«Օսմանեան Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} Նախապէս, '''օսմանցի թուրքերը''' թուրանական փոքր ցեղախումբ մըն էին բազմաթիւ ուրիշներու պէս. ԺԳ....»:
(Տարբերութիւն չկայ)

12:23, 11 Դեկտեմբեր 2015-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ

Նախապէս, օսմանցի թուրքերը թուրանական փոքր ցեղախումբ մըն էին բազմաթիւ ուրիշներու պէս. ԺԳ. դարուն, մոնկոլական արշաւանքներու հետեւանքով, ստիպուեցան լքել իրենց բնակավայրը՝ Թուրքեստանը եւ գաղթել դէպի Փոքր Ասիա, որ այն ատեն կը գտնուէր սելճուք թուրքերու տիրապետութեան տակ:

Ստեղծում

Օժանդակած ըլլալով սելճուքներու սուլթանին, կռուի մը ընթացքին, զոր ան կը մղէր մոնկոլներու դէմ, օսմանցի թուրքերու պետը՝ Էրթողրուլ (չշփոթել ԺԱ. դարու սելճուք թուրքերուն պետին հետ), արտօնութիւն ստացաւ իր ցեղախուբով հաստատուելու ներկայ Էսկի Շէհիրի շրջանին մէջ:

Օսմանցի թուրքերը, որոնք իրենց կորովով, կարգապահութեան ոգիով, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական որոշ յատկութիւններով ամէնէն նշանաւորը հանդիսացան թուրանական ժողովուրդներուն, երկու դարու ընթացքին պիտի յաջողէին հաստատել մեծ կայսրութիւն մը: Անշուշտ շնորհիւ նաեւ բացառիկ պայմաններուն, որ մեծապէս նպաստեցին իրենց: ԺԳ. դարու վերջը սելճուք թուրքերու կայսրութիւնը, որ կ'իշխէր ամբողջ Փոքր Ասիոյ, քայքայուեցաւ եւ վերածուեցաւ թուրանական փոքր պետութիւններու, ինչ որ վերջին ծայր դիւրացուց օսմանցի թուրքերու գործը: