.՝ Pink Floyd), Պրիտանական [[փրոկրեսիվ]]/[[փսիքոտելիկ]] ռոք խումբ է։ Առանձնապէս յայտնի է իր ստեղծագործութիւններուն մէջ, շօշափուող փիլիսոփայական եւ հայեցակարգային թեմաներով, ձայնային եւ լուսատեսողական փորձարկումներով եւ շքեղ համերգներով։ Հիմնադրուած է [[1966]] թուականին, վերջին ալպոմը՝ The Endless River, թողարկուած է 2014 թուականին<ref>http://www.saberingles.com.ar/reading/pink-floyd.html</ref>։
 
== Պատմութիւն==
Խումբը ստեղծուած է [[1966]] թուականին [[Քէմպրիճի]] քոլէճի շրջանաւարտներ [[Սիտ Պարրըթ]]ի եւ Ռոճըր Ուոթըրսի կողմէն։ Պարրըթը այդ ժամանակ արդէն իսկ բազմաթիւ երգերու եւ բանաստեղծութիւններու հեղինակ էր, իսկ Ուոթըրսը [[1965]]-էն ռիթմ-էնտ-պլիւզ կը նուագէր "SIGMA-6" խումբին մէջ, որուն անդամներ [[Ռիք Ռայթ]]ը (ստեղնաշարային գործիքներ) եւ Նիք Մէյսընը (հարուածային գործիքներ) եւս ներգրաւուեցան Փինք Ֆլոիտի կազմին մէջ։ Զանոնք ցնցեց Պարրըթի անսովոր, սիւրռէալիստական փոէզիի միախառնումը Ուոթըրսի իւրահատուկ փսիքոտելիկ էֆֆեքտներուն հետ։ Կարճ ժամանակով անոնց միացաւ կիթառահար Պոպ Քլոուզը, իսկ նախապէս "The Screaming Abdabs" կոչուած խումբը Պարրըթի առաջարկով վերանուանուեցաւ "The Pink Floyd Sound" (պլիւզմէններ Փինք Անտըրսընի եւ Ֆլոյիտ Քաունսիլի անուններուն համատեղումէն)։ Խումբը ելոյթներ կ՚ունենար լոնտոնեան ակումբներուն մէջ, իսկ [[1966]] թ. Դեկտեմբերին մենեճէրներ Էնհրիւ Քինկի եւ Փիթըր Ճեննըրի ղեկավարութեամբ ձայնագրեց առաջին սինկլը՝ "Arnold Layne"։ Բրիտանական ազգային ռատիոն հրաժարուեցաւ հեռարձակել երգը, այդուհանդերձ այն մտաւ բրիտանական հիթ-շքերթ եւ վերջին հաշուվ նուաճեց 6-րդ հորիզոնականը։ Պարրըթի փոէզին՝ համեմուած Կրէմի եւ Քերոլի կերպարներով, լայն ճանաչում գտաւ։ Այդ ընթացքին Պարրըթը աւելի ու աւելի կը տարուէր թմրադեղերով (յատկապէս LSD-ով) եւ կ՚իյնայ տեսիլքներու մէջ, երթալով կը կտրուէր շրջակայ աշխարհէն եւ կ՚ընկղմուէր իր ներքին խնդիրներուն մէջ<ref>http://www.angelfire.com/biz/velvetlounge/editorial.html</ref>։
 
Ստեղծուեցաւ խումբին առաջին մեծածաւալ շօն - "Games for May", որով ինչ-որ չափով նշանաւորուեցաւ խումբին յետագայ ճանապարհը։ "See Emily Play"-ը եւս մտաւ հիթ-շքերթ, խումբը գրաւեց մամուլի ուշադրութիւնը։ Ինչպէս յետագային գրեցին քննադատները, երեւան կու գար նոր՝ այսպէս կոչուած «ելեկտրոնային փուլսէյշընի» ոճը, որու ծիրին մէջ կը միախառնուէին ինչպէս՝ դասական եւ ճազ, այնպէս ալ՝ հնագոյն անգլիական եւ շոթլանտական մեղեդիները, իսկ մօտ ապագային պէտք է յայտնուէր հիփփիական պսիքոտելիկան։
Տող 36.
[[1967]]-ին թողարկուեցաւ խումբին առաջին ալպոմը՝ ի դէպ, ձայնագրուած լեկենտար "Abbey Road" ստուտիոյի եւ The Beatles-ի հաւանական ազդեցութեամբ՝ "The Piper at the Gates of Dawn" (Սրինգահարը արեւածագի դարպասներուն մօտ), ուր Պարրըթի անդրաշխարհային թեքսթերը եւ խելագար ձայնային երանգաւորումները թերեւս իրենց գագաթնակէտին կը գտնուէին։ Այն մեծ հռչակ բերաւ խումբին, իսկ Սիտի արուեստի որոշ սիրահարներու կարծիքով՝ դարձաւ լաւագոյնը խումբի ողջ պատմութեան ընթացքին։
 
