«Ֆա­յէզ Ալ Ղու­սէյն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ Ռոբոտ․ Տեքստի ավտոմատ փոխարինում (- , +,, -, +, , - + )
Տող 54.
 
== Կենսագրութիւն ==
Նախ կը յաճախածէ Դամասկոսի տարրական դպրոցը, ապա ուսումը կը շարունակէ [[Կոստանդնուպոլիս (արեւմտահայերէն)|Պոլսոյ]] ցեղային դպրոցը եւ Թագաւորական Գոլէճը: Մինչեւ ''Առաջին համաշխարհային պատերազմ'', կարճ ժամանակ աշխատած է [[Դամասկոս (արեւմտահայերէն)|Դամասկոս]]ի նահանգապետի գրասենեակէն ներս<ref>[http://www.aztagarabic.com/archives/18448 فائز الغصين]{{W/Ref-ar}}</ref>, որմէ ետք վարած է Խարբերդի գաւառապետի տեղեկալի պաշտօնը: [[Խարբերդ (արեւմտահայերէն)|Խարբերդ]]ի գաւարապետի պաշտօնը երեք ու կէս տարի վարելէ ետք, Դամասկոսի մէջ կը սկսի փաստաբանական աշխատանքին:
 
Ֆա­յէզ Ալ Ղու­սէյն անձամբ տեսնելով [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|Օսմանեան պետութեան]] խտրական քաղաքականութիւնը արաբներու, հայերու եւ այլ հպատակ ազգերու նկատմամբ՝ կը հիասթափուի Թուրք իշխանաւորներէն: Թուրք գերիշխանութեան դէմ պայքարելու համար, ան կը մասնակցի լեռնային [[Լիբանան (արեւմտահայերէն)|Լիբանան]]ի մէջ կազմուած արաբական ազատագրական կազմակերպութիւններուն: Երիտասարդ արաբները կը ձերբակալուին եւ կը նետուին [[Տիգրանակերտ (արեւմտահայերէն)|Տիգրանակերտ]]ի բանտը: Ան կ՛ազատի բանտէն [[Ռուսաստան (արեւմտահայերէն)|ռուս]]երու յարձակման եւ թուրքերու պարտութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրադաձութիւններու ժամանակ: Ապրելով [[Տիգրանակերտ (արեւմտահայերէն)|Տիգրանակերտ]]ի մէջ, ան ականատես եղած է հայերուն դէմ կատարուած խժդժութիւններուն, գրի առած է շատ դէպքեր:
 
Ան, որ խորապէս ըմբռնելով [[Օսմանեան Կայսրութիւն (արեւմտահայերէն)|Օսմանեան Կայսրութեան]] Հայերուն նկատմամբ կատարած բռնութիւններն ու ոչնչացման քաղաքականութիւնը, եւ իր մաշկին վրայ կրելով բռնատիրութեան գործած չարիքը կը գրէ այդ բոլորին մասին: [[1916]] թուկանին արաբական «Մուկատամ» թերթին մէջ լոյս կը տեսնէ յօդուած մը, Ֆայէզ Էլ Ղուսէյնի «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքին մասին: Յօդուածէն ընդարձակ քաղուածքներ ռուսերէն թարգմանութեամբ կը հրատարակուին [[Մոսկուա]]յի պարբերաթերթերու մէջ:
 
== «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքը ==
Ղուսէյնի ականատեսի վկայութիւնները լոյս կը տեսնէ առաջին անգամ 1917 թուականին մի քանի լեզուներով՝ «Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքին մէջ, որուն երկրորդ վերնագիրն է՝ «Ջարդերը Հայաստանի Մէջ», «Ականատեսի Վկայութիւններ»:
 
«Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» գիրքը սկիզբը լոյս կը տեսնէ [[ֆրանսերէն]]՝ [[Պոմպէյ]], 1917 թուականին ապա [[անգլերէն]]<ref>[http://www.genocide-museum.am/eng/eye_witnesses2.php ARAB EYEWITNESS FAYEZ ALGHUSSEIN ABOUT THE ARMENIAN GENOCIDE]{{W/Ref-en}}</ref>: Յաջորդ տարին, եւ այնուհետեւ [[1922]]-ին որոշ լրացումներով կը հրատարակուի [[գերմաներէն]]:
 
[[1960]]-ին գիրքը լոյս կը տեսնէ [[հայերէն]], [[Գահիրէ]]ի մէջ, թարգմանութիւնը ֆրանսերէնէն, ծանօթագրութիւնը կատարած է Գ. Պասմաճեան: [[1965]]-ին երկրորդ անգամ կ՛արտատպուի ֆրանսերէն, [[Պէյրութ]]:
 
=== Գիրքը գրելու դրդապատճառները ===
Տող 71.
 
