«Ֆրետերիք Ֆէյտի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 5.
== Կենսագրութիւն ==
 
Պատանեկութեան օրերուն Ֆէյտի վայելած էր պարկեշտ հայ ընտանիքի մը դրացնութինը, որոնց հեռացումէն ետք տան մէջ մոռցուած երկու գիրքերը հետաքրքութիւն կ'առաջացնեն Ֆէյտիի մօտ: Գիրքերէն մէկն է՝ Յ. Գազանճեանի «Քերականութեան առաջին ընթացք»-ը, միւսը՝ [[Եղիա Տէմիրճիպաշեան|Եղիա Տէմիրճիպաշեանի]] «Ֆրանսերէն-հայերէն» փոքր բառարան մը: Պատանի Ֆէյտէ այդ բառգիրքին շնորհիւ յաջողեցաւ կարդալ հայերէն լեզուն եւ Յ. Գազանճեանի քերականութիւնը: Իր հայագիտական կոչումին սկզբնական եւ մեծագոյն ուսուցչապետը եղած է Կրանսէյն Տ'Օդրիւ( Gransaignesd ’Hauterives)
Հետեւած է արեւելեան լեզուներու վարժարանի դասընթացքներուն: Աշակերտած է հայագէտ Ֆրետերիք Մաքլէրին: Նոյն ատեն արձանագրուած է institut Catholique, ուր կը դասախօսէր հայր Մարիէս: Միանգամ այն հետեւեցաւ Ecole des Hautes Etudes-ի մեծահանբաւ հայագէտ Մէյէի դասախօսութիւններուն:
Արեւելեան լեզուներու վարժարանը հիմնադրուած էր 198-ին, ֆրանսական յեղափոխութեան Directoire-ին կողմէ: Նոյն տարին Նափոլէոն Պոնափարթի անձնական պահանջքին վրայ, հայերէն լեզուի ամբպիոն մըն ալ բացուեցաւ վարժարանին յարակից:
Տող 14.
1949-ին ստանձնած է Արեւելեան լեզուներու վարժարանի եւ Սորպոնի համալսարանի հայկական վարչութիւնը, զոր պահեց մինչեւ 1977:
Իր աշակերտներէն են Շարլ Տէվսէթ, Նինա Կարսոյեան, Հայր. Հ. Քոլվենպախ: Իր աշակերտներէն Ժան Փիէր Մահէ զինք փոխարինեց որպէս վարիչ հայագիտական ամպիոի-ին որպէս խմբագիր Revue des Etudes Armeniennes-ի:
Արժանացած է ֆրանսական պետութեան Decteur esLetres et Sciences Humanites: Մասնակցած է Հայաստանի մէջ բազմաթիւ հայագիտական համագումարներու կամ սեմինարներու:
 
== Գործերը ==