«Քարիւղ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ վերջակետների ուղղում, փոխարինվեց: ն: → ն։ (9)
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 3.
== Քարիւղին օգտագործումները ==
Անզուտ քարիւղը օգտագործելի չէ։ Պէտք է զայն զտել զտարանի մը մէջ։ Առաջին հանգրուանը կը կայանայ զայն մինչեւ 385 °cC տաքցնելու մէջ, որպէսզի իր պարունակած կազերը արձակուին։ Այս կազերը կ'անցնին թորումի աշտարակաձեւ սարքերու մէջէն։ Ամենաթեթեւ արտադրանքները, պիւթան եւ բրոբան, կը գտնուին աշտարակին վերի մասին մէջ։ Ամենածանրերը , իւղ եւ կուպր, յատակէն կը հանուին։
 
Անզուտ քարիւղէն զտարանները կը ստանան շուրջ 550 տիպի արտադրանք՝ պիւթան եւ բրոբան կազերը, պենզին, կազոլ, մազութ, քերոսէն վառելանիւթեր, իւղեր, կուպր, արուեստական բնաթելեր, արուեստական ձգախէժ, ռետին, կպչուն նիւթ, կերպընկալ նիւթեր, պարարտացուցիչ, ներկեր, [[ջնարակ]], լուացքադեղ, շրթունքի ներկ, կարգ մը բժշկական դեղեր եւ նոյնիսկ [[արջառ]]ի կերին մէջ գործածուող [[բրոթէին]]:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Քարիւղ» էջէն