«Փինք Ֆլոիտ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ջնջված պատկերի հղման հեռացում
Չ →‎Պատմութիւն: փոխարինվեց: <ref → <ref oգտվելով ԱՎԲ
Տող 39.
[[1967]]-ին տեղի ունեցաւ Փինք Ֆլոիտի առաջին Բրիտանական համերգային շրջագայութիւնը, որ մեծ աղմուկ յառաջացուց։ Սակայն այն ունեցաւ եւ բացասական երանգ՝ երբեմն Պարրըթը բեմին վրայ կը դադրէր նուագելէ, եւ հայեացքը ուղղած դահլիճին՝ կ՚ընկղմուէր ինքն իր մէջ։ Ուժեղ թմրադեղերը իրենց քայքայիչ ազդեցութիւնը կը ձգէին Պարրըթի գիտակցութեան վրայ։ Վերջիվերջոյ, անոր փոխարէն խումբ հրաւիրուեցաւ Ուոթըրսին ընկերը՝ արտակարգ կիթառահար եւ նաեւ երգիչ Տէյվիտ Կիլմորը, որն ալ որոշ ժամանակ անց պաշտօնապէս զբաղեցուց Պարրըթի տեղը։ 1968-ին յայտնուեցաւ խումբին նոր ծրագիրը - "A Saucerful of Secrets". կրկին մեծ յաջողութիւն, մասամբ շնորհիվ "Corporal Clegg" երգի, որ կը պատմէ փայտէ ոտքով եւ թագուհիի շնորհած մետալով հայրենիք վերադարձած զինուորին մասին։
 
Սիտի հեռացումէն յետոյ Ուոթըրսի քաղաքական ձախ հայեացքները եւ Կիլմորի սէրը կատարեալ պլիւզի եւ զանգուածային աննկարագրելի շօերու նկատմամբ պէտք է վճռորոշէին խումբին հիմնական ոճը։ Նոյն 1968-ին Փինք Ֆլոիտը շրջագայեցաւ Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Ճափոնի եւ Աւստրալիոյ մէջ՝ մեծապէս խթանելով ձայնապնակներու վաճառքը եւ հետաքրքրութիւնը խումբին հանդէպ <ref>http://www.pink-floyd-music.com/history1.html</ref>։ «Մեծ, լաւագոյն եւ համապարփակ» շօ ստեղծելու ցանկութեամբ խումբը համերգ կազմակերպեց լիճին վրայ՝ հրավառութեան, պայթիւններու, վեր լողացող հսկայական փչովի ութոտանիի եւ ձուկերու ուղեկցութեամբ, ինչը հերթական սքանտալի մը պատճառը դարձաւ։
1969 թ. թողարկուեցաւ "More" ծրագիրը եւ "Ummagumma" կրկնակի ալպոմը՝ երկու խիստ տարբեր աշխատանքներ։ Եթէ առաջինը կազմուած էր լիրիկական հանգիստ երգերէ, ապա երկրորդը կը ներկայացնէր ելեկտրոնային աղմկոտ մետիթէյշըն (առաջին սկաւառակին), ինչպէս նաեւ՝ համերգային կատարումներ (երկրորդ սկաւառակին)։
Յաջորդ ալպոմը - "Atom Heart Mother" (1970), մեծ յաջողութիւն ունեցաւ։ Ալպոմի "If" երգին մէջ կը զգացուի չիրականացած յոյսերու եւ առանձնութեան ցաւը, անելանելիութեան ճիչը։