«6-7 Սեպտեմբերի Դէպքեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 55.
6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն հետեւանքով յոյն համայնքի հետ միասին նիւթական մեծ կորուստներ կրեցին նաեւ հայերը: Յարձակման ենթարկուած են 1004 տուն, որոնցմէ 150-ը` հայկական, 4214 խանութ-արհեստանոց, որոնցմէ 900-ը` հայկական: Ուշագրաւ է, որ Պոլսոյ մէջ պատահած իրադարձութիւններուն տագնապը հասած էր նաեւ գաւառահայութեան: Այդ տարիներուն Ամասիայի Կիւմիւշհաճըգիւղին մէջ բնակող հայ մը կը յիշէ, որ Պոլսոյ դէպքերէն ահաբեկուած մայրը փակ կը պահէր տան դուռը, քանի որ փողոցներուն մէջ շարունակ հակայունական ու հակահայկական կոչեր կը հնչէին։ <ref>[http://www.ankakh.com/article/?id=3387/%E2%80%8B1955-th--syeptyembyeri-6-7-i-dyepqyere-yev-voch-mahmyedakan-pvoqramasnuthyunnyere-thurqiayum 1955 թ. սեպտեմբերի 6-7-ի դեպքերը և ոչ մահմեդական փոքրամասնությունները Թուրքիայում]</ref>
 
Արձակագիր [[Զաւէն Պիպեռեան]]ի գլուխ-գործոցը՝ «Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպը, 1970-ականներուն հրատարակուած որպէս թերթօն, կը նկարագրէ պոլսահայութիւնը իրեն ենթարկող մթնոլորտին մասին՝ [[Ունեւորութեան տուրքինՏուրք|Ունեւորութեան տուրք]]ին ու 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն միջեւ։
 
Պոլսահայ արձակագիր ու հրապարակախօս [[Ռոպէր Հատտէճեան|Ռոպէր Հատտեճեան]] գրելով այս օրերու մասին, կ՚ըսէ․ «6-7 Սեպտեմբերի պատկերը մղձաւանջ մըն է ինծի համար: Անիկա թուական մըն է որ անտեսանելի կերպով արձանագրուած է կեանքիս օրացոյցին մէջ: Երբեմն ես ինծի կ’ըսեմ. երանի թէ օրացոյցը 5 Սեպտեմբերէն ուղղակի ցատկէ դէպի 8 Սեպտեմբեր, եւ մղձաւանջը չկարենայ արթննալ այս անգամ: Բայց ի զուր: Օրացոյցին վրայ այս երկու թուականները ամէն տարի պիտի յայտնուին անգամ մը:»<ref>[https://diasp.org/posts/3367702 Օրացոյցիս վրայ երկու թուականներ]</ref>