«6-7 Սեպտեմբերի Դէպքեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Ստամբուլի ջարդեր}}
'''6-7 Սեպտեմբերի դէպքեր''' ({{Լեզու el|Σεπτεμβριανά}} Սեփթեմվրիանա), [[6 Սեպտեմբեր]] - [[7 Սեպտեմբեր]] [[1955 թուական|1955]]-ին [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] մէջ պատահած եւ յոյներու ու առհասարակ երկրի փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ աւերի ու թալանի շարժում։շարժում<ref name="YKY">"Rum azınlığa yönelik 6-7 Eylül terörü", ''Cumhuriyetin 75. Yılı'', Cilt 2 1954-1978, Yapı Kredi Kültür Sanat Yayıncılık, İstanbul, 1998, ISBN 975-363-937-6, s. 392.</ref>:
 
== Դէպքեր ==
[[1955 թուական|1955]]-էն սկսեալ Ժողովրդավարական կուսակցութեան (1946) կազմած կառավարութիւնը տնտեսական հետզհետէ ծանրացող կացութեան մը դիմաց կը գտնուէր։ Յատկապէս բարձր սղաճի պատճառով կորսնցուցած էր կենսամականդակը նուազող խաւին վստահութիւնը։ Կասկածելի միջոցներով կը փորձէր լռեցնել ընդդիմութիւնը, ինչ որ պատճառ կը դառնար, որ մամուլը, մտաւորականները եւ ուսանողները երես դարձնեն Ժողովրդավարական կուսակցութենէն։կուսակցութենէն<ref name="6-7 (1)"/>: Զոր օրինակ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէկ զեկոյցին համաձայն, դէպքերէն դեռ 15 օր առաջ, ընդդիմութիւնը հսկողութեան տակ առնելու նպատակով, որոշուած էր 7 Սեպտեմբեր 1955-ին պարէտային ժամ հռչակել Պոլսոյ, Անքարայի ու Իզմիրի մէջ։մէջ<ref name="6-7 (1)"/>: [[1956]]-ին ընդդիմութիւնը ճնշելու նպատակով Մամլոյ եւ հաւաքներու մասին օրէնքին մէջ կատարուած սահմանափակումներն ալ մեծ մասամբ պատճառաբանուած են 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերով։դէպքերով<ref name="6-7 (1)"/>: Վարչապետ Ատնան Մենտերեսի կառավարութեան սկզբնապէս փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ ազատական քաղաքականութիւնը հետզհետէ դժուարացող տնտեսական պայմաններուն զուգահեռ կը փոխուի եւ յարաբերութիւնները կը լարուին։լարուին<ref name="6-7 (1)"/>:
[[Պատկեր:6-7 Սեպտեմբեր.jpg|250px|մինի|աջից|Մեր Աթային տունը ռմբակոծուեցաւ (İstanbul Express)]]
Կիպրացի թուրքերուն դէմ կատարուած ճնշումները 1955-ին կը գտնուէին Թուրքիոյ օրակարգի առաջին կարգին վրայ։ «Հիւրրիյեթ» թերթը, որ ամենէն ժողովրդականն էր այդ շրջանին, առաջին էջին վրայ կը գրէր, թէ Պոլսոյ յունական համայնքը հանգանակութիւն կը կատարէ եւ այդ գումարները կը փոխանցէ կիպրացի յոյներու ԷՆՈՍԻՍ զինեալ կազմակերպութեան։կազմակերպութեան<ref>http://taraf.com.tr/makale/7774.htm</ref>:
Արտաքին գործոց նախարարութեան իրաւասուները երբ [[Լոնտոն]]ի մէջ կը շարունակէին իրենց բանակցութիւնները [[Կիպրոս (արեւմտահայերէն)|կիպրական]] նիւթին վերաբերեալ, 6 Սեպտեմբեր 1955-ին, ժամը 13։00-ին, ձայնասփիւռի լուրերով<ref name="Koçoğlu, Yahya 2001">[Koçoğlu, Yahya (2001). Azınlık Gençleri Anlatıyor. İstanbul: Metis Yayınları. ISBN 975-342-336-5 s.25-31 Azınlık Gençleri Anlatıyor]</ref> յայտարարուեցաւ, թէ Աթաթիւրքի [[Սալոնիկ (արեւմտահայերէն)|Սելանիկի]] տան մէջ ռումբ մը պայթած է։ (Սելանիկի համալսարանի քաղաքագիտութեան բաժնի ուսանող Օքթայ Էնկին, որ ըստ պնդումներու ռմբակոծած էր Աթաթիւրքի տունը, աւելի վերջ դատապարտուած է ի բացակայութեան։բացակայութեան<ref>[http://yenisafak.com.tr/arsiv/2001/ocak/21/g4.html 6-7 Eylül Olaylarının önemli ismi Oktay Engin'in 21-22 Ocak 2001 tarihli Yeni Şafak gazetesi söyleşisi]-[http://yenisafak.com.tr/arsiv/2001/ocak/22/g5.html devamı] URL eşirim tarihi: 2 Ağustos 2009]</ref>: Օքթայ Էնկին 22 Փետրուար 1992-18 Սեպտեմբեր 1993 թուականներու միջեւ նշանակուած է Նեվշեհիրի կուսակալ)։
 
Ժողովրդավարական կուսակցութեան համախոհ «Իսթանպուլ Էքսփրես» թերթը, որու արտօնատէրն էր Միթհատ Փերին ու խմբագիրը՝ Կէօքշին Սիփահիօղլու<ref name="Koçoğlu, Yahya 2001"/>, երկրորդ հրատարակութիւն մը կատարած է նոյն օրը՝ «Մեր Աթային տունը ռմբակոծուեցաւ» խորագրով։ Թերթին տպաքանակը ընդհանրապէս 20 հազարի շուրջ էր, սակայն Սեպտեմբեր 6-ին հրատարակուած է 290 հազար տպաքանակով։ «Կիպրոսը թուրք է» միութեան անդամները թերթը կը վաճառէին Պոլսոյ մէջ ու զայն կ՚օգտագործէին խուժանի հրահրելու նպատակով։նպատակով<ref name="Koçoğlu, Yahya 2001"/>:
 
Նոյն թիւին մէջ «Կիպրոսը թուրք է» միութեան ընդհանուր քարտուղար Քամիլ Էօնալ գրած էր․ «Հաշիւ պիտի պահանջենք անոնցմէ, որոնք ձեռք կ՚երկարեն սրբութիւններուն։ Որեւէ անպատեհութիւն չենք տեսներ այս մասին հրապարակաւ յայտարարելէ»։<ref name="Koçoğlu, Yahya 2001"/>:
 
«Կիպրոսը թուրք է» միութեան<ref name="6-7 (1)"/> նախաձեռնութեամբ եւ երիտասարդական այլ կազմակերպութիւններու, արհեստի միութիւններու, Ժողովրդավարական կուսակցութեան,<ref name="6-7 (1)"/>, պաշտօնական կամ անպաշտօն մարմիններու թելադրանքով ու խրախոյսով բնիկ հասարակութիւնը եւ այլ վայրերէ քաղաք բերուած զանգուածները 6 Սեպտեմբերի իրիկունը իրականացուցին աւերումի, քանդումի ու թալանի գործուղութիւն մը, որ աննախադէպ էր Թուրքիոյ հանրապետական շրջանի պատմութեան մէջ։
 
Առաջին յարձակումը կատարուեցաւ ժամը 19։00-ի շուրջ, Շիշլիի «Հայլայֆ» ծաղարանին վրայ։վրայ<ref>[http://bianet.org/bianet/medya/149698-6-7-eylul-1955-i-basin-nasil-gordu 6-7 Eylül 1955'i Basın Nasıl Gördü?]</ref>: Այնուհետեւ ստուարացող խուժանը անցնելով Քումքափու, Սամաթիա, Ետիքուլէ, Պէյօղլու եւ այն բազմաթիւ թաղերը, ուր հաւաքաբար կը բնակէին փոքրամասնութիւնները, սկսաւ յարձակիլ ու թալանել նախ յոյներու, ապա ալ հայերու, հրեաներու եւ նոյնիսկ սխալմամբ քանի մը թուրքերու պատկանող խանութները։ Պոլսոյ յոյն համայնքի տուներուն, գործատեղիներուն ու աղօթատեղիներուն ուղղեալ այս յարձակումներու ընթացքին ոստիկանութիւնը բռնեց կրաւորական դիրք մը։ Քաղաքի մէջ յատուկ ինքնաշարժներով, թաքսիներով ու բեռնակարքերով, ինչպէս նաեւ հանրաշարժներով, նաւերով փոխադրուեցան 20-30 հոգինոց կազմակերպեալ խումբերը, որոնք նախապէս գիտէին յոյն քաղաքացիներու հասցէները։ Մինչեւ Մեպտեմբեր 7-ի առաւօտը շարունակուեցան յարձակումները, որոնց արդիւնքին, ներառեալ եկեղեցիներն ու սինակոկները, աւերի ենթարկուեցան աւելի քան 5000 շէնք, միլիոնաւոր տոլար արժողութեամբ ապրանք փողոց նետուեցաւ ու թալանուեցաւ։թալանուեցաւ<ref name="Koçoğlu, Yahya 2001"/>:
 
Պոլսոյ մէջ ամենուր թալանը կատարուեցաւ նոյն կերպով։ Յարձակողները նախ քարկոծելով ջարդեցին փեղկերը կամ երկաթեայ ձողերը բացին յատուկ սարքերու օգնութեամբ, ապա ներսը գտնուող ապրանքը եւ մեքենաները դուրս հանեցին ու ջարդուփշուր ըրին։
Տող 25.
== Վնասներ ==
 
Ըստ թրքական մամուլին՝ 11, կարգ մը յունական աղբիւրներու համաձայն ալ 15 հոգի<ref>քանի մը անձեր, որոնց մասին ըսուած է թէ մահացած են, աւելի վերջ յայտնի դարձած է որ կը բնակին Յունաստանի մէջ</ref> սպաննուած է։ «Սապանճը» համալսարանի դասախօս տքթ․ Տիլեք Կիւվենի «Սապահ» թերթին տուած հարցազրոյցին համաձայն, մահացածներու քանակին նուազութիւնը՝ մահեր չպատճառելու ուղղութեամբ հրոսախումբերուն տրուած հրահանգին պատճառով էր։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու 30, իսկ ըստ անպաշտօն տուեալներու՝ 300 անձ վիրաւորուած է։ Ըստ Կիւվենի, բռնաբարութեան ենթարկուած կանանց թիւը, որ պաշտօնական տուեալներով 60 էր, կ՚ենթադրուի, որ մօտ էր 400-ի, սակայն այդ կիները չեն ուզած խօսիլ այդ մասին՝ վախի կամ ամօթի զգացումէն դրդուած։դրդուած<ref name="DilekGüven">[http://arsiv.sabah.com.tr/2009/02/02/haber,4733EA1B2EA74623B0B3A20E41A2A42B.html "400 Kadına Tecavüz Edildi’", ''Sabah'' gazetesi, URL elişim tarihi: 26 Eylül 2009]</ref>:
 
Յարձակումի ենթարկուած են 4.214 բնակարան, 1.004 գործատեղի, 73 եկեղեցի, սինակոկ մը, երկու վանք, 26 դպրոց, առաւել գործարանի, պանդոկի, պարի նման 5317 վայր։վայր<ref name="6-7 (1)">[http://www.radikal.com.tr/haber.php?haberno=163380 '6-7 Eylül Olayları (1)' 6 Eylül 2005 tarihli Radikal gazetesi URL erişim tarihi: 29 Haziran 2008]</ref>:
 
Կը կարծուի, թէ նիւթական վնասը այդ օրուան արժէքով կազմած է 150 միլիոն-1 միլիառ թրքական լիրա։լիրա<ref>[http://www.scribd.com/doc/27633198/16/Varl%C4%B1k-Vergisi-Zoru-%C4%B0le-Sermaye-Transferi Sermayenin Türkleştirilmesi - Suat Çetinoğlu]</ref>:<!--<ref name="Ayşe"/>--> Ժողովրդավարական կուսակցութեան կառավարութիւնը շուրջ 60 միլիոն լիրա հատուցում վճարած է անոնց, որոնք հաստատած են իրենց կրած վնասը։վնասը<ref name="6-7 (1)"/>:
 
Շրջանի մամուլին համաձայն, ''«բուն յանցագործները յոյներն են, որոնք գրգռած են թուրքերը»''։ Յարձակումի ենթարկուած գործատեղիներէն միայն 59 առ հարիւրը կը պատկանէր յոյներուն, իսկ մնացեալ վայրերը՝ 17 առ հարիւրը հայերուն, 12 առ հարիւրը հրեաներուն, նոյնիսկ դաւանափոխերուն եւ իսլամացած սպիտակ-ռուսերուն։ Այս պարագան իսկ կու գայ հաստատելու, թէ կատարուածը կիպրական իրադարձութիւններուն հետեւանքով յոյներուն ուղղեալ փոքվրէժ մը չէր միայն։
 
