«Օսմանեան Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 8.
Օժանդակած ըլլալով սելճուքներու սուլթանին, կռուի մը ընթացքին, զոր ան կը մղէր մոնկոլներու դէմ, օսմանցի թուրքերու պետը՝ [[Էրթողրուլ]] (չշփոթել ԺԱ. դարու սելճուք թուրքերուն պետին հետ), արտօնութիւն ստացաւ իր ցեղախուբով հաստատուելու ներկայ Էսկի Շէհիրի շրջանին մէջ։
 
Օսմանցի թուրքերը, որոնք իրենց կորովով, կարգապահութեան ոգիով, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական որոշ յատկութիւններով ամէնէն նշանաւորը հանդիսացան թուրանական ժողովուրդներուն, երկու դարու ընթացքին պիտի յաջողէին հաստատել մեծ կայսրութիւն մը։ Անշուշտ շնորհիւ նաեւ բացառիկ պայմաններուն, որ մեծապէս նպաստեցին իրենց։ ԺԳ. դարու վերջը սելճուք թուրքերու կայսրութիւնը, որ կ'իշխէր ամբողջ Փոքր Ասիոյ, քայքայուեցաւ եւ վերածուեցաւ թուրանական փոքր պետութիւններու, ինչ որ վերջին ծայր դիւրացուց օսմանցի թուրքերու գործը։ Միւս կողմէ, բիւզանդական կայսրութիւնը անկումի մէջ էր։ Ներքին պայքարներով պառակտուած, խաչակիրներու Պոլիս մուտքով տկարացած՝ ԺԲ. եւ ԺԳ. դարերուն ան չկրցաւ մինչեւ իսկ այն նուազագոյն ճիգը ընել, որ պիտի բաւէր սելճուքները Փոքր Ասիայէն վտարելու<ref>http://www.britannica.com/place/Ottoman-Empire</ref><ref>http://www.allaboutturkey.com www.allaboutturkey.com</ref>:
 
Էրթողրուլի յաջորդող իր որդին՝ Ղազի Օսման Ա., օգտուելով [[Բիւզանդիոն|Բիւզանդիոնի]]ի տկարութենէն, ԺԴ. դարու զկիսբը ընդարձակեց օսմանցի թուրքերու հողամասը ի վնաս այն ստացուածքներուն, որ Փոքր Ասիոյ մէջ կը մնար Բիւզանդիոնի<ref>http://www.theottomans.org/english/history/empire.asp</ref>:
 
Իր յաջորդը՝ Օրխան Ա. գրաւեց Պրուսան, որ դարձաւ օսմանցի թուրքերու մայրաքաղաքը, յետոյ Նիկիան եւ Նիկոմիտիան։ Այսպէսով ԺԳ. դարու կեսերուն Բիւզանդիոն կորսնցուցած էր Փոքր Ասիոյ իր վերջին հողամասերն ալ։ Բայց օսմանցի թուրքերու պետութիւնը կը մնար փոքր պետութիւն մը, որ իր մէջ կ'առներ միայն Պրուսայի շրջանը, Նիկիան, Իզմիտը եւ Էսկի Շէհիրը։