«Ֆրետերիք Ֆէյտի» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 2.
 
{{Արևելահայերեն|Ֆրեդերիկ Արման Ֆեյդի}}
'''Ֆրետերիք Ֆէյտի''' (15 ապրիլի [[1908]], [[Փարիզ |Փարիզ]] - 11 մայիսի , 1991), ֆրանսահայ հայագէտ, լեզուաբանական գիտութեան գագաթին հասած հեղինակութիւն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր ([[1973]]), դեսպան հայ մշակոյթին:
 
== Կենսագրութիւն ==
 
Պատանեկութեան օրերուն Ֆէյտի վայելած էր պարկեշտ հայ ընտանիքի մը դրացնութինը, որոնց հեռացումէն ետք տան մէջ մոռցուած երկու գիրքերը հետաքրքութիւն կ'առաջացնեն Ֆէյտիի մօտ: Գիրքերէն մէկն է՝ [[Յ. Գազանճեան |Յ. Գազանճեանի]] «Քերականութեան առաջին ընթացք»-ը, միւսը՝ [[Եղիա Տէմիրճիպաշեան|Եղիա Տէմիրճիպաշեանի]] «Ֆրանսերէն-հայերէն» փոքր բառարան մը: Պատանի Ֆէյտէ այդ բառգիրքին շնորհիւ յաջողեցաւ կարդալ հայերէն լեզուն եւ Յ. Գազանճեանի քերականութիւնը: Իր հայագիտական կոչումին սկզբնական եւ մեծագոյն ուսուցչապետը եղած է [[Կրանսէյն Տ'Օդրիւ]]( Gransaignesd ’Hauterives):
Ֆրետերիք Ֆէյտի հետեւած է արեւելեանԱրեւելեան լեզուներուԼեզուներու վարժարանի դասընթացքներուն: Աշակերտած է հայագէտ [[Ֆրետերիք Մաքլէր |Ֆրետերիք Մաքլէրին]]: Նոյն ատեն արձանագրուած է institutInstitut Catholique, ուր կը դասախօսէր հայր Մարիէս: Միանգամ այն հետեւեցաւ Ecole des Hautes Etudes-ի մեծահանբաւ հայագէտ Մէյէի դասախօսութիւններուն:
Արեւելեան լեզուներու վարժարանը հիմնադրուած էր 1798-ին, ֆրանսական յեղափոխութեան Directoire-ին կողմէ: Նոյն տարին Նափոլէոն Պոնափարթի անձնական պահանջքին վրայ հայերէն լեզուի ամբպիոն մըն ալ բացուեցաւ վարժարանին յարակից: 1937-ին Ֆէյտէ Ս. Ղազարի կաճառի անդամ ընդունուած է:
Ֆէյտի հայերէն լեզուի ամպիոնի ութերորդ վարիչը եղաւ եւ 28 տարի անընդհատ վարեց նոյն պաշտօնը (1949-1977):
 
Հայերէն լեզուով առաջին հրապարակային դասախօսութիւնները տուաւ Փարիզի մէջ, [[1937]]-ին Հեթւմ[[Հեթում պատմիչ |Հեթում պատմիչի]] մասին:
1941-ին աւարտած է [[Սորպոն |Սորպոն]] համալսարանը, որմէ ետք մտաւ գիտական հետազօտութիւններու կեդրոն, ուր մինչեւ 1949 նուիրուեցաւ հայ գրականութեան եւ հայոց պատմութեան մարզերէն ներէս գիտախուզական աշխատանքներուն:
1949-ին ստանձնած է Արեւելեան լեզուներու վարժարանի եւ Սորպոնի համալսարանի հայկական վարչութիւնը, զոր պահեց մինչեւ [[1977]]:
Իր աշակերտներէն են Շարլ Տէվսէթ, Նինա Կարսոյեան, հայր. Հ. Քոլվենպախ եւ [[Ժան Փիէր Մահէ |Ժան Փիէր Մահէ]]: Վերջինս զինք փոխարինեց որպէս վարիչ հայագիտական ամպիոնին եւ որպէս խմբագիր Revue des Etudes Armeniennes-ի:
Արժանացած է ֆրանսական պետութեան Decteur esLetres et Sciences Humanites տիտղոսին: Մասնակցած է Հայաստանի մէջ բազմաթիւ հայագիտական համագումարներու կամ սեմինարներու:
 
Տող 19 ⟶ 20՝
 
* Առաջին գործը եղած է «Հայոց Լեզուի Քերականութիւն Արեւմտեան Աշխարհաբարի»(1935):
* Հրատարակած է «Հայոց Լեզուի Ձեռնարկ Արդի Արեւմտահայերէնի» (1948), որ վերատեսութեամբ, որ վերատեսութեամբ վերահրատարակուած է [[1969]]-ին:
* 1957-ին հիմնաւորուած գրական վերլուծութեան ենթարկած է «Հայ ժողովրդական բանահիւսութիւնը»:
* Պատմագիտական ուսումնասիրութիւն նուիրած է [[Փաւստոս Բիւզանդ |Փաւստոս Բիւզանդ]] «Հայոց Պատմութիւն» գիրքի առնչութեամբ:
* 1961-ին Ե. Օտեանի «Ընկեր փանջունի, Առաքելութիւն ի ծապլվար» գիրքը թարգմանած է ֆրանսերէնի:
* 1964-ին գրած է «Խոհեր Մեսրոպի Այբուբենի մասին», որ վերամշակուած է 1982-ին:
* 1964-ին լոյս տեսած է իր David de sasoun Սասունցի դաւիթ համահաւաք բնագիրի թարգմանութիւնը, որ նոյն տարին UNESCO-ի«Դիւցազնավէպերու մրցանք»-ին մասնակցեցաւ ու ստացաւ պատուոյ ցանկին առաջին տեղը եւ արժանացաւ հրատարակութեան UNESCO-ի ծախսերով:
* Ֆէյտէ ուսումնասիրութիւններ ունի Յակոբ պարոնեանիՊարոնեանի, Երուանդ Օտեանի,ՎարուժաիՎարուժանի եւ Ա. Չոպանեանի նուիրուած: Ունի նաեւ մեծ թիւով ուսումնասրութիւններուսումնասիրութիւններ հայկական բարբառներու մասին:
* 1976-ին լոյս տեսաւ Ֆէյտիի «Դասական հայերէնի հոլովման համակարգը» գործը:
* 1986-ին «Բուժժանքներ Քրիստոնեայ Հայաստանի» գործը: