«Փղուոր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «''Փղուոր''' ({{Լեզու la|Fluorum}}) նշանակումը <big>'''F'''</big> կարգահամարը՝ 9, հիւլէական զանգուածը՝ 18,998403: Բնական...»:
 
No edit summary
Տող 11.
Փղուորը երկրակեղեւին տարածուած տարր է (տարածուածութեամբ տասներկուերորդն է), կը կազմէ անոր զանգուածի 6.25-10<sup>−2</sup>%-ը։ Յայտնի են փղուորիտային 35 միներալներ, որոնցմէ ամենատարածուածները փղուորիթը, քրիոլիթը եւ փղուորապատիտն են։ Զգալի քանակով փղուոր կը պարունակեն ափաթիաները՝ եւ փոսփորիթները։
== Քիմիական Յատկութիւններ ==
Տարրերու պայբերականպարբերական համակարգի 2<sup>րդ</sup> պարբերութեան 7<sup>րդ</sup> խումբի տարր։ p-տարր է, կը պատկանի աղածիններու շարքին, հիւլէի ելեկտրոնային թաղանթներուն կառուցուածքն է․ 1S<sup>2</sup>2S<sup>2</sup>2P<sup>5</sup>։
== Պահպանում ==
Փղուորը կը պահեն ե՛ւ կազային վիճակին (ճնշման տակ), ե՛ւ հեղուկ վիճակին, ուժեղ օքսիտացնող յատկութեամբ պայմանաւորուած՝ գրեթէ բոլոր մետաղները կ'ենթարկուեն քորոզիոյ, այդ պատճառաւ տարողութիւնները կը պատրաստեն [[նիքէղ]]է, որը կայունութիւն ձեռք կը բերէ՝ շնորհիւ մետաղի մակերեւոյթին գոյացող աղի՝ NiF<sub>2</sub>, պաշտպանիչ շերտի։
 
== Կիրառութիւն ==
Փղուորն կ'օգտագործեն յատուկ փլաստմաս (թեֆլոն), ֆրեոններու եւ հեղուկ հրթիռային վառելիքի օքսիտիչի ստացման համար։
Փղուորը լայնօրէն կ'օգտագործուէ որոշ օրկանական նյութերու՝ սառնակենթներու եւ փղուորափլասթներու արտադրութեան համար։
 
Փղուորը կ'օգտագործուէ UF<sub>6</sub>, C1F<sub>2</sub>, SF<sub>6</sub> եւ այլն ստանալով, UF<sub>6</sub>-ը՝ ուրանիւմի իզոթոփներն իրարէ բաժնելու համար, C1F<sub>3</sub>, WF<sub>6</sub>, SF<sub>6</sub>, BrF<sub>5</sub>-ը՝ եւ այլն որպէս փղուորացնող միջոցներ, իսկ SF<sub>6</sub>-ը՝ նաեւ ելեկտրաթեքնիքի արդիւնաբերութեյան մէջ։ Սառնարաններուն մէջ կիրառուող ֆրէոն՝ CCl<sub>2</sub>F<sub>2</sub>, դիւրաեռ հեղուկը, որը շոգիացման ենթարկուելիս (ճնշումը կտրուկ փոքրացնելու միջոցաւ) շրջապատէն կը խլէ մեծ քանակով ջերմութիւն։ Նշուած նիւթը, որուն քիմիական անունն է երկքղորերկփղուորմէթան, կ'օգտագործուէ նաեւ որպէս ցնդելիութիւն ապահովող նիւթ զանազան աէրոզոլներուն եւ կենցաղային օդափոխիչներուն մէջ։
 
Փղուորէն կը ստանան քառափղուոր էթիլէն՝ C<sub>2</sub>F<sub>4</sub>, որմէ ալ փոլիմերացման փոխազդեցութիւնով կ'արտադրեն թանկարժէք փլասթզանգուած՝ փոլիթեթրափղուորէթիլէն՝ թեֆլոն։
 
Հեղուկ փղուորը հրթիռային վառելանիւթի օքսիտիչ է։ Լայն կիրառում ունեն փղուորաջրածինը, աղումինիւմի փղուորիտը, սիլիկիւմի փղուորիտը եւ այլն։ Փղուորի թոյլատրելի առաւելագոյն քանակութիւնն օդին մէջ 0.15 մգ/մ<sup>3</sup> է։
 
== Կենսաբանական եւ Ֆիզիոլոկիական Դեր ==
Փղուորը կենսաբանօրէն առոյգ միկրոտարր է, կը պարունակուէ բուսական եւ կենդանական օրկանիզմներուն մէջ։ Անոր կենսաբանական դերը վատ ուսումնասիրուած է, պարզուած է անոր նշանակութիւնը միայն ոսկրային հիւսուածքներուն համար։ Կենդանի օրկանիզմներուն մէջ կը գտնուի անօրկանական միացութիւններու ձեւով, յատկապէս ոսկորներուն (100-300 մկ/քկ) եւ ակռաներուն մէջ։
 
Փղուորը մարդու եւ անասուններու օրկանիզմ կը ներմուծուէ հիմնականին խմելու ջուրի հետ (այն պէտք է պարունակի 1-1.5 մկ/լ փղուոր )։ Փղուորի անբաւարարութեան պարագային կ'յառաջանայ ակռաներու փտում, աւելցուկի պարագային՝ փղուարոզ։ Փղուորը խիստ թունաւոր է։ Փղուոր պարունակող պատրաստուկները կ'օգտագործուեն որպէս հակաուռուցքային նէյրոլեփթիք, հակաընկճումային եւ թմրումային միջոցներ։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Փղուոր» էջէն