«Փորթուկալ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 100.
 
Հենրիի որդին՝ կոմս Աֆոնսզօ էնրիկիշը, մաւրերուն դէմ տարած մեծ յաղթանակէն ([[1139]]) ետք, ինքզինք թագաւոր հռչակած է։ Փորթուկալի անկախութիւնը Լեւոնը ճանչցած է [[1143]]-ին։ Ժգ. դարու կիսուն, Փորթուկալի տարածքը ամբողջովին ետ նուաճուած է մաւրերէն։ Ժբ.-Ժգ. դարերուն Փորթուկալի մէջ ձեւաւորուած են աւատական յարաբերութիւնները, գիւղացիներուն հիմնական մասը անձնական կախման մէջ ինկած է աւատներէն, բայց պահպանուած է աղքատ գիւղացիութեան զգալի խաւը։ Շնորհիւ Փորթուկալի յարմար աշխարհագրական դիրքին, արագօրէն զարգացած են քաղաքները ինչպէս՝ [[Լիզպոն]]։ Ժգ. դարուն ձեւաւորուած են քորթէզները։ Ժդ.- Ժե. դարերուն Փորթուկալի թագաւորները վարած են պետական իշխանութեան կեդրոնացման քաղաքականութիւն, ճնշած մեծ աւատներու խռովութիւնները, յենած՝ ծառայող ազնուականութեան ու կաթողիկէ եկեղեցւոյ վրայ։ Խուան Բ. թագաւորի ([[1481]]-[[1495]]) օրով յատկապէս դրսեւորուած է թագաւորական իշխանութեան ուժեղութիւնը. ան սահմանափակած է մեծ աւատներու իրաւասութիւնները, դաժանօրէն ճնշած [[1483]]-[[1484]]-ի աւատական խռովութիւնը։
[[Պատկեր:Sines06 edit1.jpg|ձախից|մինի|180px|ՎաշքուՎասքօ տա Կամայի արձանը, որ 1498-ին կը բացայայտուի դէպի [[Հնդկաստան (արեւմտահայերէն)|Հնդկաստան]] տանող ծովային ուղին]]
 
=== Գաղութատիրական Ժամանակաշրջան ===
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Փորթուկալ» էջէն