«Քաղցկեղ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ մանր-մունր oգտվելով ԱՎԲ
Չ ջնջվեց: <nowiki/> (4) oգտվելով ԱՎԲ
Տող 1.
{{ԱՀ|Q12078}}
{{Արևելահայերեն|Քաղցկեղ}}
'''Քաղցկեղը''' մարմինի հիւսկէններու բջիջներուն անկանոն, արագընթաց, անհակակշռելի բազմացման, աճման եւ զարգացման [[հիւանդութիւն]]ն է<ref>[http://www.who.int/mediacentre/factsheets/fs297/en/ Cancer {{W/Ref-en}}]</ref><ref>[http://www.cancer.gov/about-cancer/what-is-cancer What Is Cancer?{{W/Ref-en}}]</ref>, որ կը յառաջացնէ անբնական եւ ախտային ուռեր: Քաղցկեղը կրնայ յառաջանալ մարմինի որեւէ մէկ հիւսկէնի կամ օրկանի մէջ: Ան կը հարուածէ ամբողջ մարդկութիւնը, առանց խտրութեան մարդոց՝ գոյնին, տարիքին, [[Սեռ (արեւմտահայերէն)|սեռ]]<nowiki/>ին, ցեղային եւ ընկերային պատկանելիութեան ու տնտեսական իրավիճակին: Հիփփոկրատ, բժշկութեան նախահայրը, որ ապրած է քրիստոսէ առաջ (460-370) յիշած է եւ նկարագրած է իր գրութիւններուն մէջ զանազան տեսակի ուռեր եւ քաղցկեղի պարագաներ: Ան արձանագրած է carcinos յունարէն բառը, որ կը նշանակէ խեցգետին (crab) կամ ծովախեցգետին (crabfish): Celsus քրիստոսէ ետք (25-40) թարգմանած է carcinos բառը լատիներէնէն cancer բառով: Galen երկրորդ դարէն ետք լաւորակ (benign) ուռերը կոչած է encos բառով, որ լատիներէն ուռեցք կը նշանակէ: Իսկ վատորակ (malignant) ուռերը ան կոչած է carcinoma: 1600 տարիներ առաջ Եգիպտոսի մէջ նկարագրուած է քաղցկեղը եւ անոր վիրահատումը:
 
== Յաւելեալ ==
Տող 31.
Քաղցկեղի անուանակոչումը հիմնուած է անոր սկզբնական տեսակէն: Քաղցկեղներու մեծամասնութիւնը, մօտաւորապէս 90 առ հարիւրը, կը կոչուին Carcinoma, որ կը ծագի մարմինի շատ մը օրկաններու մակերեսային բջիջներէն:
 
Sarcoma կոչուած քաղցկեղները հազուագիւտ են եւ անոնք կը ծագին ընդհանրապէս [[Մկաններ (արեւմտահայերէն)|մկաններ]]<nowiki/>ու, [[Ոսկոր (արեւմտահայերէն)|ոսկորներ]]<nowiki/>ու, կռճիկներու եւ թելաւոր հիւսկէններու մէջ: Սպիտակարիւնութիւնը (leukemia) կը զարգանայ արիւնաստեղծ բջիջներէ, իսկ աւշային ուռը (lymphoma) կը զարգանայ աւշագեղձերու մէջ:
 
== Ուռերու Յատկութիւններ ==
Տող 93.
=== Կենցաղային ազդակներ ===
 
*[[Ծխախոտ (արեւմտահայերէն)|Ծխախոտ]]<nowiki/>ի բոլոր տեսակները.
*Ալքոլ:
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Քաղցկեղ» էջէն