«Ս․ Վարդանանց Եկեղեցի (Քուէյթ)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ փոխարինվեց: կրկին անգամ → կրկին oգտվելով ԱՎԲ
Տող 71.
Եկեղեցւոյ տարածութիւնը բաւական ընդարձակ է։ Իր ամբողջ ենթաբաժանումներով կրնայ ընդգրկել մօտաւոր 240 նստարան: Խորանին ձախ կողմը կը գտնուի աւանդական մկրտարանը: Վերջապէս անցնելով եկեղեցւոյ խորանին, նշենք որ ան ամբողջովին նոր կառուցուած է: Պահուած է Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Սուրբ խորանին խորհուրդն ու կերպարանքը, որ կը համապատասխանէ 21րդ դարու նորարարութիւններուն:
 
Անդրադառնալով հիմքին (Basement), կը շեշտենք, որ անոր վրայ բծախնդիր աշխատանք տարուած է բաւարարելու ժողովուրդի կարիքները։ Ան կը բաղկանայ 2 գլխաւոր բաժիններէ: Առաջին բաժինը կʼօգտագործուի ձեռնարկներու եւ կամ այլ հաւաքներու որպէս սրահ, օժտուած անհրաժեշտ սարքաւորումներով: Երկրորդ բաժինը տրամադրուած է Ազգային եւ միութենական Վարչական կազմերուն, զայն օգագործելուօգտագործելու որպէս կեդրոններ եւ ժողովասրահներ: Նաեւ կʼընդգրկէ 5 սենեակներ, որոնք կը ծառայեն նախապէս յիշուած նպատակներուն: Հիմքը օժտուած է լուացարաններով: Հիմքի բաժնին մէջ կայ նաեւ ոչ շատ մեծ տարածութեամբ բացօդեայ հաւաքատեղի մը:
 
Առաջին յարկին վրայ կը գտնուի Ազգ․ Առաջնորդարանը։ Անոր մուտքը կառոյցին կողմի աստիճաններէն է, որու սկիզբը սպասման սրահ մը կայ: Այս սրահին աջ կողմէն կʼուղղուինք դէպի Ազգ․ Առաջնորդարանի դահլիճը, որ կը ծառայէ պաշտօնական ընդունելութեանց կամ յատուկ միջոցառումներու որպէս կեդրոն: Դահլիճին մօտ կը գտնուի Առաջնորդ Սրբազան Հօր գրասենեակը, օժտուած համապատասխան կահոյքներով եւ հիւրերու յատուկ բազկաթոռներով: Սպասման սրահին արեւմտեան բաժնին մէջ կը գտնուի խոհանոցը, ապա համակարգիչի սենեակը, որու կը յաջորդէ արխիւատունը, շարունակելով կը հասնինք քարտուղարութեան եւ Քահանայ Հօր գրասենեակներուն:
Տող 82.
 
Տանիքի բաժնին մէջ կառուցուած է 2 ընդարձակ պահեստանոցներ եւ պահակին գիշերելու սենեակը:
 
== Պատկերասրահ ==
<gallery mode="packed" heights="150">