«Քաղաքավարութեան Վնասները» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
նոր թարգմանություն oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Տեղեկաքարտ Գիրք
|անվանում = Քաղաքավարութեան Վնասները
Տող 15 ⟶ 16՝
}}
 
'''Քաղաքավարութեան Վնասները''', Դասական գրական [[երկ]]։ Հայ [[երգիծանք]]ի մեծ վարպետ [[Յակոբ Պարոնեան]]ի ամենայայտնի գործերէն մէկը։ Այս անջատ ու կարճ պատմուածքներու հաւագածուն ունի հասարակաց մէկ գիծ, որուն նպատակն է ցոյց տալ թէ՝ մարդ յաճախ զոհ կը դառնայ քաղաքավարութեան։ Նուրբ երգիծանքով եւ պարզ ոճով գրուած այս գործը կը խարազանէ [[Պոլիս|Պոլսոյ]] որոշ խաւի մը՝ ի գին ամէն ինչի, [[Եւրոպա|եւրոպա]]կան քաղքենիութիւնը ընդօրինակելու հապճեպը։ Պարոնեան իր սրամիտ ոճով կը ներկայացնէ բռնի քաղաքավարութեան զոհերը,երեւան հանելով զայն շահագործող աներես ու անկիրթ պատեհապաշտներ։<ref>Ճանաշեան, Մեսրոպ. ''Հայ Գրականութեան Նոր Շրջանի Համառօտ Պատմութիւն'': [[Վենետիկ]], [[Ս. Ղազար]] [[1974]], էջ 126:</ref>
 
«Քաղաքավարութեան Վնասները» ընդհանուր խորագրին տակ, բայց առանց առանձին վերնագիրներու, այս կարճ պատմուածքներու շարքը պարբերականօրէն լոյս տեսած է հեղինակին խմբագրած «[[Խիկար]]» թերթին մէջ, [[1886]]-[[1887]] տարիներուն։ Յետագային, «Քաղաքավարութեան Վնասները» ամփոփուած է առանձին հատորի մը մէջ եւ արժանացած է բազմաթիւ վերահրատրակութիւններու, աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ։ [[Անգլերէն]] թարգմանութիւնը կատարած է Ճագ Անդրէասեանը՝ «Perils of Politeness» վերնագրով։