=== Գիրքէն վերնագիրներ ===
«Հերոսական Հայութեան Անցեալէն» հրատարակուած եւ վերահրատակուած աշխատութենէն վերնագիրներ՝ «Ջարդերու Տարբեր Ձեւերը», «Զինուորականներու Եւ Ցեղախումբերու Բարբարոսութիւնները», «Պատանիներ, Որոնք Կը Մեռնին Սովէն Եւ Ծարաւէն», «Թրքացած Հայուհիներ», «Կանանց Քարավանը», «Մէկ Գիշերուայ Հիւրընկալութիւնը 50 Ոսկի», «Ոճրագործ Դատաւորը», «Վիճակագրութիւն Հայկական Ջարդերու»:
 
=== Անձնական վկայութիւններ ===
Ֆա­յէզ Ալ Ղու­սէյն անդրադառնալով թուրքերուն գործադրած բարբարոսական արարքներուն, ան արաբ ականատեսի մը վկայութիւնը մէջբերելով կը նկարագրէ՝ թէ ինչպէս թուրքերը օրը ցերեկով կը յարձակէին աքսորի քաշուող կանանց վրայ, կը կողոպտէին, կը հանէին իրենց հագուստները, լրիւ կը մերկացնէին: Իսկ անոնք՝
{{քաղվածք|մահը ամօթէն գերադասելով, իրենք զիրենք կը նետէին [[Եփրատ գետ (արեւմտահայերէն)|Եփրատ]]ի ջուրերուն մէջ:|}}
{{քաղվածք|Հայ Կանայք այնպիսի հրոսութիւն եւ կամքի այնպիսի վեհութիւն ունէին, որով օժտուած չեն շատ տղամարդիկ:|կ՛եզրակացնէ ականատեսը}}
 
Հայերը ոչնչացնելու թուրքերուն կիրառած սարսափելի արարքներուն մասին, թէ ինչպէս կը գործադրուէին հայկական ջարդերն ու կոտորածները, արաբ գրողը կը պատմէ.
{{քաղվածք|Կառավարութիւնը [[Հալէպ]]էն օգնական բանակ կը պահանջէ , եւ Ֆախրի Փաշա , հրաման կը ստանայ Սուրիոյ տխրալիօրէն հանրածանօթ Ճեմալ Փաշայէն, զսպելու ըմբոստները: Ան աճապարեց երթալու [[Ուրֆայի Հերոսամարտ (արեւմտահայերէն)|Ուրֆա]], ուր թնդանօթի հարուածներով հիմնայատակ կործանեց հայկական թաղերը՝ կոտորելով այր մարդիկ, երախաները եւ կիները, առանց խտրութեան, բացի անոնցմէ որոնք զինուորներուն յանձնուեցան:Ֆախրի Փաշան անոնցմէ ամէնէն գեղեցիկները զատեց իրեն ու իր սպաներուն: Եւ միւսները տարագրուեցան յանձնուելու համար կամ զինուորականութեան կամ մահուան:|}}
Անդրադառնալով հայ մտաւորականութեան սպանութիւններուն, ան կը պատմէ, թէ թուրքերը հրամայած էին զիրենք «սպաննել ճանապարհին», յետոյ լուր կը տարածեն, իբրեւ թէ « ելուզակները սպանեցին»:
 
Իսկ ինչ կը վերաբերի վիճակագրական տուեալներուն, իր բերած փաստարկներուն հիման վրայ, ան կը հերքէ Թուրքական պաշտօնական հաղորդագրութիւնները, մասնաւորապէս [[Թալէաթ Մեհմեթ Փաշա|Թալէադ]]ի յայտարարութիւնները հայերու զոհերու քանակի մասին ապացուցելով, որ՝ {{քաղվածք|Կոտորածի, աքսորի, սովի մատնուած հայերուն թիւը եղած է 1. 200. 000: Իսկ Հալէպ, Մուսուլ, Դամասկոս եւ Տէր Զօրի մօտ բռնագաղթուած հայերու թիւը կը կազմէր 492 . 000 մարդ:|}}
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
Տող 88.
 
== Աղբիւրներ ==
* Ա. Ն. Մնացականեան, «Հայ Ժողովուրդի Ողբերգութիւնը», էջ 154:
* Ծ. Աղ., « Հայ Ժողովուրդի Ազադագրական Պայքարի Պատմութիւն, էջ 476 - 477 - 481 - 482: