«6-7 Սեպտեմբերի Դէպքեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ փոխարինվեց: {{Օրվա հոդված նախագծի մասնակից}} → {{Օրուա յօդուած նախագծի մասնակից}} oգտվելով ԱՎԲ
Տող 7.
[[Պատկեր:6-7 Սեպտեմբեր.jpg|250px|մինի|աջից|Մեր Աթային տունը ռմբակոծուեցաւ (İstanbul Express)]]
Կիպրացի թուրքերուն դէմ կատարուած ճնշումները 1955-ին կը գտնուէին Թուրքիոյ օրակարգի առաջին կարգին վրայ։ «Հիւրրիյեթ» թերթը, որ ամենէն ժողովրդականն էր այդ շրջանին, առաջին էջին վրայ կը գրէր, թէ Պոլսոյ յունական համայնքը հանգանակութիւն կը կատարէ եւ այդ գումարները կը փոխանցէ կիպրացի յոյներու ԷՆՈՍԻՍ զինեալ կազմակերպութեան։<ref>http://taraf.com.tr/makale/7774.htm</ref>
Արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւասուները երբ Լոնտոնի մէջ կը շարունակէին իրենց բանակցութիւնները կիպրական նիւթին վերաբերեալ, 6 Սեպտեմբեր 1955-ին, ժամը 13։00-ին, ձայնասփիւռի լուրերով<ref name="Koçoğlu, Yahya 2001">[Koçoğlu, Yahya (2001). Azınlık Gençleri Anlatıyor. İstanbul: Metis Yayınları. ISBN 975-342-336-5 s.25-31 Azınlık Gençleri Anlatıyor]</ref> յայտարարուեցաւ, թէ Աթաթիւրքի Սելանիկի տան մէջ ռումբ մը պայթած է։ (Սելանիկի համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժնի ուսանող Օքթայ Էնկին, որ ըստ պնդումներու ռմբակոծած էր Աթաթիւրքի տունը, աւելի վերջ դատապարտուած է ի բացակայութեան։<ref>[http://yenisafak.com.tr/arsiv/2001/ocak/21/g4.html 6-7 Eylül Olaylarının önemli ismi Oktay Engin'in 21-22 Ocak 2001 tarihli Yeni Şafak gazetesi söyleşisi]-[http://yenisafak.com.tr/arsiv/2001/ocak/22/g5.html devamı] URL eşirim tarihi: 2 Ağustos 2009]</ref> Օքթայ Էնկին 22 Փետրուար 1992-18 Սեպտեմբեր 1993 թուականներու միջեւ նշանակուած է Նեվշեհիրի կուսակալ)։
 
Ժողովրդավարական կուսակցութեան համախոհ «Իսթանպուլ Էքսփրես» թերթը, որու արտօնատէրն էր Միթհատ Փերին ու խմբագիրը՝ Կէօքշին Սիփահիօղլու<ref>[ name="Koçoğlu, Yahya (2001). Azınlık Gençleri Anlatıyor. İstanbul: Metis Yayınları. ISBN 975-342-336-5 s.25-31 Azınlık Gençleri Anlatıyor]<"/ref>, երկրորդ հրատարակութիւն մը կատարած է նոյն օրը՝ «Մեր Աթային տունը ռմբակոծուեցաւ» խորագրով։ Թերթին տպաքանակը ընդհանրապէս 20 հազարի շուրջ էր, սակայն Սեպտեմբեր 6-ին հրատարակուած է 290 հազար տպաքանակով։ «Կիպրոսը թուրք է» միութեան անդամները թերթը կը վաճառէին Պոլսոյ մէջ ու զայն կ՚օգտագործէին խուժանի հրահրելու նպատակով։<ref>[ name="Koçoğlu, Yahya (2001). Azınlık Gençleri Anlatıyor. İstanbul: Metis Yayınları. ISBN 975-342-336-5 s.25-31 Azınlık Gençleri Anlatıyor]<"/ref>
 
Նոյն թիւին մէջ «Կիպրոսը թուրք է» միութեան ընդհանուր քարտուղար Քամիլ Էօնալ գրած էր․ «Հաշիւ պիտի պահանջենք անոնցմէ, որոնք ձեռք կ՚երկարեն սրբութիւններուն։ Որեւէ անպատեհութիւն չենք տեսներ այս մասին հրապարակաւ յայտարարելէ»։<ref>[ name="Koçoğlu, Yahya (2001). Azınlık Gençleri Anlatıyor. İstanbul: Metis Yayınları. ISBN 975-342-336-5 s.25-31 Azınlık Gençleri Anlatıyor]<"/ref>
 
«Կիպրոսը թուրք է» միութեան<ref name="6-7 (1)"/> նախաձեռնութեամբ եւ երիտասարդական այլ կազմակերպութիւններու, արհեստի միութիւններու, Ժողովրդավարական կուսակցութեան,<ref name="6-7 (1)"/> պաշտօնական կամ անպաշտօն մարմիններու թելադրանքով ու խրախոյսով բնիկ հասարակութիւնը եւ այլ վայրերէ քաղաք բերուած զանգուածները 6 Սեպտեմբերի իրիկունը իրականացուցին աւերումի, քանդումի ու թալանի գործուղութիւն մը, որ աննախադէպ էր Թուրքիոյ հանրապետական շրջանի պատմութեան մէջ։
 
Առաջին յարձակումը կատարուեցաւ ժամը 19։00-ի շուրջ, Շիշլիի «Հայլայֆ» ծաղարանին վրայ։<ref>[http://bianet.org/bianet/medya/149698-6-7-eylul-1955-i-basin-nasil-gordu 6-7 Eylül 1955'i Basın Nasıl Gördü?]</ref> Այնուհետեւ ստուարացող խուժանը անցնելով Քումքափու, Սամաթիա, Ետիքուլէ, Պէյօղլու եւ այն բազմաթիւ թաղերը, ուր հաւաքաբար կը բնակէին փոքրամասնութիւնները, սկսաւ յարձակիլ ու թալանել նախ յոյներու, ապա ալ հայերու, հրեաներու եւ նոյնիսկ սխալմամբ քանի մը թուրքերու պատկանող խանութները։ Պոլսոյ յոյն համայնքի տուներուն, գործատեղիներուն ու աղօթատեղիներուն ուղղեալ այս յարձակումներու ընթացքին ոստիկանութիւնը բռնեց կրաւորական դիրք մը։ Քաղաքի մէջ յատուկ ինքնաշարժներով, թաքսիներով ու բեռնակարքերով, ինչպէս նաեւ հանրաշարժներով, նաւերով փոխադրուեցան 20-30 հոգինոց կազմակերպեալ խումբերը, որոնք նախապէս գիտէին յոյն քաղաքացիներու հասցէները։ Մինչեւ Մեպտեմբեր 7-ի առաւօտը շարունակուեցան յարձակումները, որոնց արդիւնքին, ներառեալ եկեղեցիներն ու սինակոկները, աւերի ենթարկուեցան աւելի քան 5000 շէնք, միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ ապրանք փողոց նետուեցաւ ու թալանուեցաւ։<ref>[ name="Koçoğlu, Yahya (2001). Azınlık Gençleri Anlatıyor. İstanbul: Metis Yayınları. ISBN 975-342-336-5 s.25-31 Azınlık Gençleri Anlatıyor]<"/ref>
 
Պոլսոյ մէջ ամենուր թալանը կատարուեցաւ նոյն կերպով։ Յարձակողները նախ քարկոծելով ջարդեցին փեղկերը կամ երկաթեայ ձողերը բացին յատուկ սարքերու օգնութեամբ, ապա ներսը գտնուող ապրանքը եւ մեքենաները դուրս հանեցին ու ջարդուփշուր ըրին։
Տող 21.
Եկեղեցիներն ու գերեզմանատուներն ալ այս ամբողջէն ստացան իրենց բաժինը։ Եկեղեցիներու սրբապատկերները, խաչերը եւ այլ սպասներ աւերուեցան։ Հրդեհուեցան Պոլսոյ 73 յունական եկեղեցիները։
 
Իզմիթէն ու Ատափազարէն եկած աւարառուները երբ վերադառնալու նպատակով հասան Հայտարփաշայի կայարանը, ձերբակալուեցան իրենց թալանած ապրանքներով։ Յայտնի դարձաւ, որ կողոպտիչներուն մեծ մասը բերուած է այլ քաղաքներէ ''(զոր օրինակ՝ Սիվասէն 145, Տրապիզոնէն 117, Քասթամոնուէն 116, Էրզինճանէն 111 մարդ)''<ref>Թոշակառու դատաւոր ծովակալ Ֆահրի Չոքէրի կողմէ Պատմութեան հիմնարկին յանձնուած փաստաթուղթերուն թուանշանները</ref><ref>ADNAN MENDERES, Bir Başbakanın Trajik Sonu - Ergün Ataoğlu</ref>։
 
== Վնասներ ==
Տող 34.
 
== Վաղորդայնը ==
Վարչապետ Ատնան Մենտերես, որ դէպքերու սկսման ժամերուն Պոլիս էր, երբ վիճակը դարձաւ անվերահսկելի՝ կանչուեցաւ Սափանճա, ու պարէտային ժամ հռչակուեցաւ։ Ձերբակալուեցան 3․151 մարդ։ Աւելի ետք այդ թիւը բարձրացաւ 5․104-ի։<ref>[ name="Koçoğlu, Yahya (2001). Azınlık Gençleri Anlatıyor. İstanbul: Metis Yayınları. ISBN 975-342-336-5 s.25-31 Azınlık Gençleri Anlatıyor]<"/ref>
 
10 Սեպտեմբեր 1955-ին հրաժարեցաւ Ներքին գործոց նախարար Նամըք Կետիք։ Սկզբնական շրջանին հետաքննութիւնը խտացած էր «Կիպրոսը թուրք է» միութեան եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու շուրջ։ Առաջին հարցաքննութիւններն ու դատավարութիւնները կը կատարուէին պարէտային ժամի դատախազներուն կողմէ։ Ժողովրդավարական կուսակցութեան անկումէն ետք սակայն ամբաստանուեցան համայնավարները։<ref name="6-7 (1)"/> Դատեր յարուցուած են Ազիզ Նեսինի, Նիհատ Սարկընի, Քեմալ Թահիրի, Ասըմ Պեզիրճիի, Հասան Իզզետտին Տինամոյի եւ Հուլուսի Տոստողրուի նման համայնավար գործիչներուն եւ մեռեալ չորս համայնավարներու։ Դատերու աւարտին ամբաստանեալները անպարտ հռչակուեցան եւ անոնցմէ շատեր ազատ արձակուեցան Դեկտեմբեր 1955-ին։ Կարճ միջոց մը ետք «Կիպրոսը թուրք է» կազմակերպութիւնը փակուեցաւ։<ref>[ name="Koçoğlu, Yahya (2001). Azınlık Gençleri Anlatıyor. İstanbul: Metis Yayınları. ISBN 975-342-336-5 s.25-31 Azınlık Gençleri Anlatıyor]<"/ref> 27 Մայիս 1960-ի պետական հարուածէն ետք, զինուորականներուն կազմակերպած Եասսըատայի դատավարութիւններու ժամանակ մէջտեղ նետուեցաւ այն պնդումը, թէ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը իրենց հունէն դուրս ելած են Ժողովրդավարական կուսակցութեան վարչապետ Ատնան Մենտերեսի սադրանքով։ Զինուորականներու դատարանը այդ դէպքերուն պատճառով եւս դատապարտեց Ժողովրդավարական կուսակցութեան վարչութիւնը։
 
Ըստ տքթ․ Տիլեք Կիւվենի՝<ref name="DilekGüven"/>
Տող 43.
</blockquote>
 
Այս դէպքերէն ետք հազարաւոր յոյներ գաղթեցին Թուրքիայէ։ Յոյն ազգաբնակչութեան նուազումին զուգահեռ, յոյներմւ տնտեսութեան մէջ ունեցած ազդեցութիւնն ալ տկարացած է եւ, ինչպէս պատահած է փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ նախորդ իրադարձութիւններու ալ ժամանակ, արագացած է թուրքերուն դրամագլուխին տէր ըլլալու ընթացքը։ Քանի մը հազար յոյներ ալ յատկապէս հաստատուած են Մերսին ու Թարսուս։<ref>[http://www.scribd.com/doc/13116917/1955-Memoirs-Erkan-Kiraz Էրքան Քիրազին յուշատետրը] s.46</ref> Հետզհետէ մնացեալ յոյներն ալ լքած են Պոլիսը։ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բնակչութեան փոխանակման արդիւնքին 1925-ին շուրջ 100 հազարի նուազած Պոլսոյ յոյն բնակիչներուն թիւը, 2006-ին իջած է մինչեւ 2․500 քաղաքացիի։<ref>According to the Human Rights Watch the Greek population in Turkey is estimated at 2,500 in 2006. [http://home.att.net/~dimostenis/greektr.html "From “Denying Human Rights and Ethnic Identity” series of Human Rights Watch"] Human Rights Watch, 2 July 2006.</ref>
 
''Խճանկար''ի այլաբանութիւնը յաճախ կը գործածուի ցոյց տալու համար Թուրքիոյ հասարակական բազմազանութիւնը։ Յղուելով այս այլաբանութեան, Նամըք Կետիք 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն առթիւ ըսած է․ ''«Խճանկարը ճաթեցաւ»''։<ref>[http://www.milliyet.com.tr/----eylul-sancisi/ilber-ortayli/pazar/yazardetay/01.02.2009/1054009/default.htm Eylül 1955’in sancısı...] İlber ORTAYLI, Milliyet (13.08.2013)</ref>
Տող 83.
* Bir Tutam Baharat
* Güz Sancısı
{{ՕրվաՕրուա հոդվածյօդուած նախագծի մասնակից}}