[[1967]]-ին տեղի ունեցաւ Փինք Ֆլոիտի առաջին Բրիտանական համերգային շրջագայութիւնը, որ մեծ աղմուկ յառաջացուց։ Սակայն այն ունեցաւ եւ բացասական երանգ՝ երբեմն Պարրըթը բեմին վրայ կը դադրէր նուագելէ, եւ հայեացքը ուղղած դահլիճին՝ կ՚ընկղմուէր ինքն իր մէջ։ Ուժեղ թմրադեղերը իրենց քայքայիչ ազդեցութիւնը կը ձգէին Պարրըթի գիտակցութեան վրայ։ Վերջիվերջոյ, անոր փոխարէն խումբ հրաւիրուեցաւ Ուոթըրսին ընկերը՝ արտակարգ կիթառահար եւ նաեւ երգիչ Տէյվիտ Կիլմորը, որն ալ որոշ ժամանակ անց պաշտօնապէս զբաղեցուց Պարրըթի տեղը։ 1968-ին յայտնուեցաւ խումբին նոր ծրագիրը - "A Saucerful of Secrets". կրկին մեծ յաջողութիւն, մասամբ շնորհիվ "Corporal Clegg" երգի, որ կը պատմէ փայտէ ոտքով եւ թագուհիի շնորհած մետալով հայրենիք վերադարձած զինուորին մասին։
 
Սիտի հեռացումէն յետոյ Ուոթըրսի քաղաքական ձախ հայեացքները եւ Կիլմորի սէրը կատարեալ պլիւզի եւ զանգուածային աննկարագրելի շօերու նկատմամբ պէտք է վճռորոշէին խումբին հիմնական ոճը։ Նոյն 1968-ին Փինք Ֆլոիտը շրջագայեցաւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Ճափոնի եւ Աւստրալիոյ մէջ՝ մեծապէս խթանելով ձայնապնակներու վաճառքը եւ հետաքրքրութիւնը խումբին հանդէպ <ref>http://www.pink-floyd-music.com/history1.html</ref>։ «Մեծ, լաւագոյն եւ համապարփակ» շօ ստեղծելու ցանկութեամբ խումբը համերգ կազմակերպեց լիճին վրայ՝ հրավառութեան, պայթիւններու, վեր լողացող հսկայական փչովի ութոտանիի եւ ձուկերու ուղեկցութեամբ, ինչը հերթական սքանտալի մը պատճառը դարձաւ։
Տող 48.
1979 թ. կը յայտնուի "The Wall"-ը։
 
“The Wall”-ը կրկնակի ձայնասկաւառակն էր։ Այն իրմէ էփիքական ռոք օփերա կը ներկայացնէր՝ գրուած մէկ շունչով։ Ինչպէս եւ նախորդ ձայնասկաւառակը, “The Wall”-ը ամբողջականութիւն մըն էր եւ ստեղծագործութիւնները զիրար կը յաջորդէին առանց միջերգային դադարներու։ Այս ձայնասկաւառակը կը դառնայ Փինք Ֆլոիտի լաւագոյն աշխատանքներէն մէկը, շատերուն կարծիքով լաւագոյնը, գերազանցելով “The Dark Side of the Moon”-ին։ Թողարկումէն յետոյ խումբը կը մեկնի համաշխարհային մեծ շրջագայութիւններու։
 
1980թ. Ռոճըր Ուոթըրսը կ՚առաջարկէ բեմադրիչ Ալան Փարքըրին նկարահանել ֆիլմ՝ “The Wall” ձայնասկաւառակի երգերու եւ իր՝ Ուոթըրսի գրած սենարիոյով։ Գլխաւոր դերին մէջ նկարահանուած է Պոպ Կելտոֆը՝ “Boomtown Rats” խումբէն, աւելի յայտնի որպէս “Live Aid” և “Live 8” բարեգործական համերգ-նախագիծերու հեղինակ եւ կազմակերպիչ։
Տող 61.
Սովորաբար ձայնասկաւառակ թողարկելէն յետոյ խումբը կը մեկնէր շրջագայութիւններու, այս անգամ խախտեցաւ այդ աւանդոյթը, աւելին՝ ձայնասկաւառակի թողարկումէն յետոյ Ուոթըրսը կը յայտարարէ խումբէն հեռանալու մասին, այդպիսով վերջ դնելով Փինք Ֆլոիտի գոյութեանը։
 
Չորս տարի անց՝ 1987 թ. Կիլմորը եւ Մէյսընը կ՚որոշեն վերածնել Փինք Ֆլոիտը, բայց առանց Ուոթըրսի։ԿըՈւոթըրսի։ Կը սկսին ձայնագրութիւններ նոր՝ “A Momentary Lapse of Reason” անուանումով ձայնասկաւառակի համար։ Ձայնագրութիւններուն կը մասնակցէր նաեւ խումբի երրորդ անդամը՝ Ռիչըրտ Ռայթը, բայց որպէս հրաւիրուած երաժիշտ։
Ձայնասկաւառակը ջերմօրէն ընդունուեցաւ Փինք Ֆլոիտի սիրահարներուն կողմէն, այն պատրաստուած էր դասական Փինք Ֆլոիտեան ոճով։ Այսպէս խումբի անդամները ապացուցեցին, որ առանց Ուոթըրսի ալ, որ Pink Floyd-ի երգերէն շատերուն հեղինակն էր, խումբը կրնայ արդիւնքի հասնիլ։
 
Տող 77.
 
[[2008]] թուականի [[Սեպտեմբեր]] [[15]]-ին [[65]] տարեկան հասակի մէջ քաղցկեղէ կը մահանայ [[Ռիչըրտ Ռայթ]]ը՝ ի չիք դարձնելով Փինք Ֆլոիտի լիարժէք վերամիաւորուելու յոյսերը։
 
 
== Սկավառակագրություն ==