«Փոխադրամիջոց» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ|Q7590}}
{{Արևելահայերեն|Տրանսպորտ}}
 
'''Փոխադրամիջոցը''' մարդկանց կամ բեռի տեղի փոխադրման միջոցն է:
 
== Պատմութիւնը ==
*5000 թուականին նախքան Քրիստոս, միակ փոխադրամիջոցը անասուններն էին. Եզներն ու էշերը կ՛օգտագործուէին փոխադրութեան համար:
*3500 թուականին նախքան Քրիստոս, Եգիպտացիները կը հնարեն առաջին առագաստանաւը: Մինչ այդ, մարդիկ կը թիավարէին փոքրիկ լաստերով:
Նոյն ժամանակաշրջանին, Միջագետքի մէջ՝ ներկայիս Իրաք, անիւով փոխադրակառքեր կը հնարուին: Բայց անիւները ծանր փայտէ էին, իսկ ճամբաները անտանելի:
*800 թուականին Վայքինկները իրենց նաւերով արդէն ծովերու վրայ լուրջ ուժ կը ներկայացնէին:
*1000 թուականին մագնիսական կողմնացոյցը օստագործելով, Չինացիները կրնային երկար հեռաւորութիւններ կտրել, իրենց յատուկ նաւերով:
*1450ականներուն Փորթուկալցիները կը հնարեն կողմնացոյցով առաջնորդուող աւելի արագ նաւեր:
1660ականներուն ձիերով քշուող կառքերը սկսան տարածում գտնել ֆրանսայի մէջ: Անոնք յատուկ կանգառներ ունեցան, ուր թէ ձիերը կը հանգչէին կամ կը փոխանակուէին եւ թէ՛ յաճախորդները կ՛իջնէին կամ կառք կը բարձրանային:
*1730-ին ուղեկարգերը սկսան աշխատիլ Միացեալ նահանգներու մէջ:
*1769-ին հնարուեցաւ առաջին յաջող շոգեմեքենան:
*1783-ին արձակուեցաւ առաջին օդապարիկը:
*1807-ին հնարուեցաւ շոգենաւը:
*1830-ին սկսաւ գործել քաղաքէ քաղաք ճամբորդ փոխադրող առաջին շոգեմեքենան, որ ժամական 24 մղոն կը ճամբորդէր:
*1893ին հնարուեցաւ հեծիքը:
*1862-ին կը հնարուի առաջին ինքնաշարժը:
*1969-ին միջ-ցամաքային երկաթուղին կը բացուի:
*1887-ին ելեկտրական երկաթուղին կը սկսի գործել Ամերիկայի Վիրճինիա նահանգին մէջ:
*1897-ին Ամերիկան կ՛ունենայ իր գետնուղին subway նախ Պոսթընի մէջ, ապա Նիւ Եօրքի:
*1903-ին Րայթ եղբայրները կը հնարեն առաջին մեքենան, որ ոդէն ծանր ըլլալով հանդերձ, կրնար թռչիլ:
*1908-ին կը հնարուի հանրային փոխադրութեան ծառայող ինքնաշարժը:
*1939-ին կը հնարուին ուղղաթիռն ու օդանաւը:
*1969-ին Աբօլո 11-ի անձնակազմը ոտք դրաւ լուսնին վրայ:
*1994-ին շոգեկառքեր անցան Անգլիական channel tunnel-էն:
*2007-ին, կազով կամ բարդերով գործող հայպըրտ ինքնաշարժները ընդհանրացան:
*2010-ին Չինաստան յայտարարեց, թէ իր կապար շոգեկառքը ունի աւելի քան 300mph արագութիւն: