«Ռոպեր Քոփթաշ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} {{Տեղեկաքարտ Անձ (արեւմտահայերէն) | անուն ազգանուն = Ռոպեր Քոփթաշ | բնագիր ԱԱՀ = | պատկեր = | չափ...»:
 
No edit summary
Տող 29.
}}
'''Ռոպեր Քոփթաշ''' Իսանպուլահայ մտաւորական, խմբագիր, հրատարակիչ։ Ծնած է 9 Օգոստոս 1977-ին, Պոլիս, որպէս զաւակը սեբաստացի Յակոբջան ու Մարիձա Քոփթաշ ամոլի։
 
Ան իր կրթութիւնը ստացած է Լուսաւորիչեան վարժարանի, Գարակէօզեան որբանոցի ու Ս․ Խաչ դպրեվանքի մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Մարմարայի համալարանի աշխատանքի տնտեսագիտութեան եւ արդիւնաբերական յարաբերութիւններու ճիւղէն։ Յետբարձրագոյն կրթութիւնն ու տոքթորականը ստացած է «Պողազիչի» համալսարանի պատմութեան բաժնէն։
 
Համալսարանական տարիներէն սկսեալ աշխատած է «Արաս» հրատարակչատան խմբագրութեան մէջ։
2006-էն սկսած էր յօդուածներ ստորագրել «Ակօս»ին մէջ, ուր սկսաւ աշխատիլ 2008-էն վերջ։ 2010-ին, Էթիեն Մահչուպեանէն ետք, ստանձնեց թերթի խմբագրի պաշտօնը, զոր վարեց մինչեւ 2015-ը ու փոխանցեց Եդուարդ Տանձիկեանին։
 
2015-էն ի վեր կը վարէ «Արաս» հրատարակչութեան ընդհանուր խմբագիրի պաշտօնը։
 
Ունի դուստր մը։