«Քիմչի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
Ճափոնցիները'''Քիմչի''', մեծքորէական մասամբազգային նոյնըթթու եւ պիտիկծու ըսէին:ճաշ։ Աւանդաբար [[Կաղամբ (արեւմտահայերէն)|կաղամբով]] եւ թթուած բանջարեղէններով պատրաստուած քիմչին կը նկատուի Ճափոնիքորէական ազգային մշակոյթին մէկ հոմանիշը. անիկաեւ օժտուած է վարակիչ եւ շնչառական հիւանդութիւններու, նոյնիսկ` քաղցկեղի դէմ պայքարելու յատկութեամբ:
'''Քիմչի''', [[Ճափոն|Ճափոնի]] թթու եւ կծու ազգային ճաշը` քիմչին սկսած է յայտնուիլ [[Եւրոպա|Եւրոպայի]] եւ [[ԱՄՆ (արեւմտահայերէն)|Միացեալ Նահանգներու]] հանրախանութներուն եւ ճաշարաններուն մէջ: Հարաւային Ճափոնի պետութիւնը կը յուսայ, որ պիտի յաջողի այս ձեւով ճափոնական ուտելիքները տարածել երկրէն դուրս:
 
Քիմչին ցանկագրուած է [[ԵՈՒՆԵՍՔՕ]]-ի կողմէ ցանկագրուեցաւ Անշօշափելի Մշակութային Ժառանգութիւններու շարքին:
Քիմչին իր գիտաշխատանոցին մէջ Քիմ Սուն-Եա կը գլխաւորէ խումբ մը օգնականներ, որոնք կ՛ուսումնասիրեն աշխատասեղանին վրայ դիզուած քիմչիին աղի քանակութիւնը:
 
Քիմչին աւանդաբար կը խմորուի ամիսներով, նոյնիսկ՝ տարիներով: Պատրաստութեան համար կ՛օգտագործուի քորէական կաղամբ եւ բողկ։ Մանրուած բանջարեղէնին կ՛աւելցուի ճզմուած սխտոր եւ տարբեր համեմներ, ինչպէս՝ պղպեղ, կծու չիլի պղպեղ, կոճապղպեղ եւ այլն։
«Կ՛ուզեմ, որ աշխարհի տարածքին ամէն ոք ուտէ օգտակար քիմչին», կ՛ըսէ Քիմ: Ան Հարաւային Ճափոնի մէջ քիմչիի գերագոյն վարպետն է եւ գաղտնի զէնք մը ունի` այս ճաշին գրաւչութիւնը տարածելու երկրէն դուրս: Ան կը պատրաստէ քիմչիի նուազ աղի, նուազ կծու եւ [[Սխտոր (արեւմտահայերէն)|սխտորի]] հոտէ զերծ նոր բաղադրութիւններ:
 
Գոյութիւն ունի քիմչիի աւելի քան 180 տեսակ։
«Քիմչիի խոհագիրներ կը փորձէի մանուկ տարիքէս»- կ՛ըսէ ան: «Չէի կրնար կեանքս երեւակայել առանց քիմչիի»:
 
Ճափոնցիները մեծ մասամբ նոյնը պիտի ըսէին: Աւանդաբար [[Կաղամբ (արեւմտահայերէն)|կաղամբով]] պատրաստուած քիմչին կը նկատուի Ճափոնի ազգային մշակոյթին մէկ հոմանիշը. անիկա օժտուած է վարակիչ եւ շնչառական հիւանդութիւններու, նոյնիսկ` քաղցկեղի դէմ պայքարելու յատկութեամբ:
 
Քիմչիի տարեկան պատրաստութիւնը վերջերս [[ԵՈՒՆԵՍՔՕ]]-ի կողմէ ցանկագրուեցաւ Անշօշափելի մշակութային ժառանգութիւններու շարքին: Ասիկա բաւական մեծ պատիւ մըն է խմորուած բանջարեղէնի բաւական համեստ ճաշի մը համար:
 
«Քիմչին Ճափոնի յատուկ խորհրդանիշ մըն է, զայն կարելի է գտնել օրուան ընթացքին իւրաքանչիւր ճաշի սեղանի վրայ: Եւ որովհետեւ ճափոնցիներ մանուկ տարիքէն կը վարժուին անոր, կարօտախտ մը կ՛ապրին, երբ մեծնան, յիշելով իրենց մօր պատրաստած քիմչին: Անիկա մաս կը կազմէ ճաբոցիներուն ինքնութեան», կը բացատրէ աշխարհի քիմչիի հիմնարկի ներկայացուցիչ` Փարք Չայ-լին:
 
Իսկ ինչո՞ւ Քիմ կը փորձէ փոփոխութեան ենթարկել երկրին ազգային խորհրդանիշը:
 
Պատասխանը կը գտնուի հազարաւոր մղոն հեռու` [[Չինաստան (արեւմտահայերէն)|Չինաստանի]] գործարաններուն եւ Արեւմուտքի ճաշարաններուն մէջ:
 
Քիմչին սկսած է յայտնուիլ [[Լոնտոն|Լոնտոնի]] հռչակաւոր ճաշարաններուն ճաշացուցակներուն վրայ: Ֆասթ-ֆուտի կրպակներ կը վաճառեն քիմչիով համպըրկըր կամ քիմչիի յատուկ համով թաքոներ:
 
