«Օձեր» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 2.
{{Արևելահայերեն|Օձեր}}
Տարբեր տեսակներու հասուն օձերու մարմնի երկարութիւնը 7.5 սմ - 12 մ է, զանգուածը՝ 5 կ - 200 քկ, կեանքի տեւողութիւնը՝ 8-40 տարի։
[[Գանկ|Գանկի]]ի ոսկորները միացած են շարժուն ձեւով, իսկ ստորին [[ծնոտի]] աջ ու ձախ աղեղները՝ ձգուող կապաններով, ինչը կ՛ապահովէ օձերու [[Բերան (արեւմտահայերէն)|բերանի]] լայն բացուածքը, ինչը իրենց կը ձգէ առանց ծամելու՝ մանրացնել եւ կլլել բաւական խոշոր կենդանիներ։ Ակռաները շատ սուր են, կեռանման, հետ ծռուած։ Ողերն ու կողերը բազմաթիւ են, գրեթէ միանման։ [[Կրծքավանդակ]] չունին։ Զուրկ են վերջավորութիւններէ, միայն որոշ տեսակախմբերու մէջ պահպանուած են հետին վերջաւորութիւններու մնացորդներ, որոնք որոշ տեսակներու մոտ արտայայտուած են նաեւ հետանցքի քովը գտնուող զոյգ ճանկերու տեսքով։ Օձերու [[Թոքեր|թոքերըթոքեր]]ը զարգացած են անհամաչափ. աջը սովորաբար ուժեղ զարգացած է եւ կը զբաղեցընէ մարմնի առջեւի 2/3 հատուածը։ [[Շնչառութիւն|Շնչառութիւնը]]ը կը կատարուի մարմնի բոլոր [[Մկաններ|մկաններումկաններ]]ու կծկումներու շնորհիւ։ Անհանգստութեան ժամանակ յառաջացող խորը շնչառումը կ՛ուղեկցէ իւրահատուկ ֆշշոցով։ Արտաքին [[ականջ]] չունին. [[Լսողութիւն|լսողութիւնըլսողութիւն]]ը գրեթէ զարգացած չէ, [[տեսողութիւնը]] զարգացած է համեմատաբար լաւ։ Հիմնական զգայարանը վերին ծնոտի առջեւի մասին մէջ տեղադրուած յակոբսոնեան օրկանն է. օդին մէջ մէնօդ եւ առարկաներու վրայ առկա քիմիական միացութիւններու [[Մոլեքուլներ|մոլեքուլներըմոլեքուլներ]]ը լեզուով հաւաքելով՝ կը փոխանէ յակոբսոնեան օրկաններու մակերեսին, որու միջոցով կը տարբերակէ նիւթերու ծանօթ եւ անծանօթ ըլլալը։ Կը սնուի բացառապէս կենդանական ծագման կերով, այդ կը թուէ լեշերով։
[[Պատկեր:Snakes Diversity.jpg|մինի]]
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Օձեր» էջէն