«Քաղաքավարութեան Վնասները» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
ՉNo edit summary
ՉNo edit summary
Տող 15.
}}
 
'''Քաղաքավարութեան Վնասները'''- Դասական գրական [[երկ]]: Հայ [[երգիծանք]]ի մեծ վարպետ [[Յակոբ Պարոնեան]]ի ամենայայտնի գործերէն մէկն է: Այս անջատ ու կարճ պատմուածքներու հաւագածոն ունի հասարակաց մէկ գիծ, որուն նպատակն է ցոյց տալ թէ մարդ յաճախ զոհ կը դառնայ քաղաքավարութեան: Նուրբ երգիծանքով եւ պարզ ոճով գրուած այս գործը կը խարազանէ Պոլսոյ որոշ խաւի մը՝ ի գին ամէն ինչի, եւրոպական քաղքէնիութիւնը ընթօրինակելու հապճեպը: Պարոնեան իր սրամիտ ոճով կը ներկայացնէ բռնի քաղաքավարութեան զոհերը, երեւան հանելով զայն շահագործող աներես ու անկիրթ պատեհապաշտներ::<ref>Ճանաշեան, Մեսրոպ. ''Հայ Գրականութեան Նոր Շրջանի Համառօտ Պատմութիւն'': [[Վենետիկ]], [[Ս. Ղազար]] 1974, էջ 126:</ref>
''Քաղաքավարութեան Վնասները'' ընդհանուր խորագրին տակ, բայց առանց առանցին վերնագիրներու, այս կարճ պատմուածքներու շարքը պարբերականօրէն լոյս տեսած է հեղինակին խմբագրած [[«Խիկար»]] թերթին մէջ, 1886-7 տարիներուն: Յետագային, ''Քաղաքավարութեան Վնասները'' ամփոփուած է առանցին հատորի մէջ եւ արժանացած է բազմաթիւ վերահրատրակութիւններու աշխահի զանազան քաղաքներու մէջ: Անգլերէն թարգմանութիւնը կատարած է Ճէք Արդրէասեանը՝ ''"Perils of Politeness"'' վերնագրով: