«Օսմանեան Կայսրութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Ռոբոտ․ Տեքստի ավտոմատ փոխարինում (- , +,, -, +, , - + )
Տող 20.
ԺԵ. դարու սկիզբը սկիզբը Պայազիտ Ա. Կը պատրաստուէր յարձակելու Պոլսոյ վրայ, երբ տեղի ունեցաւ, Լենկթիմուրի գլխաւորութեամբ, մոնկոլական երկրորդ մեծ արշաւանքը: Ինչպէս յիշեցինք, Պայազիտ Ա. Իր բանակով դէմը ելաւ Լենկթիմուրի, որ Հայաստանէն կու գար, իր անցքին վրայ ամէն ինչ բնաջնջելով: երկու բանակներուն ճակատամարտը, օսմանցի թուրքերունը Պայյազիտի եւ մոնկոլներունը Լենկթիմուրի հրամանատարութեան տակ, տեղի ունեցաւ Անգարայի մէջ (1402) եւ վերջացաւ թրքական բանակի պարտութեամբ: Պայազիտ Ա. Գերի ինկաւ: Լենկթիմուրի, ինչպէս ծանոթ է, ուղղուեցաւ դէպի արեւելք եւ ճամբան մեռաւ : իր կայսրութիւնը անդամահատուեցաւ: Իր արկածախնդրութիւնը այն հետեւանքը ունեցաւ սակայն, որ Պոլսոյ անկումը յիսուն տարի ուշացուց:
Մոհամէտ Ա. Եւ Մուրատ Բ., Պայազիտի յաջորդները, շատ չանցած կրցան վերահաստատել օսմաեան պետութիւնը եւ շարունակել անոր տարածումը: Մուրատ Բ., Պոլիսը գրաւելու ապարդիւն փորձէ մը ետք, հունգարացիները ջախջախեց վառնայի մէջ (1444), ապա գրաւեց Պոսնիան:Այսուհանդերձ Ալպանիոյ մէջ օսմանցի թուրքերը բախեցան լեռնային այս ժողովուրդի սքանչելի մէկ դիմադրութեան, ղեկավարուած իրենց ազգային մեծ հերոսին՝ Սքանտէր պէկի կողմէ: Ան մեծցած էր սուլթան Մուրատ Բ.ի պալատին մէջ, իսլամական կրօնքով: իր երկիրը դառնալով՝ան վերադարձաւ իր հայրերու կրօնքին, անցաւ իր ժողովուրդին գլուխը եւ կրցաւ դէմ դնել թրքական ուժերուն: Օսմանցիները անոր մահէն ետք միայն յաջողեցան տիրել Ալպանիոյ, 1467ին:
Մուրատ Բ.ի որրինորին եւ յաջորդը Մոհամէտ Բ. Ուզեց աւարտել իր նախորդներուն սկսած գործը՝ գրաւելով Պոլիսը: 1453 Մայիս 29ին, 200.000 հոգինոց բանակով մը եւ երկու ամիս տեւող յիշատակելի պաշարումէ մը ետք ան գրաւեց Պոլիսը: Բիւզանդական փոքր բանակը, լքուած իրենց ճակատագրին, հերոսական դիմադրութիւն մը ցոյց տուին, փրկելով գէթ իրենց պատիւը:
 
 
== Աղբիւրներ ==