== Վաղորդայնը ==
Վարչապետ Ատնան Մենտերես, որ դէպքերու սկսման ժամերուն Պոլիս էր, երբ վիճակը դարձաւ անվերահսկելի՝ կանչուեցաւ Սափանճա, ու պարէտային ժամ հռչակուեցաւ։ Ձերբակալուեցան 3․151 մարդ։ Աւելի ետք այդ թիւը բարձրացաւ 5․104-ի։ի<ref name="Koçoğlu, Yahya 2001"/>:
 
10 Սեպտեմբեր 1955-ին հրաժարեցաւ Ներքին գործոց նախարար Նամըք Կետիք։ Սկզբնական շրջանին հետաքննութիւնը խտացած էր «Կիպրոսը թուրք է» միութեան եւ երիտասարդական կազմակերպութիւններու շուրջ։ Առաջին հարցաքննութիւններն ու դատավարութիւնները կը կատարուէին պարէտային ժամի դատախազներուն կողմէ։ Ժողովրդավարական կուսակցութեան անկումէն ետք սակայն ամբաստանուեցան համայնավարները։համայնավարները<ref name="6-7 (1)"/>: Դատեր յարուցուած են Ազիզ Նեսինի, Նիհատ Սարկընի, Քեմալ Թահիրի, Ասըմ Պեզիրճիի, Հասան Իզզետտին Տինամոյի եւ Հուլուսի Տոստողրուի նման համայնավար գործիչներուն եւ մեռեալ չորս համայնավարներու։ Դատերու աւարտին ամբաստանեալները անպարտ հռչակուեցան եւ անոնցմէ շատեր ազատ արձակուեցան Դեկտեմբեր 1955-ին։ Կարճ միջոց մը ետք «Կիպրոսը թուրք է» կազմակերպութիւնը փակուեցաւ։փակուեցաւ<ref name="Koçoğlu, Yahya 2001"/>: 27 Մայիս 1960-ի պետական հարուածէն ետք, զինուորականներուն կազմակերպած Եասսըատայի դատավարութիւններու ժամանակ մէջտեղ նետուեցաւ այն պնդումը, թէ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը իրենց հունէն դուրս ելած են Ժողովրդավարական կուսակցութեան վարչապետ Ատնան Մենտերեսի սադրանքով։ Զինուորականներու դատարանը այդ դէպքերուն պատճառով եւս դատապարտեց Ժողովրդավարական կուսակցութեան վարչութիւնը։
 
Ըստ տքթ․ Տիլեք Կիւվենի՝<ref name="DilekGüven"/>
Տող 43.
</blockquote>
 
Այս դէպքերէն ետք հազարաւոր յոյներ գաղթեցին [[Թուրքիա (արեւմտահայերէն)|Թուրքիայէ]]։ Յոյն ազգաբնակչութեան նուազումին զուգահեռ, յոյներու տնտեսութեան մէջ ունեցած ազդեցութիւնն ալ տկարացած է եւ, ինչպէս պատահած է փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ նախորդ իրադարձութիւններու ալ ժամանակ, արագացած է թուրքերուն դրամագլուխին տէր ըլլալու ընթացքը։ Քանի մը հազար յոյներ ալ յատկապէս հաստատուած են Մերսին ու Թարսուս։Թարսուս<ref>[http://www.scribd.com/doc/13116917/1955-Memoirs-Erkan-Kiraz Էրքան Քիրազին յուշատետրը] s.46</ref>: Հետզհետէ մնացեալ յոյներն ալ լքած են Պոլիսը։ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ բնակչութեան փոխանակման արդիւնքին 1925-ին շուրջ 100 հազարի նուազած Պոլսոյ յոյն բնակիչներուն թիւը, 2006-ին իջած է մինչեւ 2․500 քաղաքացիի։քաղաքացիի<ref>According to the Human Rights Watch the Greek population in Turkey is estimated at 2,500 in 2006. [http://home.att.net/~dimostenis/greektr.html "From “Denying Human Rights and Ethnic Identity” series of Human Rights Watch"] Human Rights Watch, 2 July 2006.</ref>:
 
''Խճանկար''ի այլաբանութիւնը յաճախ կը գործածուի ցոյց տալու համար Թուրքիոյ հասարակական բազմազանութիւնը։ Յղուելով այս այլաբանութեան, Նամըք Կետիք 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն առթիւ ըսած է․ ''«Խճանկարը ճաթեցաւ»''։<ref>[http://www.milliyet.com.tr/----eylul-sancisi/ilber-ortayli/pazar/yazardetay/01.02.2009/1054009/default.htm Eylül 1955’in sancısı...] İlber ORTAYLI, Milliyet (13.08.2013)</ref>:
 
