«Փորթուկալ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 113.
Փորթուկալը [[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ (արեւմտահայերէն)|Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին]] ([[1914]]-[[1918]]) մասնակցեցաւ Անթանթի կողմէ` [[1916]]-ին պատերազմ յայտարարելով Գերմանիիոյ դէմ: 1920-ի յեղափոխութիւնով վերացուեցաւ միապետութիւնը եւ Փորտուկալը դարձաւ հանրապետութիւն: [[1932]]-ին իշխանութիւնն անցաւ վարչապետ Անթոնիու Տի Օլիւէյրա Սալազարին, ով յենուելով կալուածատէրերու, նիւթական սակաւապետութեան եւ եկեղեցական վերնախաւի վրայ ֆաշիստականացուց երկիրը, արգիլուեցան բոլոր կուսակցութիւնները: Սպանացի ժողովուրդի ազգային յեղափոխական պատերազմի ([[1936]]-[[1939]]) ժամանակ Փորթուկալը կ'աջակցէր Սպանացի ֆաշիստներուն եւ իտալա-գերմանական ինթերուենթներուն:<br />
1974-ի Ապրիլ 25-ի զինուած ապստամբութիւնով տապալուացաւ ամբողջատիրական կառավարութիւնը («Մեխակներու յեղափոխութիւն»), թոյլատրուեցին քաղաքական կուսակցութիւններու գործունէութիւնը: Անկախութիւն ստացան Փորթուկալի ափրիկեան անղկին գաղութները: 1976-ի Ապրիլին ընդուուեցաւ նոր սահմանադրութիւնը:
== Տնտեսութիւն ==
 
[[Պատկեր:A319 CS-TTK.JPG|մինի|ձախից|180px|Ազգային աւիափոխադրող ընկերութեան օդանաւ]]
Փորթուկալը արդիւնաբերա-գիւղտնտեսական երկիր է: Արդիւնաբերութեան կարեւոր աւանդական ճիւղերէն է մանածագործութիւնը, գինեգործութիւնը, ձիթաիւղի, ձուկի պահածոներու արտադրութիւնը, խցանակեղեւի մշակումը (առաջատար դիրքով աշխարհին վրայ), սեւ եւ գունաւոր մետաղամշակութիւնը, նաւաշինութիւնը: Կը զարգանան քիմիական, նաւթավերամշակման, նաւթաքիմիական եւ սեմենթի արտադրութեան բնագաւառները:<br />
Գիւղտնտեսութեան մէջ կը գերակշռէ հողամշակութիւնը: Մշակուած հողերու համարեայ կէսը կը զբաղեցնեն ցանքսերը:
<br />
Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան հիմնական գործընկերները [[Եւրոպական Միութիւն|Եւրոպական Միութեան]] երկիրներն են:
=== Կենդանական Աշխարհ ===
[[Միջերկրական Ծով (արեւմտահայերէն)|Միջերկրածովեան]] տեսակի է, Միջին [[Եւրոպա]]յին յատուկ տեսակներու լայն տարածմամբ ([[գայլ]], [[աղուէս]], [[կզաքիս]] եւ այլն) եւ [[Ափրիկէ|հիւսիս-ափրիկեան]] ֆաունայի ներկայացուցիչներով ([[ալճերիա]]կան ոզնի, [[Սպանիա|սպանական]] նապաստակ)։ Շատ են կրծողները, չղջիկները, թռչուններն ու սողունները։ Ջուրերը հարուստ են [[ձուկեր]]ով։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Փորթուկալ» էջէն