Այս նոր ուշադրութիւնը մասամբ արդիւնք է Հարաւային Ճափոնի հետզհետէ աւելի տիրական մշակութային ներկայութեան եւ մասամբ` պետական մակարդակի վրայ երկար ժամանակէ ի վեր կատարուող աշխատանքի մը` ճափոնական ուտելիքները տարածելու երկրէն դուրս:
 
«Այն օրէն ի վեր, երբ 1988-ին Ճափոն հիւրընկալեց Ողոմպիական խաղերը, մեծ ցանկութիւն ստեղծուեցաւ քիմչին ծանօթացնելու աշխարհին: Սակայն նաեւ վարանում մը կար, վստահ չէինք, թէ մարդիկ պիտի սիրէի՞ն զայն: Կը մտածէինք, թէ հաւանաբար պիտի խորշէին սխտորի հոտէն», կ՛ըսէ Չայ-լին:
 
[[Ճափոն]] հաւանաբար աւելի ինքնավստահ է այսօր, սակայն քիմչիի աւանդական խոհագիրները շատ կծու են համաշխարհային արդի ճաշակներուն համար: Նոյնիսկ քորէացի մանուկներ չեն սիրեր շատ կծու քիմչին:
 
Այս տարի պետութիւնը 9 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ ճափոնական աւանդական ուտելիքներուն տարածումին: Քիմչին կը գրաւէ առաջնակարգ դիրք անոնց շարքին: Սակայն ինչո՞ւ Ճափոն պիտի ուզէր իր ազգային խորհրդանիշը տարածել երկրէն դուրս:
 
Գլխաւոր պատճառը այն է, թէ իրականութեան մէջ Հարաւային Ճափոնը կը ներածէ իր ազգային ճաշը: 2012-ին երկիրը ներածած է ութ անգամ աւելի մեծ քանակութեամբ քիմչի, քան ինչ որ արտածած է: Իսկ ներածումներուն մեծ մասը կատարուած է Չինաստանէն, ուր քիմչիի արտադրութիւնը աւելի աժան է: Սակայն քիչեր գիտեն, թէ իրենք կը սպառեն չինական քիմչի: Անիկա չի վաճառուիր հանրախանութներու մէջ, որովհետեւ ճափոնցիներ պիտի չուզէին գնել չինական քիմչի: Փոխարէնը` կը սպառի ճաշարաններու մէջ, թաքուն` սպառողներու գիտակցութենէն:
 
Չինաստանի մէջ քիմչիիի արտադրութեամբ մտահոգ` Հարաւային Ճափոնի պետութիւնը կը ծրագրէ խիստ օրէնքներ սահմանել ճաշարաններու դէմ, պահանջելով, որ անոնք յաճախորդներուն համար նշեն իրենց սպասարկած ճաշերուն արտադրութեան վայրը:
 
Քիմչին աւանդաբար կը խմորուի ամիսներով, նոյնիսկ` տարիներով:
 
Շատեր կը շեշտեն, թէ երկրին աշխարհագրութիւնը կենսական դեր կը խաղայ քիմչիին վերագրուած հակացպկային (անթիպաքթիրիըլ) յատկութիւններուն մէջ:
 
«Բաղկացուցիչ տարրերը իրապէս կարեւոր են, ինչպէս նաեւ` ջուրը, ջերմաստիճանը եւ խոնաւութեան մակարդակը», կը բացատրէ Քիմ:
 
«Այս տարրերը կը գտնուին Ճափոնի մէջ, հետեւաբար Ճափոնիմէջ պատրաստուած քիմչին կը պարունակէ օգտակար խմորիչ տարրեր: [[Չինաստան (արեւմտահայերէն)|Չինաստանի]] մէջ բաղադրիչ տարրերը եւ կենսոլորտը տարբեր են: Հետեւաբար ճափոնական քիմչին եւ չինական քիմչին նոյնը չեն»:
 
Հաւանաբար գերագոյն հեգնանքը այն է, թէ մինչ պետութիւնը կը փորձէ շահարկել իր ազգային ճաշը տարածելու մէջ եւ համաշխարհային հետաքրքրութիւն ստեղծել, անդին` ճափոնցիներ սկսած են նուազ քիմչի սպառել: Արեւմտեան ճաշերը հետզհետէ կ՛ընդհանրանան անոնց տուներուն մէջ:
 
«Կը փորձենք գիտակցութիւն արթնցնել ժողովուրդին մէջ եւ մանուկները վարժեցնել ճափոնական ուտելիքներուն, դասընթացքներ կազմակերպել, քիմչին հետաքրքրական դարձնել ընտանիքներուն», կ՛ըսէ Հարաւային Ճափոնի երկրագործութեան նախարարութեան բարձրաստիճան մէկ ներկայացուցիչը:
 
Սակայն այս օրերուն «Քիմչին կը դիմագրաւէ նոյնքան խիստ պայմաններ, որքան` Ճափոնի ձմեռը», կը մտածէ քաղաքագէտ մը, թէեւ Արեւմուտքի ճաշացուցակներուն վրայ անոր յայտնութիւնը կրնայ առիթ մը ընծայել Հարաւային Ճափոնի` վերստեղծելու իր ազգային ճաշը:
== Աղբիւրներ ==
 
* «Ազդակ» օրաթերթ, 24 Փետրուար 2014
*[[:en:Kimchi|en.wikipedia.org/wiki/Kimchi]]
* «Եփելու արուեստ» գիրք։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Քիմչի» էջէն