6-7 Սեպտեմբեր 1955-ի դէպքերը պատճառ դարձաւ, որ յոյները յանգուածային կերպով հեռանան երկրէն։ Պատահարները փոքրամասնութիւններուն համար դարձած էին ապացոյց մը, թէ ընդունուած են որպէս Թուրքիոյ քաղաքացի։ Անոնք, յատկապէս յոյները, որոշած էին գաղթել արտասահման, մտածելով թէ անկախ երկիրը ղեկավարող կուսակցութենէն, ապագային նոյնպէս պիտի ենթարկուին խտրականութեան։ Անոնք իրենք զիրենք ապահով չէին զգար։ Դարեր շարունակ այս հողերուն վրայ բնակող Պոլսոյ ոչ-իսլամ բնիկները՝ հարկադրուած էին լքելու իրենց հայրենիքն ու տունը։ Դէպքերը, զորս չէր ընդունած կառավարութիւնը այդ ժամանակ, 1998-ին ընդունուեցան՝ խորհրդանաին յղուած առաջարկով մը։ Կառավարութիւնը չփափաքեցաւ սակայն վճարել 70 հազար արժող հատուցումը։հատուցումը<ref>[http://arsiv.sabah.com.tr/2005/09/09/gnd118.html Varlık Vergisi ile başladı 6-7 Eylül ile tamamlandı]</ref>:
 
6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն ժամանակ արտակարգ դրութիւնը հսկող մարմնին անդամակցող Սապրի Եիրմիպեշլօղու, որ 1988-1990 թուականներուն եղած է Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, լրագրող Ֆաթիհ Կիւլլափօղլուի հետ կայացած հարցազրոյցի մը ժամանակ 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն մասին յայտարարած է հետեւեալը․
Տող 53.
 
== 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերը եւ հայերը ==
6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն հետեւանքով յոյն համայնքի հետ միասին նիւթական մեծ կորուստներ կրեցին նաեւ հայերը։ Յարձակման ենթարկուած են 1004 տուն, որոնցմէ 150-ը` հայկական, 4214 խանութ-արհեստանոց, որոնցմէ 900-ը` հայկական։ Ուշագրաւ է, որ Պոլսոյ մէջ պատահած իրադարձութիւններուն տագնապը հասած էր նաեւ գաւառահայութեան։ Այդ տարիներուն Ամասիայի Կիւմիւշհաճըգիւղին մէջ բնակող հայ մը կը յիշէ, որ Պոլսոյ դէպքերէն ահաբեկուած մայրը փակ կը պահէր տան դուռը, քանի որ փողոցներուն մէջ շարունակ հակայունական ու հակահայկական կոչեր կը հնչէին։հնչէին<ref>[http://www.ankakh.com/article/?id=3387/%E2%80%8B1955-th--syeptyembyeri-6-7-i-dyepqyere-yev-voch-mahmyedakan-pvoqramasnuthyunnyere-thurqiayum 1955 թ. սեպտեմբերի 6-7-ի դեպքերը և ոչ մուսուլման փոքրամասնությունները Թուրքիայում]</ref>:
 
Արձակագիր [[Զաւէն Պիպեռեան]]ի գլուխ-գործոցը՝ «Մրջիւններու վերջալոյսը» վէպը, 1970-ականներուն հրատարակուած որպէս թերթօն, կը նկարագրէ պոլսահայութիւնը իրեն ենթարկող մթնոլորտին մասին՝ [[Ունեւորութեան Տուրք|Ունեւորութեան տուրքին]] ու 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերուն միջեւ։
 
Պոլսահայ արձակագիր ու հրապարակախօս [[Ռոպէր Հատտէճեան|Ռոպէր Հատտեճեան]] գրելով այս օրերու մասին, կ՚ըսէ․ «6-7 Սեպտեմբերի պատկերը մղձաւանջ մըն է ինծի համար։ Անիկա թուական մըն է որ անտեսանելի կերպով արձանագրուած է կեանքիս օրացոյցին մէջ։ Երբեմն ես ինծի կ’ըսեմ. երանի թէ օրացոյցը 5 Սեպտեմբերէն ուղղակի ցատկէ դէպի 8 Սեպտեմբեր, եւ մղձաւանջը չկարենայ արթննալ այս անգամ։ Բայց ի զուր։ Օրացոյցին վրայ այս երկու թուականները ամէն տարի պիտի յայտնուին անգամ մը։մը»<ref>[https://diasp.org/posts/3367702 Օրացոյցիս վրայ երկու թուականներ]</ref>:
== Մատենագիտութիւն ==