«Քոքա-Քոլա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 43.
 
== «Քոլա»-ներուն Վնասները ==
«Քոքա-Քոլա» ըմպելքը [[Աթլանթա |Աթլանթայի]] դեղագործ Ճոն Բոմպերտոնի Գիւտն է , որ որպէս նեարդային խանգարումներու եւ սեռային անկարողութիւններու դէմ դեղ արտօնագիր ստացած է [[1886]]-ին: «Քոքա-Քոլան»-ն քաքա բոյսի պտուղներու եւ տերեւներու հիւթերու խառնուրդն է , նոյնինք հումք է քոքայինի արտադրութեան: Քոքայինի օգտագործման արգելքը սկսաւ գործել [[1903]]-ին: Նշեալ թուականէն ետք , «Քոքա-քոլա»-ին բաղադրութիւնը փոխուեցաւ: Անոր մէջ այլեւս չկար քոքային, բայց ըմպելիքին բաղադրութիւնները գաղտնի պահեցին : «Քոքա-քոլա»-ին մէջ եթէ քոքային չկայ , ապա ի՞նչ են վնասները : Քիմիական քննութիւնները ցոյց կու տան , որ կազային բաղադրութիւններով լի այդ ըմպելիքին մէջ կայ օրթոֆոսֆորային թթուն, որ սնունդի արդիւնաբերութեան մէջ թոյլատրուած է կիրառել՝ E338 սննդային յաւելումներու ան-ւան տակ:
Փորձ-քննութեան մը ընթացքին,օրթոֆոսֆորային թթուին մէջ տեղադրած են մարդկային ատամ մը , որ որոշ ժամանակ ետք քայքայուած ու փճացած է: Ուրեմն,պատկերացուցէք, թէ ինչ տեղի կ'ունենայ ձեր ատամներուն, եթէ մշտապէս օգտագործէք այդ ըմպելիքը:
«Քոքա-քոլա»-ի բաղադրութեան մէջ կը մտնէ նաեւ ազորուպինը եւ կարմաուզինը՝ արհեստական ներկերու նիւթեր, որոնց արտադրողները ծածկագրած են E122 եւ E124 անուններով: Ըստ եւրոպացի հետազօտողներու, այս ներկանիւթերը կը վնասեն երիկամներու կեղեւային շերտին:
«Քոքա-քոլա»-ին մէջ նաեւ կ'օգտագործուին քաֆէինը , որ խթանիչ ազդեցութիւն ունի նեարդային համակարգին վրայ: Անոր ազդեցութիւնը կ'արագացնէ սիրտին աշխատանքը եւ կը բարձրացնէ արեան ճնշումը, բայց 3-6 ժամ ետք քաֆէինին ազդեցութիւնը կ'անցնի, անոր կը փոխարինէ յոգնածութիւն, թուլութիւն, աշխատունակութեան կարողականութեան անկում եւ ճնշուածութիւն:
Տակաւին, «Քոքա-քոլա»-ին մէջ կայ մեծ քանակութեամբ շաքարաւազ. մէկ բաժակին մէջ 5 թէյի դգալ: Շատերը կ'ըսեն, որ «Տայէթ» «Քոքա-քոլա»-ները առանց շաքարի են, սակայն այս տարբերակները եւս ունին սննդային յաւելում՝ E951 kam ասբարդամ:
[[2005]]-ին իտալացի գիտնականները կենդանիներուն վրայ փորձարկածեն ասբարդամը, եւ ի յայտ եկած է, որ այդ նիւթը պատկառ կը դառնայ քանդիչ ուրուցքներու գոյացման: «Տայէթ»-ները նոյնիսկ չեն ոգներ նիհարնալ ցանկացողներոուն , որովհետեւ ասբարդամը կը հրահրէ բարձր ախորժակ :
Այդ բոլորին դիմաց եւ, հակառակ բացայայտ վնասներուն,«Քոքա-քոլա»ն եւ նմանօրինակ ըմպելիները կը մնան աշխարհի ամէնէն յայտնի ըմպելիներուն շարքին:
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Քոքա-Քոլա» էջէն