«Ֆա­յէզ Ալ Ղու­սէյն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ oգտվելով ԱՎԲ
Տող 54.
 
== Կենսագրութիւն ==
Նախ կը յաճախածէ Դամասկոսի տարրական դպրոցը, ապա ուսումը կը շարունակէ [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] ցեղային դպրոցը եւ Թագաւորական Գոլէճը: Մինչեւ ''Առաջին համաշխարհային պատերազմ'', կարճ ժամանակ աշխատած է [[Դամասկոս (արեւմտահայերէն)|Դամասկոս]]ի նահանգապետի գրասենեակէն ներս<ref>[http://www.aztagarabic.com/archives/18448 فائز الغصين]{{W/Ref-ar}}</ref>, որմէ ետք վարած է Խարբերդի գաւառապետի տեղեկալի պաշտօնը: [[Խարբերդ (արեւմտահայերէն)|Խարբերդ]]ի գաւարապետի պաշտօնը երեք ու կէս տարի վարելէ ետք, Դամասկոսի մէջ կը սկսի փաստաբանական աշխատանքին:
 
Ֆա­յէզ Ալ Ղու­սէյն անձամբ տեսնելով [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|Օսմանեան պետութեան]] խտրական քաղաքականութիւնը արաբներու, հայերու եւ այլ հպատակ ազգերու նկատմամբ՝ կը հիասթափուի Թուրք իշխանաւորներէն: Թուրք գերիշխանութեան դէմ պայքարելու համար, ան կը մասնակցի լեռնային [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]]ի մէջ կազմուած արաբական ազատագրական կազմակերպութիւններուն: Երիտասարդ արաբները կը ձերբակալուին եւ կը նետուին [[Տիգրանակերտ (արեւմտահայերէն)|Տիգրանակերտ]]ի բանտը: Ան կ՛ազատի բանտէն [[Ռուսաստան (արեւմտահայերէն)|ռուս]]երու յարձակման եւ թուրքերու պարտութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրադաձութիւններու ժամանակ: Ապրելով [[Տիգրանակերտ (արեւմտահայերէն)|Տիգրանակերտ]]ի մէջ, ան ականատես եղած է հայերուն դէմ կատարուած խժդժութիւններուն, գրի առած է շատ դէպքեր:
 
Ան, որ խորապէս ըմբռնելով [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|Օսմանեան Կայսրութեան]] Հայերուն նկատմամբ կատարած բռնութիւններն ու ոչնչացման քաղաքականութիւնը, եւ իր մաշկին վրայ կրելով բռնատիրութեան գործած չարիքը կը գրէ այդ բոլորին մասին: [[1916]] թուկանին արաբական «Մուկատամ» թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ յօդուած մը, Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնի «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքին մասին: Յօդուածէն ընդարձակ քաղուածքներ ռուսերէն թարգմանութեամբ կը հրատարակուին [[Մոսկուա]]յի պարբերաթերթերու մէջ:
 
== «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքը ==
Ղուսէյնի ականատեսի վկայութիւնները լոյս կը տեսնէ առաջին անգամ 1917 թուականին մի քանի լեզուներով՝ «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքին մէջ, որուն երկրորդ վերնագիրն է՝ «Ջարդերը Հայաստանի Մէջ», «Ականատեսի Վկայութիւններ»:
 
«Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքը սկիզբը լոյս կը տեսնէ [[Ֆրանսերէն|ֆրանսերէն]]՝ [[Պոմպէյ]], 1917 թուականին ապա [[Անգլերէն|անգլերէն]]<ref>[http://www.genocide-museum.am/eng/eye_witnesses2.php ARAB EYEWITNESS FAYEZ ALGHUSSEIN ABOUT THE ARMENIAN GENOCIDE]{{W/Ref-en}}</ref>: Յաջորդ տարին, եւ այնուհետեւ [[1922]]-ին որոշ լրացումներով կը հրատարակուի [[Գերմաներէն|գերմաներէն]]:
 
[[1960]]-ին գիրքը լոյս կը տեսնէ [[Հայերէն|հայերէն]], [[Գահիրէ]]ի մէջ, թարգմանութիւնը ֆրանսերէնէն, ծանօթագրութիւնը կատարած է Գ. Պասմաճեան: [[1965]]-ին երկրորդ անգամ կ՛արտատպուի ֆրանսերէն, [[Պէյրութ]]:
 
=== Գիրքը գրելու դրդապատճառները ===
Գիրքին բովանդակութիւնը հիմնուած է իր տեսած ու գրի առած դէպքերուն, թուրք իշխանութիւններու հակահայկական ընթացքին որ կը հետապնդէր ստրկացնել հայ ժողովուրդը, խեղդել Արեւմտահայութեան վերելք ապրող ազգային ազատագրական պայքարը. ինչպէս նաեւ պաշտօնատար անձերու, զինուորական գործիչներու հաղորդած տեղեկութիւններուն ու պաշտօնական փաստաթուղթերու վրայ:
 
=== Գիրքէն վերնագիրներ ===